SlideShare a Scribd company logo
1 of 32
Download to read offline
ԻՐ ԾՆՆԴԵԱՆ 80-ՐԴ
ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Ի ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԿԻՍԱԴԱՐԵԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ
ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՈՒՈՒԻ
ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ
ՈՍԿԷ ՄԵՏԱԼՈՎ ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ
ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
ԳԱՐԵԳԻՆ Բ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՈՎ
Դեկտեմբեր 19-ին, Գանատահայոց Առաջնորդարանի
գլխաւո ր դ ահ լ իճի ն մէջ, Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար
Եպիսկոպոս Յովակիմեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ Նոր
Տարուայ եւ Ս. Ծնունդի տօներու առիթով Առաջնորդի
տարեկան հիւրասիրութիւնը որուն ներկայ էին Թեմական,
Ծխական եւ գաղութի տարբեր կազմակերպութեանց ու
գործօն ազգայիններու կարեւոր թիւ մը:
Այդ առիթով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախաձեռ-
նութեամբ յատուկ պատիւի արժանացան կարգ մը ազգա-
յիններ: Յատուկ կերպով պատուի արժանացաւ Գանատա-
հայ եւ Սփիւռքահայ ծանօթ ազգային Դոկտ. Արշաւիր
Կէօնճեան, որ վերջերս նշեց իր ծննդեան 80-րդ տարե-
դարձը:
Դոկտ. Կէօնճեան քաջածանօթ է գանատահայութեան
ինչպէս նաեւ Սփիւռքի եւ Հայրենիքի տարածքին աւելի քան
կէս դարուայ վրայ տարածուած իր եզակի բազմերանգ ազ-
գային եկեղեցական ծառայութեանց եւ իրագործումներուն
կապակցութեամբ: Այս առիթով ՀՀ Սփիւռքի Նախարարու-
թիւնը զինք պատուած էր իր ոսկէ մետալով, իսկ Հայոց
Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ կաթողիկոսը յղած էր իր
Օրհնութեան Գիրը:
Տեղին է յիշել այստեղ թէ տարիներու ընթացքին Դոկտ.
Կէօնճեան արժանացած է ազգային բազմաթիւ բարձր
Շար. էջ 3
A X G A | I N % M < A K O U J A | I N : U F A S A R A K A K A N < A B A J A J : R J
LX& TARI JIU 2015-2016 :RKOU<ABJI% 28 D:KT:MB:R 2015 :U 4 |OUNOUAR 2016
• VOL. XXXVI, NO 2015-16 • LUNDI, 28 DEC. 2014 & 4 JAN. 2015 • MONDAY, DEC. 28, 2014 & JAN. 4, 2015
Srbaxan Fare ke ˜o.anzh Dokt& Ar,auir Khøny;anin FF
S˜iu®qafaouj;an Na.ararouj;an bar]ragon oskh m;tale
NOR TAROUAN NA>A<:MIN^
+:RMAPHS KE <NORFAUOR:NQ M:R ENJ:RZO{N:RE%
I SRTH MA{J:LOW^ OR 2016 JOUAKANE BAR:B:R% ØRFNAB:R
:U >A{A{ TARI ME ELLA| FAMA|N FA|OUJ:AN
I FA|ASTAN :U I SˆIUÂS A<>ARFI
1915-2015
FA|OZ
Z:{ASPANOUJ:AN
100-RD TAR:DAR}
KE |I<:M :U KE PAFAN+:M
Շաբաթ` 19 Դեկտեմբերի
գիշերը, ատրպէյճանական
ներթափանցման գործողու-
թիւններու պատճառով ղա-
ր ա բ ա ղ ե ա ն - ա տ ր պ է յ ճ ա -
նական սահմանագօտիին
վրայ զոհուած է 19-ամեայ
զինուոր Ֆիտար Ալոյեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հան-
րապետութեան պաշտպա-
նութեան նախարարութիւնը
կը փոխանցէ, որ գիշերային
գործողութիւններու պատ-
ճառով Ատրպէյճան առնը-
ւազն երկու սպաննուած եւ
քանի մը վիրաւոր ունի:
Ներթափանցման փորձէն
անմիջապէս ետք, աշխա-
տանքային այցելութեամբ
Ղարաբաղ մեկնեցաւ Հա-
յաստանի պաշ տ պ ա ն ո ւ -
թեան նախարա ր Սէյր ա ն
Օհանեան: Լեռնային Ղա-
րաբաղի պաշտպանութեան
նախարարութեան փոխան-
ցումով, Օհանեան Լեռնային
Ղարաբաղի իր պաշտօնա-
կից, հազարապետ-զօրա-
վար Լեւոն Մնացականեանի
ուղեկցութեամբ, «հայկա-
կան զոյգ հանր ա պ ե տ ո ւ -
թիւններու զինուորական
համագործակցութեան եւ
գործողութիւններու համա-
դըրման ծրագիրի շրջագի-
ծին մէջ ծանօթացած է սահ-
մ ա ն ա յի ն ի ր ա դ ր ո ւ թ ե ա ն ,
հակառակորդի ոտնձգու-
թ ի ւ ն ն ե ր ո ւ ն , ա յս ո ւ հ ե տ ե ւ
նպատակային կերպով հա-
կազդելու ուղղութեամբ տա-
րուող աշխատանքներուն,
հանդիպումներ ունեցած է
հրամանատարական կազ-
մ ի ն ե ւ պ ա յմ ա ն ա գր ա յի ն
զինուորական ծառայողնե-
րու հետ»:
Թշնամին կը շարունակէ խախտել զինադադարը
Հայկական կողմը ունի մէկ նահատակ
Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը վերջ
կը գտնէ առանց որեւէ արդիւնքի
Շաբաթ՝ 19 Դեկտեմբեր
2015-ին, Զուիցերիոյ մայրա-
քաղաք Պեռնի մէջ ԵԱՀԿ-ի
Մինսքի խմբակի համանա-
խագահներու միջնորդու-
թեամբ Հայաստանի եւ Ատըր-
պէյճանի նախագահներուն
միջեւ տեղի ունեցաւ հան-
դիպում մը` Լեռնային Ղարա-
բաղի տագնապի խաղաղ
լուծման ջանքերուն ծիրին
մէջ:
Երկու նախագահներուն
հանդիպումէն ետք, Հայաս-
տանի արտաքին գործոց
նախարար Էդուարդ Նալ-
բանդեան լրագրողներու
հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Հա-
յաստանը կը վերահաստատէ իր պատ-
րաստակամութիւնը` շարունակելու բանակ-
ցութիւնները` բացառապէս խաղաղ միջոց-
ներով հասնելու տագնապի լուծման:
Նալբանդեան տեղեկացուցած է նաեւ, թէ
բանակցութիւններուն ընթացքին քննար-
կըուած է սահմանային դէպքերու հետա-
քըննութեան մեքանիզմի ստեղծման հարցը,
որուն հետ կապուած` հայկական կողմը
վերահաստատած է իր պատրաստակա-
մութիւնը: Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին,
«համանախագահները պատասխանի կը
սպասեն», ըսած է Նալբանդեան:
Հանդիպումէն ետք՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի
խմբակի համանախագահները Զուիցերիոյ
մայրաքաղաք Պեռնի մէջ հրապարակած են
յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ
վեհաժողովը նախագահներուն կարելիու-
թիւն ընծայած է առանձնազրոյցի ձեւա-
չափով հանդիպումի ընթացքին յստակաց-
նելու իրենց դիրքորոշումը:
Մինսքի խմբակի համանախագահներուն
հ ր ա պ ա ր ա կ ա ծ յա յտ ա ր ա ր ո ւ թ ե ա ն մ էջ
կ՛ըսուի. «Նախագահները քննարկած են
վերջին շրջանին բռնարարքներու դէպքերը
եւ յատուկ մտահոգութիւն յայտնած են
զոհերուն առնչութեամբ, ներառեալ քա-
ղաքային անձերու շրջանակին մէջ` ծանր
զէնքերու օգտագործման պատճառով: Նա-
խագահները իրենց աջակցութիւնը յայտ-
նած են համանախագահներուն կողմէ տար-
ւող աշխատանքին այն առաջարկներուն
շուրջ, որոնք ուղղուած են շփման գիծին եւ
հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ
բռնարարքներու վտանգներու նուազեց-
ման, ներառեալ` հետաքննութիւններու մե-
քանիզմ կիրարկելուն:
<abajaj;rj
Hebdomadaire Arménien
Armenian Weekly ISSN 0382-9251
Publié par /Published by
Le Centre de Publication Tékéyan
825 rue Manoogian, Saint-Laurent,
Québec H4N 1Z5
Tél: (514) 747-6680 • FAX: (514) 747-6162
e-mail: abaka@bellnet.ca
www.tekeyanmontreal.ca
PM40015549R10945
TPS/GST – R119209294 • TVQ/PST #1006268699
2 • ABAKA • LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016
Canada
2nd Class $80 (QC & ON)
1ère classe/first class $90
U.S.A. 1st class (US)$90
Autres pays/Other countries:
1st class (US)$120
Per issue $1.75
Dépôt légal: Bibliothèque du Québec
ABAKA
Patas.anatou .mbagir^
AU:TIS PAGGAL:AN
’anouzoumn;rou%
nouiratououjiunn;rou ;u
gras;n;aki patas.anatou^
SALBI MARKOS:AN
Joronjoi patas.anatou^
MATAJ B& MAMOUR:AN
“We acknowledge the financial
support of the Government of
Canada through the Canada
Periodical Fund (CPF) for our
publishing activities.”
Անիի մօտ
յայտնաբերուած են
նախապատմական
ժայռապատկերներ
Հայկական Անի մայրաքաղաքէն
11 քմ. հեռաւորութեան վրայ` Հա-
յաստան-Թուրքիա սահմանին մօտ
Ալէմ գիւղին մէջ յայտնաբերուած են
շրջանին համար կարեւոր նշանա-
կութիւն ունեցող տասնհինգ ժայռա-
պատկերներ:
Կարսի նահանգի Մշակոյթի եւ
արուեստի ընկերակցութեան ղեկա-
վար Վետաթ Աքչաեիւզ յայտնած է,
որ Ալէմ գիւղին մէջ յայտնաբերուած
15 ժայռապատկերները ղրկուած են
թանգարանային տնօրէնութեան: Ան
յոյս յայտնած է, որ այս ժայռապատ-
կերները կ՚օգնեն՝ Անիի ամբողջ
տարածքին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշ-
խարհային ժառանգութեան ցանկին
մէջ ընդգրկումին:
«Իբրեւ տեսին զաստղն,
Խնդացին յոյժ յուրախութիւն
մեծ»:
(Մատթ. Բ. 10)
Քրիստոս Ծնաւ եւ
Յայտնեցաւ.
Օրհնեալ է Յայտնութիւնն
Քրիստոսի.
Մեզ եւ Ձեզ Մեծ Աւետիս.
Սիրելի բարեպաշտ հաւատաց-
եալ ժողովուրդ
Գա նա տ ա հայո ց Տ ի րախնամ
Թեմի
Վերստին Ամանորը եւ յաջոր-
դող Ս. Ծննդեան տօնը կը բերեն
մեզ դարաւոր բայց երբեք չհինցող
ու անսպառ յաւերժական ճշմար-
տութեան առջեւ, թէ պատմու-
թեան մէջ երջանիկ օր մը, լուռ ու
խաղաղ գիշեր մը Աստուածու-
թ իւնը «ը նդ մ եզ» ե կաւ նաեւ
մարմնապէս:
2015 թուականն ալ անցաւ յաւերժական անհունի
գիրկը եւ մարդկութիւնը մէկ անգամ եւս սրտատրոփ
յոյսով ու հաւատքով լի կանգնած է Նոր Տարուայ շեմին:
Արդարեւ միասիրտ ու միախորհուրդ դիմաւորենք
անգամ մը եւս մեծ եւ սքանչելի աւետիսը մեր Փրկչի՝
Յիսուսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան, այն
հաստատուն հաւատքով թէ ամէն տարի մեզ բաշխուող
այս աւետիսը կարող է օգնել մեզ հանելու մեր հին
զգեստները եւ դառնալու նոր մարդեր, ինչպէս կը
պատուիրէ առաքեալը «զգալ զնոր մարդն որ ըստ
Աստուծոյն հաստատեալ է...» (Եփես. Դ 24):
Ոչ թէ ժամանակի փոփոխութիւն այլ մարդու փոփո-
խութիւն ժամանակի մէջ, ահա այս է նոր տարուան
հիմնական հարցը:
Փոխանցենք իրարու սիրելիներ հրեշտակէն տրուած
Մեծ Աւետիսը՝
«Որ եղեւ վասն ամենա յն
ժողովրդեանն»
«Զի ծնաւ մեզ այսօր Փրկիչ»:
Օրհնենք զԱյն սիրով եւ սրտով
«Զի վասն մեր մարմնացաւ»:
Սուրբ ու երջանիկ այս առիթով
կը մաղթենք, որ խաղաղութեան
ու արդարութեան արեգակի շո-
ղերը իջնան առատօրէն աշխար-
հի եւ մարդոց վրայ, որպէսզի աճի
հոգիներու մէջ բարի կամեցո-
ղութիւնը եւ մարդիկ ու ազգեր
սորվին զիրար հասկնալ, զիրար
յարգել ու գնահատել եղբայրա-
բար:
Ս. Ծնունդով առաւել իմաստա-
ւորուած Նոր Տարին դիմաւորենք
աղօթքով եւ բարի գործերու կա-
տարումով:
Այս առիթով մեր սրտագին ու
կենարար աւետիսը կը բերենք
Գանատահայոց Եկեղեցակ ա ն
Դասուն, Թեմական ու Ծխական
Խորհուրդներու պատուարժան
անդամներուն, Տիկնանց Յանձնախումբերու ն ո ւ
Դպրաց Դասերուն, Աստուածասէր ու ազգանուէր
բարերարներուն, ազգային, բարեգործական, կրթական
ու մշակութային միութիւններու, հաստատութիւններու
անդամներուն մաղթելով Տիրոջ առատ օրհնութիւններն
ու շնորհները անձնական ու հասարակական կեանքի
մէջ:
Օրհնեալ ըլլաք դուք եւ թող Ձեր ընտանեկան հար-
կերը յաւէտ լեցուին մանուկ Յիսուսի ծննդեան երա-
նաւետ աւետիսով:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ
Աղօթքով եւ օրհնութեամբ՝
ԱբգԱր Եպս. ՅովԱկիմԵԱն
Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի
ԱՌԱՋնորԴ սրբԱԶԱն ՀՕր
ս. ԾննԴԵԱն պԱՏգԱմԸ
Եւրոմիութիւնը հաստատած է Հայաստանի մէջ
բարեփոխումներուն ուղղուած 30 միլիոն
Եւրոյի աջակցութեան ծրագիրը
Եւրոպական յանձնաժողովը ըն-
դ ունա ծ է Հայ աս տանին աջակ-
ցութեան 30 միլիոն եւրոյի նոր ծրա-
գիրը: Աջակցութեան այս ծրագիրը
պէտք է օգնէ Հայաստանին կատա-
ր ելու բա ր եփ ոխո ւմներ, որոնք
ուղղուած են իր քաղաքացիներուն
աւելի լաւ աշխատանքային հնա-
րաւորութիւններ տրամադրելուն,
երկրի ֆինանսական կառավարման
ամրապնդման եւ ժողովրդավարա-
կան որոշումներու կայացման գոր-
ծընթացին, Հայաստանի քաղաքա-
ցիական հասարակութեան մաս-
նակցութեան բարելաւման, կը գրէ
Panorama.am-ը:
Ինչպէս կը տեղեկանանք Եւրո-
պական յա ն ձնաժո ղովի կայքէն,
յայտարարելով աջակցութեան այս
փաթեթի մասին, Եւրոպական հա-
րեւանութեան քաղաքականութեան
եւ ընդլայնման հարցերով յանձնա-
կ ատար Եո հան նէս Հանը ըսած
է․«Այս նորացուած աջակցութիւնը
մեր արեւելեան հարեւանին առիթ
կու տայ վճռորոշ բարեփոխումներ
իրականացնելու: Սա լաւ նորութիւն
է Հայաստանի քաղաքացիներուն
համար, քանի որ այս բարեփոխում-
ները, ըլլայ անիկա աւելի լաւ հան-
րային ծառայութիւններու կամ աշ-
խատանքի աւելի մեծ հնարաւորու-
թիւններու առումով, ուղղակիօրէն
օգտակար պիտի ըլլայ անոնց հա-
մար»:
«Աւելի լաւ որակաւորում` աւելի
լաւ աշխատանքի համար» գործո-
ղութիւնը, որուն կը տրամադրուի
15 միլիոն եւրօ, պիտի ձգտի բա-
րելաւելու Հայաստանի աշխատա-
շուկայի  եւ աշխատաուժի արդիւ-
նաւէտութիւն` յատուկ ուշադրու-
թիւն դարձնելով գիւղատնտեսու-
թեան ոլորտին մէջ զբաղուածու-
թեան:
«Հանրային ֆինանսական քա-
ղաքականութեան բարեփոխում-
ներու ծրագիրը», որուն կը տրա-
մադրուի 10 միլիոն եւրօ, պիտի
ուղղուի Հայաստանի մէջ հանրային
ծախսերու հաշտուողականութեան,
թափանցիկութեան ու արդիւնաւէ-
տութեան բարձրացման` միջազգա-
յին չափորոշիչներուն եւ փորձին
համահունչ: Այս ծրագիրը պէտք է
նաեւ օգնէ կանխելու կաշառակե-
րութիւնը:
«Քաղաքացիական հասարակու-
թեան հնարաւորութիւններ» ծրա-
գիրը, որուն կը տրամադրուի  5 մի-
լիոն եւրօ, պիտի ամրապնդէ քա-
ղաքացիական հասարակութեան
կազմակերպութիւններու կարողու-
թեան` արդիւնաւէտօրէն մասնակ-
ցելու ժողովրդավարական որոշում-
ներու ընդունման գործընթացին:
Ծրագիրը պիտի բարելաւէ կազմա-
կերպութիւններու կարողութիւննե-
րը` ներգրաւուելու քաղաքականու-
թեան մշակման ու ուսումնասիրու-
թեան:
LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 • ABAKA • 3
Դոկտ. Արշաւիր կէօնճեան...
շար. էջ 1-էն
գնահատականներու եւ պարգեւատրութեանց,
իբրեւ արդիւնք իր բազմաթիւ եւ տարածուն ծա-
ռայութեանց եւ իրագործումներուն ի նպաստ
Հայ. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Հ.Բ.Ը.Մ.-եան,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Թէ-
քէեան Մշակութային Միութեան եւ Հայրենիք-
Սփիւռք յարաբերութեանց:
Դոկտ. Կէօնճեանին, անցեալին կատարուած
գնահատական պարգեւատրութեանց կարգին
կ’արժէ յիշել՝
-1978-ին Մոնթրէալի նորակառոյց Հ.Բ.Ը.Մ.
Ալեք Մանուկեան Վարժարանի հանդիսասրահ-
մարզասրահի անուանումը, «Արշաւիր եւ Նա-
տիա Կէօնճեան սրահ», նոյն ինքն հանգուցեալ
Հ.Բ.Ը.Մ-ի ցկեանս նախագահ՝ Ալեք Մանուկեանի
կողմէ որպէս բարձր գնահատանք վարժարանի
յղացման, հիմնադրութեան եւ իրականացման
բացառիկ գործին:
-1981-ին Ս. Ներսէս Շնորհալի շքանշանը
շնորհուած հոգելոյս Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց
Հայրապետին կողմէ.
-1985-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանը
նոյնպէս շնորհուած հոգելոյս Վազգէն Ա. Հայ-
րապետին կողմէ.
-1993-ին ան կը կոչուի «Գանատահայոց Թե-
մական Խորհուրդի Պատուոյ Ատենապետ»
օրուայ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէր-
տէրեանին եւ Թեմական Խորհուրդին որոշումով,
որպէս Գանատայի նորաստեղծ Առաջնորդու-
թեան գլխաւոր հիմնադիրներէն եւ Անդրանիկ
Թեմական Խորհուրդի երկարամեայ Ատենապետ:
-2009-ին, Հայաստանի ԹՄՄ-եան ադաման-
դակուռ «Արարատ» շքանշան, որպէս Հայաս-
տանի «Ազգ» թերթի յղացող, հիմնադիր անդամ-
ներէն մէկը եւ որպէս Ռ.Ա.Կ.եան Կեդրոնական
Վարչութեան Ատենապետ, Սփիւռքի եւ Հայաս-
տանի մէջ իր կատարած կազմակերպական
առաջնորդող գործունէութեան համար:
-2011-ին, կը կոչուի «Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդ-
րոնական Վարչութեան վաստակաւոր անդամ»
(Emeritus) աւելի քան երեք տասնամեակներ
ծառայելէ ետք որպէս Կեդրոնական Վարչութեան
անդամ եւ վերջին շրջանի Միութեան իբրեւ Փոխ-
Նախագահ:
-2012-ին, Հայաստան Համահայկական Հիմ-
նադրամին (Հ.Հ.Հ.) կողմէ կը ստանայ «Ազգին
Նուիրեալ» (True Patriot) ոսկէ մետալը: Դոկտ.
Կէօնճեան 1992-ին, ՀՀ Նախագահ Լեւոն Տէր
Պետ ր ո ս ե ա ն ի հ ր ա ւ էր ո վ ա ն դ ա մ ն ե ր էն մ էկ ը
նշանակուած էր Հ.Հ.Հ.-ի հիմնադիր Խորհուրդին:
Կը շնորհաւորենք Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճ-
եանը, իր կողակիցը Նատիան եւ զաւակներ՝
Անոյշը եւ Լորին, այս նոր պարգեւատրման
առիթով: Դոկտորին կը մաղթենք առողջութիւն
եւ երկար կեանք:
«ԱպԱգԱյ»
հԱՅրԱՊետԱկԱն շքԱնշԱն, կոնԴԱկ եւ սՓիւՌքի
նԱԽԱրԱրութեԱն շքԱնշԱններու տուՉութիւն
մոնթրէԱԼԱհԱՅ ԱԶԳԱՅիններու
Շաբաթ 19 Դեկտեմբերին Գանատահայոց Առաջնորդութեան կողմէ
հիւրընկալուած Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ընդունելութեան ընթացքին,
աննախընթաց բարձր թիւով Թեմական, Ծխական, յարակից մարմիններու,
բարերարներու եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ու Լավալի Ս. Խաչ
Եկեղե ցւո յ բար եկամ ներու ներկայութեան Գանատահայոց Թեմի
Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան յառաջիկայ տօնական
օրերու առիթով շնորհաւորեց եւ օրհնեց բոլոր ծառայողներուն ու բարձրօ-
րէն գնահատեց անոնց նուիրումը մեր եկեղեցիներու պայծառացման
համար: Ապա Սրբազան Հայրը փոխանցեց, իր նախաձեռնութեամբ
կատարուած, բարձր գնահատանքները եւ պարգեւները հետեւեալ ազգա-
յիններուն իրենց բարձրարժէք ծառայութիւններուն առ ի գնահատու-
թիւն.
Դոկտ. ԱրշԱւիր կէօնճեԱն-ի իր 80 ամեակի առիթով- Ամենայն Հա-
յոց Կաթողիկոսի Օրհնութեան Գիրը ու ՀՀ Սփիւռքահայութեան Նախարա-
րութեան բարձրագոյն ոսկէ մետալը.
տօքթ. Արթօ տէմիրճեԱնի – ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ոսկէ
մետալով.
տէր եւ տիկին Վրէժ եւ իմԱստուհի նիկողոսեԱնի – Ամենայն
Հայոց Կաթողիկոսի բարձրագոյն պարգեւը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առա-
ջին Կարգի Շքանշանը ու Հայրապետական Կոնդակը: Բարերար ամոլը
իրենց անցեալի զանազան բարերարութիւններուն վրայ կու գան աւելցնել
250,000 Ամ. Տոլարի գումար մը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադ-
րամի միջոցաւ հիմնականօրէն վերանորոգելու Արցախի հիւանդանոցնե-
րէն մին:
Ներկայ ազգայիններու գնահատական բուռն ծափահարութիւններով ու
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւն-
ներով վերջ գտաւ այս պատմական հիւրընկալութիւնը որուն ներկայ էին
նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վազգէն
Քհնյ. Պոյաճեան եւ Լավալի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կո-
միտաս Քհնյ. Միրզախանեան:
Ուորլիք. «Պէտք է լսել Լ. Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութեան ձայնը»
«Միացեալ Նահանգներու` Լեռ-
նային Ղարաբաղի տէ ֆաքթօ կա-
ռավարութեան հետ կապուած քա-
ղաքականութիւնը կը մնայ անփո-
փոխ: Մենք կը յարգենք Ատրպէյճա-
նի տարածքային ամբողջականու-
թիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը»: Այս
մասին, ըստ «Արմէնփրէս»-ի, ըսած
է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերի-
կացի համանախագահ Ճէյմս Ուոր-
լիք:
Համանախագահը նշած է, որ
տարածքի հարցը մաս կը կազմէ
տագնապին բազմակողմանի լուծ-
ման. «Անոր մէջ կը մտնէ նաեւ Լեռ-
նային Ղարաբաղի կարգավիճակի
որոշումը: Կ՛արժէ նշել, որ արդարա-
ցի լուծումը պիտի հիմնուի միջազ-
գային իրաւունքին վրայ: Անոր մէջ
կը մտնէ Հելսինքեան եզրափակիչ
աքթը եւ ուժ ու սպառնալիք չկի-
րարկելու սկզբունքը, ներառեալ
նաեւ տարածքային ամբողջակա-
նութեան եւ ինքնորոշման սկըզ-
բունքները: Ո՛չ մենք, ո՛չ Հայաս-
տանը, ո՛չ ուրիշ երկիր կ՛ընդունի
Լեռնային Ղարաբաղի վարչակար-
գը: Միաժամանակ անհրաժեշտ է
լսել Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ
բնակչութեան ձայնը, ինչ որ նաեւ
կ՛ընեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի
համանախագահները», աւելցուցած
է ամերիկացի համանախագահը:
4 • ABAKA • LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016
ՅիՇատակի ԵրԵկոՅ Վահան ԹէքէԵանի Մահուան 70-աՄԵակի առԹիւ
«Վահան Թէքէեանով Կը Զգաստանանք...»
«- Եւ թուրքերուն յատկացո’ւր ար-
քայութիւնդ անբաւ...»:
Այս ցնցիչ բողոքը գրուած էր յայ-
տագրին 2րդ էջին վրայ:
Կիրակի 20 Նոյեմբեր 2015:
Մոնթրէալահայ գեղարուեստասէր
հ աս ա ր ա կո ւթ իւնը, խուռներամ,
եկած էր յարգելու Վ. Թէքէեանի մահ-
ւան 70 ամեակի յիշատակի երեկոն:
Ինչպէս գիրքի մը, կամ յօդուածի
մը վերնագիրը, նոյնպէս եւ բացման
խօսք մը , կը պար փ ակէ ամբողջ
հանդիսութիւն մը: Հետեւաբար բաց-
ման խօսքը, լոկ մի քանի խօսք չէ,
այլ հանդիսավարը իր ընտրանի բա-
ռերով պէտք է ջերմացնէ երեկոյթը
ու առաջնորդէ ներկաները դէպի
որոշ ուղղութիւն մը:
Սիլվա Ամատունի-Թոքաթլեան
այդպէ’ս ալ ըրաւ: Յստակ առոգա-
նութեամբ եւ դիւրահաղորդ ձեւով,
ան ճարպիկօրէն, իր բացման խօս-
քով, կրցաւ ստեղծել ակնկալուած
դասական մթնոլորտը:
Եւ ահա, ամպիոն բարձրացաւ
Տիկ. Վարդի Դանիէլեան: Շատ ան-
գամ ներկայացուած Թէքէեան մը, դժուար պիտի ըլլար մօտ 30-40 վայրկ-
եանի ընթացքին, նորութիւններով ու հետաքրքրական ձեւով ներկա-
յացնել: Սակայն Տիկ. Դանիէլեան, առոյգ ոճով ու խիստ ուսումնասիրուած
տուեալներով, մեզ մագնիսացուց մինչեւ վերջ: Ան գունաւոր շարժանկարի
մը գեղեցկութեամբ մեր երեւակայութենէն անցուց Վ. Թէքէեան քերթողին
դաւանանքը, յետոյ անցնելով կենսագրական գիծերէն, Օշականի ուսում-
նասիրութիւններով համեմած, կամ փրօֆ. Աւետիս Սանճեանի «Նամա-
կանի»էն ազդուելով, ան ճամբորդեց «Խնջոյք»էն մինչեւ «Հանըմ»ը մինչեւ
հասաւ բուն նիւթին «Վահան Թէքէեան» իրաւ բանաստեղծը: Իսկ իբրեւ
եզրակացութիւն Տիկ. Վարդի Դանիէլեան փակեց իր զգայացունց բանա-
խօսութիւնը հետեւեալով՝ «Վարուժանով կը հպարտանանք: Դուրեանով կը
տառապինք: Մեծարենցով կ’անուշնանք: Վահան Թէքէեանով կը զգաս-
տանանք»:
... Որոտնդոստ ծափահարութիւններ:
Հանդիսութենէն թէեւ անցած են օրեր, սակայն Վրոյր Մուղալեանի ձայնը
մեր ականջներուն, իսկ շունչը մեր սրտերուն մէջ է տակաւին: Սիւրմէլեանի
կողմէ ուղղուած նամակը՝ Թէքէեանի, իսկ աւելի վերջը՝ «Բարձրացում»ը իր
իւրայատուկ ոճով, Վրոյր, անջատեց մեզ, մեր առօրեայ հասարակական
վայրկեաններէն ու վերացուց մեզ դէպի մարդկային ազնուութեան ու
կեանքի իրականութեան նուրբ սկզբունքները:
Ասմունքներու շարքը գրեթէ պիտի սկսէր ու անշուշտ պիտի վերջանար
Վիգէն Ֆռունճեանի ուժեղ շունչով: Նախ, «Պիտի ըսենք Աստուծոյ»ն տար-
բեր ու նոր մեկնաբանութեամբ, ան կը խօսէր մեզի հետ, կը համոզէր մեզի
դէպի այն դաժան ըմբոստութիւնը՝ Աստուծոյ հանդէպ, ուր հայը՝ կրած
դառնութենէն ետք կը նախընտրէ դժոխքը, հեգնօրէն թողելով դրախտը՝
թուրքին: Վիգէն, պահ մը, հարա-
զատօրէն, մեզ համոզեց այդ ըմբոս-
տութիւնը:
Արմէն Քէպէքի Ալեք Մանուկեան
Վրժ.ի աշակերտութիւնը՝ մօտ 15,
իրենց դպրոցական համազգեստով,
ե կ ա ծ էի ն կ ա տ ա ր ե լո ւ , խ մ բ ա յի ն
արտասանութիւնը՝ «Աղօթք վաղ-
ւան սեմին առջեւ» համաչափ, զգա-
ցումով եւ մանաւանդ գիտակցու-
թ ե ա մ բ : Ահ ա ւ ա ս ի կ վ ա ր ժա ր ա ն ի
տնօրէնութիւնն ու ուսուցչութիւնը,
ա ռա ջ ն ո ր դ ո ւ թ ե ա մ բ ե ւ մ ի ա ցե ա լ
ուժերով տիկք. Վարդուհի Ֆստքճ-
եանի եւ Վարդի Դանիէլեանի, որ կը
պատրաստեն հայ ոգիով սնած նոր
սերունդ մը:
Ար փ ի Սո ղ ո մ ո ն ե ա ն բ ե մ ա կ ա ն
արտայայտութեամբ՝ խօսքերը ուղ-
ղած զինք ներշնչող Թէքէեանի դի-
մանկարին, կարծես մենախօսութիւն
մըն է որ կը կատարէր «Ես սիրե-
ցի»ով: Արփի, իր ձայնի ելեւէջներով
ու դէմքի արտայայտութիւններով
մեզի դրաւ մաքուր՝ սիրային ու վի-
պական մթնոլորտի մէջ:
Յաջորդեց գեղեցիկ ու զօրաւոր գեղարուեստական հակադրութիւն մը:
«Ահաւոր բան մը այնտեղ»ը Ալեքսիա Կէօնճեան-Խաչիկեանի կատա-
րումով: Ալեքսիա ցնցեց մեզ, իր ամէն մի շունչը, ձայնի յուզումով ու պոռթ-
կումներով: Մէկ խօսքով իր հետը՝ մենք ալ զգացինք այդ ահաւորը, որ գոր-
ծուած էր 100 տարիներ առաջ... եւ այդ ջարդուողը մե’ր ազգն էր:
You boys & girls ով յայտնութիւն մըն էր Անգինէ Աբարտեանը, իր նուրբ,
շնորհալի եւ սահուն ոճով: «Դուք աղջիկներ եւ տղաք»ը թարգմանութիւնն
էր համաշխարհային տիտղոս ունեցող, բեմադրիչ եւ դերասան՝ Ժիրայր
Բաբազեանի: Իսկ վերջին տողը հայերէնով կրկնուած ու վերջացած՝
գողտրիկ երեւոյթ մըն էր:
Յայտագրին այլազանութիւնը պատճառ դարձած էր յաջորդական
սահունութեան ու հետաքրքրական ընթացքին:
Թամար Փանոսեան դաշնակի ընկերակցութեամբ Սամուէլ Քէօշկէր-
եանի, փայլ մը եւս կ’աւելցնէր երգարուեստի երկնակամարին վրայ:
«Կ’անձրեւէ տղաս»ը (երաժշտ. Համբարձում Պէրպէրեանի) այդ դժուարին
երգը՝ մարտահրաւէր մըն էր Թամարի համար: Սակայն ան առաջ-
նորդութեամբ Սամուէլի այդ մարտահրաւէրը շրջեց յաղթանակի:
Հուսկ, ուրեմն ներկայացուեցաւ «Եկեղեցին Հայկական»ը: Կ’ըսենք
ներկայացուեցաւ, որովհետեւ խառնուած էր բեմական երեւոյթներու: Մէկ
անկիւնը կարծես կը հանգչէր խորանը. վրան մոմեր ու ծաղիկներ
շրջապատած Թէքէեանի նկարը: Երկիւղածութեամբ մուտք կը գործէին
Քրիստինա Տէր Ստեփանեանն ու Արփի Սողոմոնեանը, եկեղեցական
շապիկներ հագած ու գլուխները ծածկած ճերմակ քօղերով:
Մոմերուն բոցերը, սրբատառ արտասանութեանց միաձուլուած շու-
քերը, եկեղեցիներու զանգերն ու «Սուրբ-Սուրբ»ի շշուկը, տուին իսկա-
կան վայելքը Մեծն Բանաստեղծին գլուխ-գործոցին: Իսկ Վիգէն Ֆռունճ-
եանի վերջին մուտքը արդարացուց «Երգն է միշտ յաղթութիւն»ը Հայաս-
տանեա’յց եկեղեցւոյ:
Շար. էջ 5
Wardi Danihl;an
Silwa Amatouni Joqajl;an
Armhn Qhphq Al;q Manouk;an warvarani a,ak;rtn;r
LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 • ABAKA • 5
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՀԵՏ ... 75 ՏԱՐԻ ԵՏՔ
Հազիւ վեց տարեկան տղեկ մը,
հօրս ձեռքէն բռնած, Գահիրէի Հէլ-
ւան երկաթուղագծի կայանին մէջ
շոգեկառքին կը սպասէինք, երբ
հայրս ըսաւ՝ «Նայէ’, լա’ւ նայէ. այդ
մարդը Վահան Թէքէեանն է»: Ծանր
վերարկու մը հագուած, եւրոպական
գլխարկով, հանդարտ քալուածքով,
տխրադէմ անցաւ ան ...:
75 տարի ետք, աշնան պայծառ
առաւօտ մը, երբ կ’այցելէի Հայաս-
տանի պատմական Կարբի աւանի
Վահան Թէքէեանի անուան դպրո-
ցը, մուտքին, իր ամբողջ հասակով
կ ը յայտ նո ւէ ր Վահ ան Թէքէեա-
ն ի արձ ա ն ը: Կ արճ պահ մը ակ-
նարկս սեւեռեցի Հէլուանի կայարա-
ն ի «մ ա ր դ ո ւ ն» ար ձան ին: Նոյն
ծանր վերարկուն, գլուխը թեթեւ մը
հակած դէպի գետին, մտածկոտ,
տխուր մարդն էր՝ Վահան Թէքէ-
եանը ...:
Շրջեցանք դպրոցը առաջնորդու-
թ եա մբ վա ր ժարան ի տնօրէնին:
Ամենուրէք աշակերտական ստեղ-
ծագործումներ՝ Վահան Թէքէեանի
նկարներ, իր խօսքերէն քաղուածք-
ներ, արտասանութիւններ ...: Յի-
շեցի՝ «Լեզուն անոյշ, զոր խօսեր էին
անոյշ տղաքներ, գուցէ խօսող չու-
նենայ ... հարիւր տարի ետք»:
Վարժարանէն հրաժեշտ առնելու
պահը պիտի զուգադիպէր մանկա-
պարտէզի բաժնին զբօսանքին հետ:
Ստուար խումբ մը մանուկներու կը
ճռուողէին հայերէնով, նոյնինքն
Վահան Թէքէեանի արձանի ոտքե-
րուն շուրջ, անոր տխուր նայուած-
քին տակ: Այս անգամ իր դէմքին սե-
ւեռուած նայուածքս գամուած մնաց
աւելի երկար: Արդեօ՞ք տխրամած
դէմքին վրայ կը յամենար գոհունա-
կութեան թեթեւ շուք մը, ի տես իր
ոտքերուն տակ հայերէնով ճռուո-
ղող հայ մանուկներուն: Արդեօ՞ք կը
սփոփուէր մեծ բանաստեղծին սիր-
տը ու տառապած հոգին: Տեսի՞լք էր
թէ՝ լոկ ցանկութիւն:
Բայց ուզեցի ըսել Անոր. «Մեծա-
յարգ Ընկեր Թէքէեան, գիտէ՞ք որ
անկախացաւ Հայաստանն ու Ար-
ցախը, որոնք հաշուի առնուելիք
իրականութիւններ դարձած են մի-
ջազգային քաղաքական կեանքին
մէջ: Այսօր, աշխարհի գրեթէ բոլոր
ասպարէզներու մէջ առաջատար
դիրքերու վրայ հայեր կը գտնուին:
Պետական եւ մասնագիտական մի-
ջոցներով աշխատանք կը տարուի
կասեցնելու հայ լեզուի նահանջը:
«Ահաւոր բան»ը որ կատարուեցաւ
«մութին մէջ» հարիւր տարի առաջ,
այլեւս դժուար է ժխտել նոյնիսկ
զայն իրագործողներու շառաւիղնե-
րուն կողմէ: Մեր արդար դա տ ը
ամէն օր քիչ մը աւելի կը մօտենայ
իր արդար լուծումին: Արժանավայել
կերպով յիշատակեցինք Հա ր ի ւ -
րամեակը մեր սրբացեալ նահա-
տակներուն: Ոգեկոչեցինք Ձեր նա-
հատակ գրչեղբայրներուն անմեռ
յիշատակը, որոնց ցաւը դուք կրե-
ցի ք Ձե ր ա մ բ ո ղ ջ տ ա ռա պ ա կ ո ծ
կեանքի մինչեւ վերջին օրը: Բայց
թող սփոփուի Ձեր հոգին, որով-
հետեւ հակառակ բոլոր ընկրկում-
ներուն, «Կանք, ու պիտի լինենք»...:
Յ. Ա.
Վահան Թէքէեանով կը...
Շար. էջ 4-էն
Ձայնի եւ լոյսի արհեստագիտութիւնը՝ Սաքօ-Վաչէ Պոյաճեանի եւ
երաժշ. համադրումը Տարօն Նազիրկանեանի ամբողջացուցին յաջո-
ղութեան օղակը:
Ահա առիթը անգամ մը եւս ստեղծուած էր, որ Թէքէեան Մշակութային
մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Արթօ Մանուկեանի շնորհակալական խօսքը՝
ուղղէր Ալեք Մանուկեան Վարժարանի աշակերտութեան, անոնց ետին
կ ան գն ող ու հ այ մ շակ ոյթը պահպանող ծնողքներուն մանաւանդ
վարժարանի տնօրէնութեան ու բոլոր մասնակցողներուն:
Յարգելի Ատենապետը մասնաւորաբար յիշեց Տիկ. Վարդի Դանիէլեանի
աշխոյժ ներդրումը, գլուխ հանելու համար սոյն բարձրորակ դասական
մշակութային երեկոն:
Հաւաքոյթը վերջ չէր գտած: Ճոխ պատուասեղաններու շուրջ եւ տիկ.
Բանա խ օսո ւ հ իին առաջարկով, զինք շրջապատած, խօսեցանք ու
ընկերային մթնոլորտի մէջ անգամ մը աւելի լեցուեցանք հայկական ոգիով,
Օշականի վերլուծումներով ու այլ զանազան հոգեպարար նիւթերով... եւ
ժամանակը կը սահէր անզգալաբար...
***
Եթէ ոմանք համարձակին հարցնել թէ,- «Ո՞ւր են մեր երիտասարդները»,
մենք հպարտութեամբ կրնանք պատասխանել թէ, հեռուն պէտք չէ փնտռել
զանոնք. անոնք հո’ս են, Թէքէեան Մշակ. Միութեան մէջ – կամ որեւէ
հայկական օճախ-զբաղուած, գեղարուեստական ծրագիրները մշակելու:
Անոնք՝ բոլորն ալ երիտասարդներ, ոչ մէկ ջանք խնայեցին արժանավայել
կերպով ներկայացնելու Վահան Թէքէեան մը – խորունկ նիւթ մը ու
դժուարին մարտահրաւէր մը: Ամէն մէկ ջիղի պրկում ու ամէն մէկ երակի
զարկ տրամադրուած էր միա՛յն ու միայն մէկ իրողութեան մը՝ պատրաստել
գրեթէ կատարեալ, հայկական արուեստի օրինակելի երեկոյ մը:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
Qristina Thr St;˜an;an% Wighn ~®ouny;an ;u Ar˜i So[omon;an
Samouhl Qhø,khr;an
Wror Mou[al;an% Al;qsia Khøny;an->acik;an% Anginh Abart;an
6 • ABAKA • LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016
Մատաթ Բ. ՄաՄուրեան
Կիրակի Դեկտեմբեր 6, 2015-ին
կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, եկեղեց-
ւոյս «Մակարոս Արթինեան» շքեղօ-
րէն զարդարուած սրահին մէջ Պաշ-
տօնական Ճաշկերոյթ-հանդիսու-
թեամբ մը նշուեցաւ Ս. Երրորդու-
թիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ծուխի
կազմաւորման 87-րդ տարեդարձը ի
ներկայութեան հոծ բազմութեան:
Սոյն ձեռնարկը կը հովանաւո-
րէր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝
Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմ-
եան:
Պ ա տ ո ւոյ սեղան ը Ա ռաջնորդ
Սրբազան հօր կողքին տեղ գրաւած
էին, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք.
Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր
Զարեհ Աւագ. Քհնյ. Զարգարեան եւ
երէցկին Նայիրա Զարգարեան, Թե-
մ ակ ա ն Խո րհ ուրդի Ա տենապե-
տուհի՝ Տիկին Աբէթ Ալբայ եւ Պրն.
Արա Ալբայ, Ծխական Խորհուրդի
Ատենապետ Պրն. Օհան եւ Տիկ.
Անիթա Օհաննէսեան, Հ.Հ. Պատ-
ւակալ Հիւպատոս (Թորոնթօ-Օնթա-
րիօ) Պրն. Ռիչըրտ Պերճ Սվազլեան,
«Պապայեան» Հիմնարկի Ատենա-
պետ՝ Պրն. Հայկ եւ Տիկ. Ալիս Սել-
եան եւ եկեղեցւոյս Տիկնանց Միու-
թեան Ատենապետուհի՝ Տիկ. Ժագ-
լին Իսաղուլեան եւ Պրն. Մասիս
Իսաղուլեան: Ի պատուի էին նաեւ
գաղութ իս մէջ գործո ղ կազմա-
կերպութիւններու ներկայացուցիչ-
ներ, նախկին Ծխական Խորհուրդի
անդամներ, կնքահայրեր եւ բարե-
րարներ:
Ներկաները յոտնկայս ունկնդրե-
ց ին Գա նա տայի ե ւ Հայ աստանի
քայլերգները, որմէ ետք Առաջնորդ
Սրբազան Հայրը օրհնեց սեղան-
ները, եկեղեցւոյս երիտասարդացի
ե ւ «Սա սո ւն» Պարախումբի ան-
դամ/անդամուհիները, կատարեցին
ճաշի անթերի սպասարկութիւնը:
Բացմա ն խ օս քո վ հան դէս եկաւ
եկեղեցւոյ երիտասարդացի անդա-
մուհիներէն Օրդ. Թամար Աթիք:
Մէջ ընդ մէջ կենացի բաժակներ
բարձրացուեցան Ազգիս Վեհափառ
Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին
Բ.ի, Մայր Հայրենիքի, Առաջնորդ՝
Աբգար Սրբազանի եւ եկեղեցւոյս
հովիւ Տէր Զարեհ Աւագ Քահանայի,
մաղթելով իրենց արեւշատութիւն:
Աննա Աւետիսեանի կողմէ պատ-
րաստուած, Ս. Երրորդութիւն Հայց.
Առաք. Եկեղեցւոյ վերջին շրջանի
յիշատակելի դրուակներ ներկայաց-
նող տեսերիզը, հետաքրքրութեամբ
դիտուեցաւ:
Գեղարուեստական յայտագրին
իրենց մասնակցութիւնը բերին
եկեղեցւոյս Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ
Ազգ. Շաբաթօրեայ Վարժարանի
աշակերտները փունջ մը խմբերգ-
ներով, ղեկավարութեամբ Նատա
Նաւասարդեանի, եկեղեցւոյս «Սա-
սուն» Պարախումբի պարման-պար-
մանուհիները, ղեկավարութեամբ
պարուսոյց Սեւակ Աւագեանի, ելոյթ
ունեցան փունջ մը հայկական խան-
դավառ պարերով: Բարի մաղթանք-
ներու մթնոլորտի մէջ ներս բերուե-
ցաւ տարեդարձի կարկանդակը,
ապա տեղի ունեցաւ մոմավառու-
թիւն մասնակցութեամբ Առաջնորդ
Սրբազանի, պատուոյ սեղանի, հիւ-
րերու, Ծխական Խորհուրդի ան-
դամներու եւ բարերարներու:
Եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդի
անունով Ատենապետ Պրն. Օհան
Օհաննէսեան շնորհակալութիւն
յայտնեց հոգեւոր հովիւին, յարա-
կից մարմիններուն, կազմակերպիչ
յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ
անդրադարձաւ եկեղեցիէն ներս
տարուած աշխատանքներուն:
«Պապայեան» Հիմնարկի ատե-
նապետ Պրն. Հայկ Սելեան, շնորհա-
ւորեց եկեղեցւոյս տարեդարձը եւ
ինչպէս անցեալին, այս տարի եւս
եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին
նուիրեց 41.000 տոլար եւ Առաջ-
նորդարանին 28 298 տոլար: Եկե-
ղեցւոյս Տիկնանց Միութեան ժրա-
ջան Ատենապետուհի՝ Տիկ. Ժագլին
Իսաղուլեան, յանուն վարչութեան
շնորհաւորեց եկեղեցւոյ տարեդար-
ձը եւ Ծխական Խորհուրդին նուի-
րեց 43.000 տոլարի գումար մը,
նոյնպէս եկեղեցւոյ յարակից մար-
մինները փոխանցեցին իրենց նուի-
րատուութիւնները:
Թեմական Խորհուրդի Ատենա-
պետուհի՝ Տիկ. Աբէթ Ալբայ շնորհա-
ւորեց եկեղեցւոյ տարեդարձը, ինչ-
պէս նաեւ հովիւն ու Ծխական Խոր-
հուրդի անդամները եկեղեցւոյս ծի-
րէն ներս տարուած աշխատանքնե-
րուն համար: Նորանշանակ Հ.Հ.
Պատուակալ հիւպատոս (Թորոնթօ-
Օնթարիօ) Պրն. Ռիչըրտ Պերճ Սվա-
զլեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց
եկեղեցւոյ տարեդարձը, անդրա-
դարձաւ իր ստանձնած պարտա-
ւորութիւններու մասին, ապա շնոր-
հակալութիւն յայտնեց իր անձին
հանդէպ եղած բարեմաղթութիւննե-
րուն համար:
Եկեղեցւոյս ժրաջան հովիւ Արժ.
Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան
փոխանցեց իր պատգամը եւ ըսաւ,
«Գանատայի հիւրընկալ հողի վրայ
ցեղասպանութենէ վերապրած հոյլ
մը հայեր, մտայղացումը ունեցան
եկեղեցաշինութեան եւ 1953-ին
կառուցեցին Թորոնթոյի առաջին
եկեղեցին, օրըստօրէ օրէ աճող հա-
մայնքի կարիքները մղեցին Թորոն-
թոհայութիւնը 1987-ին կառուցելու
ներկայ եկեղեցին», խօսքերը վեր-
ջացուց ըսելով «յարգանք ա յն
նուիրեալներուն որոնք զոհաբերե-
ցին իրենց կեանքը, կերտելու եւ մեզ
ժառանգ ձգելու հաւատքի ա յս
տունը, անոնք այսօր անդա ր ձ
բաժնուած են մեզմէ, բայց հոգիով
միշտ մեր հետն են: Շնորհակալու-
թիւնները յայտնեց Ծխական Խոր-
հուրդի անդամներուն գլխաւորու-
թեամբ ատենապետ՝ Տիար Օհան
Օհաննէսեանի իրենց համերաշխ
գործակցութեան համար, յարակից
մարմիններուն, եկեղեցւոյ զո յգ
քարտուղարուհիներուն, գրասեն-
եակի կամաւոր աշխատողներուն եւ
եկեղեցւոյս հոգատարին:
Հովիւի եւ Ծխական Խորհուրդի
որոշումով, իրենց մատուցած ծա-
ռայութեան առ ի գնահատանք յու-
շատախտակներով պարգեւա տ -
րուեցան Տիկ. Ռիթա Պետիրեան
«Տարուայ Կին»ը, Պրն. Գէորգ Պա-
րունեան «Տարուայ Մարդ»ը, Օրդ.
Անն Օհաննէսեան «Տարուայ Երի-
տասարդուհին», Պրն. Տարօն Մար-
տիրոսեան «Տարուայ Երիտասար-
դը» եւ Տէր եւ Տիկին Արամ եւ Թիլի
Իշնար եւ դուստրերը՝ «Տարուայ
օրինակելի ընտանիք»ը: Պատուոյ
գի ր ե ր ս տ ա ցա ն Ծխ ա կ ա ն Խ ո ր -
հուրդի շրջանաւարտ անդամներ
Տ ի կ ի ն Ռ օզի ն Իմ ա ս տ ո ւ ն ե ա ն ե ւ
Պրն. Գէորգ Պարունեան: Պրն. Հայկ
Սելեան պարգեւատրուեցաւ Ս. Եր-
րորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
«Ս. Խաչ» շքանշանով, առ ի գնա-
հատանք իր երկարամեայ ծառա-
յութեան: Ձեռամբ Առաջնորդ Սրբա-
զա ն Հ օր , Առա ջ ն ո ր դ ա ր ա ն ի « Ս.
Խաչ» շքանշանով պարգեւատրուե-
ցա ն , Պ ր ն . Մ ա ս ի ս Աֆ ա ր ե ա ն ե ւ
Պրն. Հայկ Սէլեան, Ծխական խոր-
հուրդը ծաղկեփունջեր նուիրեց
երէցկին Նայիրային եւ մեծարեալ-
ներու ազնուափայլ տիկիններուն:
Գաղութիս ազգայիններէն Տէր եւ
Տիկին Կարօ Զաքարեաններ Սրբա-
զա ն Հ օր ն ո ւ ի ր ե ցի ն ձե ռա գո ր ծ
գեղեցիկ Առաջնորդական «Ասա»
մը:
Կիրակնօրեայի աշակերտներուն
կ ո ղ մ է պ ա տ ր ա ս տ ո ւ ա ծ տ ո ւ ր մ ի
փ ո քր խ ա չե ր , Ս. Աւ ե տ ա ր ա ն էն
ա ռն ո ւ ա ծ ո ս կ ե ա յ հ ա մ ա ր ն ե ր ո վ ,
բաժնուեցան ներկաներուն կիրակ-
նօրեայի երեխաներու կողմէ: Անոնց
կցուած թիւերէն մէկը որպէս օր-
ւ ա ն բ ա խ տ ա ւ ո ր ը , ա ր ժա ն ա ցա ւ
փայտեայ խաչքարի մը, Ս. Էջմիա-
ծինի մէջ պատրաստուած: Օրուայ
բախտաւորը եղաւ Պրն. Վազգէն Քէ-
րամէթլեան:
Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ
Առա ջ ն ո ր դ Սր բ ա զա ն Հ ա յր ը , ո ւ
գնահատեց Ծխական Խորհուրդին,
յարակից մարմիններուն, ձեռնարկի
կազմակերպիչ յանձնախումբին,
օր ո ւ ա յ պ ա ր գե ւ ա տ ր ե ա լն ե ր ո ւ ն ,
շնորհակալութիւն յայտնեց «Պա-
պայեան» Հիմնարկի Ատենապետ՝
Տ ի ա ր Հ ա յկ Սէլե ա ն ի ն , Տ էր Հ օր
տարած բազմաթիւ աշխատանքնե-
րուն, որոնց շնորհիւ ան կը վայելէ
սէրն ու յարգանքը հաւատացեալնե-
րուն, Տէր Զարեհ Աւագ Քահանային
նուիրեց Կոմիտաս Վարդապետի
արձանի մանրակերտը:
Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով
վերջ գտաւ պաշտօնական ճաշկե-
րոյթ-հանդիսութիւնը:
Շնորհակալութիւն կազմակերպիչ
յանձնախումբին, Ծխական Խոր-
հուրդին, որոնց անխոնջ աշխա-
տանքներով յաջողութեամբ պսակ-
ւեցաւ սոյն հանդիսութիւնը:
Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծուխի
Կազմաւորման 87-րդ Տարեդարձ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ
JORONJØ
25 Սեպտեմբեր 2015 Հինգշաբթի երեկոյ Երեւանի Արամ Խաչատուր-
եան համերգասրահը ապրեցաւ իր ցնծութեան երեկոներէն մին: Արդարեւ
այս խիստ յատկանշական համերգը, որ ամբողջութեամբ կը բաղկանար
մոնթրէալահայերու պարծանք Մաժակ Թօշիկեանի յօրինումներէն կազմա-
կերպուած էր ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ, արժանացաւ մեծ
ժողովրդականութեան ու գնահատանքի:
Օրուան արժանաւոր խօսնակն էր շնորհալի Գարոլին Մամիկոնեանը, որ
կատարեալ ձեռնհասութեամբ վարեց յայտագիրը, մերթ ընդ մերթ ունեցաւ
տեղին մատնանշումներ ու հետաքրքրական մէջբերումներ, համեմելով
օրուան յայտագիրը:
Առաջին մասին մէջ, ղեկավարութեամբ Մաժակ Թօշիկեանի ու ընկե-
րակցութեամբ Երեւանի «Էքսպրոմտ» նուագախումբին, լսուեցաւ մեներ-
գողներու բաժինը: Մրցանակաւոր երգչուհի Սիպիլ, ընկերակցութեամբ
Երեւանի «Արեւներ» մանկանց երգչախումբի (խմբավար Արփինէ Յովհան-
նիսեան), կատարեց Աւետեաց Երկիր (Արթիւր Սաֆարեան) եւ Մեր Լեզուն
(Համօ Սահեան) եւ ապա Նամակ (Յովհաննէս Շիրազ) երգերը: Սիրուած
երգիչ Պարթեւ հրամցուց Պանդուխտ Հայեր, Արարատ եւ Ես Կը Մոռնամ
(երեքն ալ Յ. Շիրազ) երգերը: Պոլսահայութեան պարծանք մեր զոյգ
փորձա ռ ու արուեստագէտները հանդէս եկան իսկապէս սքանչելի
մեկնաբանութեամբ եւ արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու: Անոնք
նաեւ դիպուկ նախադասութիւններով ներկայացուցին իրենց զգացումները
հանդէպ հայրենիքին: Իսկ կատարեալ յայտնութիւն մը եղաւ Լիտա’ն, որ իր
բիւրեղային ձայնով սիրտեր գրաւեց երգելով Երեւան (Արմէն Երկաթ) եւ
Զղջում (Մաքրուհի Պ. Յակոբեան) կտորները: Կարգը եկած էր Պոլսոյ
Լուսաւորիչ Երգչախումբին եւ իր երիտասարդ բազմարժէք ղեկավարին,
հմուտ երաժիշտ Յակոբ Մամիկոնեանի: Քառասունէ աւելի երիտասարդ-
ներէ բաղկացած երգչախումբը, բացառիկ ներդաշնակութեամբ ու
նուագախումբի հարազատ ընկերակցութեամբ, կատարեց Կոմիտաս
(Սուքիաս Գումրուեան) եւ Շիրազի Քո Հայրենիք ու Տեսնեմ Անին երգերը:
Ներկայ գիտակից երաժշտասէր հասարակութիւնը ջերմ ծափահարութիւն-
ներով ու գնահատական բացագանչութիւններով ողջունեց կատարողները:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ
Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ ուղերձով մը սրտի խօսքը փոխանցեց:
Երկրորդ մասը յատկացուած էր յայտնի գրող Պերճուհի Պէրպէրեանի
շատ զգայուն ու տպաւորիչ բանաստեղծութեան վրայ վարպետօրէն ու մեծ
բծախնդրութեամբ յօրինուած «Հրանդ Տինք» օրաթօրիոյի առաջին
ունկնդրութեան: Պետական օփերայի մեներգչուհի սոփրանօ Այլին Աթէշի,
պարիթոն Սէրճան Կազէրօղլուի եւ նախկին պոլսահայ այժմ երեւանաբնակ
թէնոր Պօղոս Եղիազարի մենակատարութեամբ (որ կը մարմնաւորէր
Հրանդ Տինքի կերպարը) ներկայացուող այս հիանալի ստեղծագոր-
ծութիւնը, սրահի տրամադրութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց, թէ
նուագախումբին ու երգչախումբին անթերի կատարողութեամբ եւ թէ
մենակատարներուն խիստ զգայուն ու արհեստավարժ մեկնաբանութեամբ:
Թէ ինչ կը վերաբերի խմբավարին, Յակոբ Մամիկոնեան իսկապէս բառին
բուն իմաստով ապրեցաւ ու ապրեցուց այս շատ գեղեցիկ եւ բարձրարժէք
արդի օրաթօրիօն, որ կը պարունակէր թէ դասական, թէ ազգային եւ թէ
փոփ երաժշտութեան հետաքրքրական բաժիններ: Հաճելի անակնկալ մը
եղաւ, երբ այս բաժնին մէջ ունկնդրեցինք նաեւ մոնթրէալահայ ծանօթ
տուտուկահար Համբիկ Ճապուրեանի սրտառուչ նուագը:
Յոտնկայս ջերմեռանդ երկարատեւ ծափահարութիւններէ վերջ բեմ
հրաւիրուեցան Մաժակ Թօշիկեան ընկերակցութեամբ Ռաքէլ Տինք’ի,
Պերճուհի Պէրպէրեան, Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, խմբավարն ու բոլոր
մեներգիչները եւ նաեւ պոլսահայ յայտնի բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որ
ամբողջութեամբ հոգացած էր խումբին ճամբորդութեան եւ կեցութեան
ծախսերը:
Հուսկ բանքը Սփիւռքի Նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանինն էր:
Յարգելի Նախարարուհին շա տ հ ե զա ս ա հ ո ւ մ տ ե ր մ ի կ ո ճո վ մ ը ո ւ
սրտաբուխ խօսքերով նախ գնահատեց պոլսահայութիւնը իր բոլոր
երեսակներով, եւ ապա մի առ մի գնահատական նախադասութիւններով
պարգեւատրեց բոլոր մասնակիցները: Այսպէսով աւարտին հասաւ այս
բացառիկ ու պատմական բարձրամակարդակ երեկոյթը, որ անմոռանալի
տեղ պիտի գրաւէ ներկայ հազարէ աւելի հանդիսատեսներու մտքերուն
մէջ:
Կը շնորհաւորենք օրուայ զոյգ հերոսները՝ Մաժակ Թօշիկեանն ու
Յակոբ Մամիկոնեանը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք:
Յ.Գ. Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք թէ սոյն համերգը մօտալուտ
ապագային պիտի կրկնուի Պոլսոյ եւ Լոս Անճէլըսի մէջ: Կը յուսանք օր մը
Մոնթրէալահայութիւնն ալ բախտը պիտի ունենայ ներկայ ըլլալու այսպիսի
պատմական ելոյթի մը:
LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 • ABAKA • 7
Na.arar Frano, |akob;an ke parg;uatrh Mavak Jø,ik;anin
Մոնթրէալահայ Յօրինող Մաժակ Թօշիկեանի
Ստեղծագործութիւններուն նուիրուած Համերգ Երեւանի Մէջ
«Հրանդ Տինք» Արդի Օրաթօրիոյի Առաջին Ունկնդրութիւն
Գանատայի Վարչապետը Օդակայանին
Մէջ Անձամբ Ողջունեց Սուրիահայ
Փախստականները
Գ ա նա տ ա յի Վարչապետ Ճասթին
Թրուտօ 10 Դեկտեմբերին Թորոնթոյի
օդակայանին մէջ անձամբ դիմաւորեց
Սուրիայէն ժամանած փախստական-
ները, որոնց միջեւ կային նաեւ սուրիա-
հայեր: Գանատայի առաջին կառավա-
րական օդանաւը Թորոնթօ բերաւ 163
փախստականներ: Վարչապետը ողջու-
նեց սուրիահայ Գէորգ Ժամկոչեանը,
անոր կինն ու 16 ամսու դուստրը, ըսելով.
«Բարի գալուստ ձեր նոր տունը»: Գէորգ
Ժամկոչեանն ալ փոխադարձելով, ըսաւ.
«Մենք իսկապէս շնորհակալ ենք Գանա-
տայի կառավարութեան այս որոշման
համար: Մենք շատ տառապած ենք:
Կարծես դժոխքէն դրախտ եկած ըլ-
լանք»:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» կը հաղորդէ որ
Սուրիայէն ժամանած ընտանիքներուն
բաժնուած են ձմեռնային հագուստներ ու
խաղալիք արջուկներ: Փախստականնե-
րով յաջորդ օդանաւը Գանատա եկաւ 12
Դեկտեմբերին:
Գանատայի կառավարութեան որոշու-
մով, մինչեւ 2016ի Փետրուարի վեր-
ջաւորութեան, նախատեսուած է 25 հա-
զար սուրիացի փախստականներ ընդու-
նիլ երկրի մէջ:
|AKOB WARDIWAÂ:AN
Հելեն ծնած է Պոստոն Յունիս 26, 1933ին,
խարբերդցի Խաչատուր եւ եղսա Փիլիպոսեան-
ներու աւանդապահ յարկին տակ։ ծնողքը Մեծ
եղեռնէն վ եր ապրողներ մնացած են իրենց
արմա տ նե րուն կառչած։ Հելեն կը յաճախէ
ուոթըրթաունի երկրորդական եւ Քեթրին Կիպպս
վարժարանները։ աւարտելէ ետք, ան կը յաճախէ
հանրայայտ Հարվըրտ Համալսարանը եւ շրջա-
նաւարտ կ’ըլլայ Humanities ճիւղէն 1960ին։ ան
կ ’ամուս նա ն այ Յակոբ Սարգիսեանին հետ,
Պէյրութ ծնած, որուն հայրը ծանօթ ռամկավար
ազատական եւ «զարթօնք» օրաթերթի երկա-
րամեայ աշխատակից Յ. Յ. Սարգիսեանն էր
եղած։ Յակոբ կ’աշխատէր «Պայքար» Հաստա-
տութեան մօտ։ Հելենի բարեհամբոյր հայրը`
Խաչատուր (1903-1989) հիմնադիր անդամներէն
էր եղած ԹՄՄ ամերիկայի շրջանակին եւ հան-
գըստեան կոչուելէն ետք սիրայօժար կը ծառայէր
«Պայքար Հաստատութեան» մէջ, օգտակար
ըլլալով վարչական գործերուն։
1964-ին Հելեն կը նշանակուի Պոստոնի ՌաԿ
«Տհը արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» պաշտօ-
ն աթեր թի ն որ պէս խմ բագիր, առաջին կին
խմբագիրը դառնալով Ռամկավար ազատական
մամուլին, իրեն օգնական ունենալով` Պէյրութէն
նուպար ակիշեան, որ օգնական խմբագիրն էր
հայատառ «Պայքար» օրաթերթին։ նուպար կը
պատրաստուէր ստանալ իր տոքթորականը բնա-
գիտութեան ճիւղին մէջ։ Հելենի ամուսինը` Յա-
կոբ, որ իր կարգին Ռամկավար ազատական շար-
քային էր, կ’աշխատէր նաեւ ամերիկեան հրա-
տարակչատան մը մօտ եւ ծանօթ ըլլալով լրագ-
րական խոհանոցային աշխատանքներուն, կը
դառնայ օգտակար Հելենի խմբագրական աշխա-
տանքներուն։ այդ օրերուն, Հելենի վարձատրու-
թիւնը շաբաթական 40 տոլար էր. ինքնին արդէն
այդ ցոյց կու տար Հելենին զոհաբերութեան
ոգիին։ ան կը յաջորդէր գաղութին քաջածանօթ
թերթի նախկին զոյգ խմբագիրներուն`Պապ
Վահանին եւ Վարուժան Սամուէլեանին (ծանօթ`
Ճիւսի անունով)։
Հելեն Փիլիպոսեան կ’անդամակցի Պէյ Սթէյթի
ՌաԿ ծովիկեան երիտասարդաց ակումբին. իր
կուսակցական կնքահայրը կ’ըլլայ «Պայքար»
պաշտօնաթերթի խմբագիրը Դոկտ. նուպար
Պէրպէրեան. այսպիսով Փիլիպոսեան-Սարգիս-
եան ընտանիքները կը շարունակէին իրենց ծնո-
ղաց բարի աւանդութիւնը ՌաԿէն ներս։
ան ամէն շաբաթ հասցուց ամերիկահայ թեր-
թին ընթերցողներուն լուրեր Միացեալ նահանգ-
ներու զանազան համայնքներէն, արտասահ-
մանի գաղութներէն եւ հայրենիքէն։ Լրատուա-
միջոցները, այդ օրերուն, տարբեր ընթացք մը
ունէին, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք թէ
Ցուրտ Պատերազմի ամենէն տաք օրերուն ալ կը
խմբագրուէր Ռամկավար այս թերթը։ Պահելու էր
ան կուսակցութեան աւանդական քաղաքական
ուղեգիծը, առանց որ խանգարած ըլլար ամե-
րիկայի արտաքին քաղաքականութեան սեղմում-
ները հանդէպ Խորհրդային Միութեան։
բայց աւելի խորանալով գրական ու լրագրա-
կան ասպարէզներուն մէջ, անոր հետաքրքրու-
թիւնը առաւելաբար կը տարածուէր դէպի փի-
լիսոփայական եւ հոգեբանական գրականու-
թիւնը եւ այս ուղղութեամբ ալ ան գրեց առաջ-
նորդող յօդուածներ` վեր առնելով հայերէն լեզուի
պահպանութիւնը ամերիկայի նոր սերունդին
մօտ, Հայկական Հարցին նորօրեայ տարողու-
թիւնը եւ պահանջատիրութիւնը։ Գրեց թուրքե-
րու կողմէ կանխամտածուած Հայկական Ցեղաս-
պանութեան խնդրին մասին, մանաւանդ որ
խմբագրած թերթը անգրագիր խօսափողն էր
եղած, տասնամեակներ շարունակ, ՌաԿի ամե-
րիկայի լայն շրջանակին։
Հելեն գրած է ամերիկեան հասարակարգին
անարդարութիւններուն, ինչպէս` Վիեթնամի պա-
տերազմին Միացեալ նահանգներու մասնակ-
ցութեան դէմ։ Գրած է Միացեալ նահանգներու
տարածքին երկու իրարու հակառակ կուսակցու-
թիւններուն` ՌաԿի եւ ՀՅԴի յարաբերութիւն-
ներուն` ծնունդ առած Դուրեանի սպանութեամբ
ու շարունակուած Ցուրտ Պատերազմի հետե-
ւանքով Խորհրդային Հայաստանի ի պաշտպա-
նութիւն տարուած ռամկավարներու ուղեգիծին
մասին։ ու դեռ` հայկական նորաբաց վարժա-
րաններուն եւ անոնցմէ սպասուած պահանջք-
ներուն եւ հայկական ինքնութեան վերարժեւո-
րումին մասին (Հոկտեմբեր 17, 1964ի «Միրըր»ի
թիւով) այսպէս`
“Armenian voices are also heard from many of
the countries including America as some have
attained fame in the countries of adoption by
bringing what is distinctly Armenian into their
work and being referred to as Armenians. For
example, Arshile Gorky is recognized as one of
the original and most important of American
artists, for he brought his Armenian identity into
his work.”
1965-ի Մեծ եղեռնի յիսնամեակը նոր սե-
րունդին առջեւ կը բանար պահանջատիրական
նոր հորիզոններ. վերապրող խլեակներու լացէն
ու ողբէն աւելի անդին` ազգը կ’անցնէր բազուկի
եւ նոր սերունդը կը վերադարձնէր մեր հա-
ւաքական առնականութիւնը։ Կը ծնէին նոր
«նեմեսիս»ներ Գուրգէն եանըքեանի ոգիով ու
աՍաԼա-ի տղոց մարտական գործողութիւններով։
«Միրըր-Սփեքթէյթըր»ի սիւնակները նեղ կու
գային տեղացող Ցեղասպանութեան նուիրուած
բազմահարիւր յուշագրական էջերուն համար։
նեղ կու գային նաեւ ազատագրական պայքարի,
լէգէոնական շարժումի, Կիլիկեան երազի, եւ
դեռ` ազգապահպանման մարտահրաւէրներուն,
հայ մշակոյթի պահպանման, հայերէն լեզուի կա-
րեւորութեան, Միջին արեւելքի մայր գաղու-
թներու դերին կարեւորութեան առջեւ։ զանա-
զան ազգային հարցերուն մասին` նոր ձայն մը
սկսած էր այլեւս աղաղակել ու հնչել ամէնուրեք
եւ թերթը դարձաւ արձագանգողը այս բոլորին։
Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները նոր
որակ ստացած էին եւ այլեւս Խորհրդային Հա-
յաստանը «թապու» չէր սփիւռքահայութեան
համար։ Հելեն այդ օրերու խմբագիրն էր արդէն։
Խմբագրականներով ան կը գրէր այս բոլոր
հարցերուն մասին, տալով իր ու մանաւանդ` իր
պատկանած կուսակցութեան մեկնաբանու-
թիւնը։
Ճիշդ Յիսնամեակի ապրիլ 24ի յիշատակու-
թեան օրը, ան ամբողջական թիւ մը հրատարա-
կեց Ցեղասպանութեան նուիրուած եւ զայն
առաքեց ամերիկայի Գոնկրէսի բոլոր անդամնե-
րուն, նախագահ Լինտըն Ճոնսընին, եւ փոխ
նախագահ Հիւպըրթ Հըմֆրիին։ Կար նաեւ յօդ-
ւած մը` «Լալը բաւարար չէ» գրուած Լեւոն Սամ-
ւէլեանի կողմէ, որ հեղինակն էր այդ օրերու best-
selling վէպին` “I Ask You Ladies and Gentlemen”:
իսկ Փիլիպոսեանին խմբագրականը` “Out of
Smol de r in g A sh e s” լո յս տ ե ս ա ւ մ ա յր ա քա -
ղաք ուաշինկթընի “Congressional Record”-ին
մէջ։
1966ին կը թողու խմբագրի պաշտօնը։ Թեր-
թը աւելի կուսակցականացած ըլլալով, 1970ին
կը փոխէ իր առաջուան դիմագիծը, որովհետեւ
արդէն Պոստոն սկսած էին ժամանել Միջին
արեւելքի հայաշատ կեդրոններէն կուսակցական
նոր դէմքեր, որոնք «Տհը արմինիըն Միրըր-
Սփեքթէթըր» շաբաթաթերթին առաքելութիւնը
տարբեր ձեւով կ’ընկալէին` նախկինէն տարբեր։
երբ Պարպըրա Մերկերեան կու գար խմբագրի
պաշտօնին, Հելեն ժամանակաւորապէս` 1975էն
1981 կը ստանձնէր օգնական խմբագրի պաշ-
տօնը։
ան կը գրէ Լորտ Պայրընի հայերէն լեզուի
ուսու մ ն ա կ ա ն տ ա ր ի ն ե ր ո ւ ն ե ր բ մ ե ծա ն ո ւ ն
անգլիացին գացած էր Վենետիկի Մխիթարեան
հայրերուն մօտ սորվելու մեր լեզուն։ Հելեն գրած
է ուոթըրթաունի հայաբնակ աւանին ու անոր
գրադարանին մէջ գտնուող հայատառ մամուլին,
աւանին հանրային վարժարանին մէջ երկլեզու-
եան յա յտ ա գի ր ն ե ր ո ւ մ ա ս ի ն ։ Գր ա խ օս ա ծ է
ամերիկահայ գրողներու գիրքերը, ինչպէս նաեւ`
ՀբըՄի «արարատ» գրական հանդէսի մէջ լոյս
տեսած գրական սիւնակները։
1975ին Լիբանանի մէջ ծայր տուած քաղա-
քացիական պատերազմի բովանդակ տարի-
ներուն, քաջալերած է ամերիկահայութիւնը իր
եղբայրական ձեռքը երկարելու մեր Մայր գա-
ղութի զաւակներուն բիւր ընկերային, տնտե-
սական ու կրթական կարիքներուն։ Հելեն մի´շտ
ալ հաւատացած էր որ ամերիկահայ գաղութը
պիտի վերանորոգուէր, լիցքաւորուէր արտա-
սահմանէն եկած ու պատրաստուած նոր սե-
րունդով։ Մինչ այդ ան այցելած է եւրոպայի
հայկական գաղութներն ու երկիցս ալ` Լիբա-
նան։
Հիմնած է իր «Օհան» հրատարակչութիւնը`
1983ի ն , ե ր բ հ ր ա տ ա ր ա կ ա ծ է ի ր ա ռա ջ ի ն
բանաստեղծական հաւաքածոն` “Carvings from
an Heirloom; Oral History Poems.” այնուհետեւ
հրատարակած է “At Quarter Past Reality: New
and Selected Poems”, որ կը շահի առաջին
մրցանակը Writer’s Digest and History’s Twists:
The Armenian-էն։ անոր բանաստեղծութիւննե-
րէն շատեր կը գրաւեն կայքէջը` Greenwood
Encyclopedia Multiethnic American Literature-ի
վրայ եւ շահած են յաճախ առաջին մրցանակ-
ներ։
“They Called Me Mustafa: Memoir of an Im-
migrant” գրած ու հրատարակած է իր հօր` Խա-
չատուրին հետ, որ արժանացած է յիշատա-
կումին Մեսեչուսէց նահանգի Խորհրդարանին
կողմէ եւ Alexander Street Press-ին կողմէ ալ
տեղադրուած է իր կայքէջին վրայ։ 2012ին հրա-
տարակեց իր “My Literary Profile: A Memoir”
գիրքը, որ շահեցաւ New England Book Festival-ի
տարեկան գնահատագրին։
«Օհան» Հրատարակչութիւնը մինչեւ այսօր
լոյս ընծայած է 10 անուն գիրք, որոնցմէ շատերը
Հելենին գիրքերն են։ Վերջին երկուքը անոնցմէ`
“A New Orchid Myth from Create Space”ը եւ “My
Literary Profile”ը ։
Կը մահանայ Դեկտեմբեր 5, 2015ին, ուոթըր-
թաունի մէջ, յետ անողոք հիւանդութեան: Յու-
ղարկաւորութիւնը տեղի կ’ունենայ Դեկտեմբեր
14ին ուոթըրթաունի նահատակաց աւետարա-
նական եկեղեցւոյ մէջ եւ մարմինը կը յանձնուի
ուոթըրթաունի րիճլոն գերեզմանատան ընտա-
նեկան դամբարանին:
8 • ABAKA • LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016
Մեծ երազի ՃաՄբուն ուղեւորները
ՀԵԼԵՆ ՓԻԼԻՊՈՍԵԱՆ
(Պոստոն, Յունիս 26, 1933 – Ուոթըրթաուն, Դեկտեմբեր 5, 2015)
LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 • ABAKA • 9
AÂO{+APAFAKAN
Ի՞ՆՉ Է «ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԻՒՆ»Ը
(BALANCED DIET)
TØQJ& |AROUJIUN ARXOUMAN:AN
Նոր Տարուայ սեմին, չբաւականանք առողջու-
թեան մաղթանքներով, այլ որպէս գործնական
որոշում, որդեգրենք ճիշդ սննդառութեամբ
պահպանել մեր թանկագին առողջութիւնը:
Կեանքը՝ բուսական, կենդանական կամ մարդ-
կային, անհաւատալի բարդութեամբ չափազանց
նուրբ հաւասարակշռութիւն մըն է, որուն գիտ-
ցըուածը չգիտցուածին քով չնչին համեմատու-
թիւն մը կը ներկայացնէ: Այդ գիտցուած չնչին
մասին ներդաշնակ կիրարկումը բնութեան հրաշ-
քին հետ պիտի ապահովէ աւելի երկար եւ աւելի
առողջ կեանք մը:
Այդ պատճառաւ է որ մինչեւ մօտ 200 տարի
առաջ մարդուն կեանքը միջին հաշուով 40-45
տարի էր, մինչ այսօր Գանատայի, ինչպէս նաեւ
միւս G-7 երկիրներու մէջ, այր մարդը միջին
հաշուով կ’ապրի 80 տարի իսկ կինը՝ 84 տարի,
մինչ յետամնաց երկիրներու մէջ այդ թիւը կը
մնայ 45-50-ի միջեւ: Թէեւ այս յառաջընթացը կա-
րեւոր մասով արդիւնքն է վարակիչ հիւանդու-
թիւններու, սրտանօթային եւ այլ հիւանդութիւն-
ներու դարմանումի յառաջդիմութեան, անկաս-
կած կարեւոր դեր կը խաղայ նաեւ որակաւոր
սննդամթերքի տրամադրելիութիւնը եւ հանրու-
թեան զարգացումը՝ ճիշդ ձեւով օգտագործելու
համար զանոնք:
Սակայն տակաւին շատ տեղ կայ բարելա-
ւումի. ակնյայտ է գիրութեան, շաքարախտի,
արեան գերճնշումի, ծխելու եւ այլ պարագանե-
րու բազմացումը ու սննդառութեան հետ անոնց
ունեցած առնչութիւնը: Մեր մարմնին մէջ տեւա-
պէս բանող քիմիական հազարաւոր ներգործու-
թիւնները կը կարօտին դուրսէն ներմուծուած
համապատասխան նիւթերու, որպէսզի պատ-
րաստուին եւ արտադրուին մարմնին կանոնաւոր
աշխատանքը ապահովող նիւթերը (մարսողա-
կան հիւթեր, ներծոր գեղձերու հորմոններ, արիւն
եւ այլազան բազմաթիւ բաղադրութիւններ):
Ուրեմն մեր սննդանիւթերը պէտք է ընդգրկեն
այն բոլոր նախանիւթերը որոնք անհրաժեշտ են
ն երք ին գործո ղութիւններու, որոնք տեղի
կունենան առանց նոյնիսկ մեր գիտակցութեան:
Այդ է պատճառը որ կը կարօտինք «հաւասա-
րակշռուած սննդառութեան»:
Այդ սննդառութիւնը կը բաղկանայ զանազան
խմբաւորումներէ. –
Proteins.- Բարդ բաղադրութիւններ են բո-
րակածինի (Nitrogen) կապերով միացած, որոնք
կը կատարեն աղիւսի դերը ապրող բջիջներուն
մէջ: Առատօրէն կը գտնուի մսեղէններու, ձուկի,
հաւկիթի, պանիրի, ոսպի, լուբիայի, ընկուզենի-
ներու, ցորենի, պիստակի, արմատներու, մութ
կանաչ տերեւներու մէջ: Մարսողութեան ընթաց-
քին այս նիւթերը կը տարբաղադրուին ու ապա
միաւորները կը վերակազմեն մարմնին այլազան
բջիջները:
Carbohydrates.- Բնածուխի (Carbon) եւ
թթուածինի բաղադրութիւն մըն է որ «այրում»ի
միջոցաւ ջերմութիւն եւ ուժ կ’արտադրէ. առա-
տօրէն կը գտնուի շաքարեղէններու մէջ, ներառ-
եալ արուեստականօրէն պատրաստուած ըմպե-
լիներու, հիւթերու եւ խմորեղէններու մէջ: Արեան
մէջ անոր մակարդակի բարձրացումը յատկա-
նիշն է շաքարախտին (diabetes): Իսկ մարմնի
պահանջքէն աւելի քանակութեամբ անոր ներ-
մուծումը կ’ամբարուի ու կը կուտակուի մարմնին
մէջ որպէս ճարպ, յատկապէս փորին եւ երակ-
ներու պատերուն մէջ:
Իւղեր, ձէթեր (fats, oils): Ընդհանրապէս հե-
ղուկ բուսական իւղեր՝ ձիթաիւղ, canola, sun-
flower եւլն. կը պարունակեն բարձր քանակու-
թեամբ «չյագեցած» իւղ, որ կը բարձրացնէ ար-
եան «օգտակար քոլէսթէրոլ»ը (HDL) եւ կ’իջեցնէ
«վնասակար քոլէսթէրոլի» (LDL) մակարդակը
արեան մէջ: Մինչդեռ, «պինդ» իւղերը կը պա-
րունակեն բարձր քանակութեամբ «յագեցած»
իւղ, որ կը բարձրացնէ վտանգաւոր քոլէսթէրոլի
մակարդակը: Կարագը կը բաղկանայ մօտաւո-
րապէս կիսով «օգտակար» եւ կիսով «վնասա-
կար» իւղ է, մինչդեռ պինդ իւղի մօտաւորապէս
80%-ը վնասակար քոլէսթէրոլէ կը բաղկանայ:
Հանքային նիւթեր (Minerals) – քալսիում, եր-
կաթ, մակնէզիում, փոթասիում, զինգ, որոնք
անհրա ժե շ տ ե ն ո ս կ ո ր ն ե ր ո ւ , ա կ ռա ն ե ր ո ւ ,
եղունգներու եւ այլ հիւսկէններու կերտումին հա-
մար, առատօրէն կը գտնուին կաթի, բանջարե-
ղէններու, պտուղներու մէջ:
Կենսանիւթեր (vitamins): Շատ փոքր քանա-
կութեամբ մարմնին կողմէ պահանջուած նիւթեր
են, որոնք բաւարար չափով կը ստացուին հա-
ւասարակշռուած սնունդէ մը, այլապէս պէտք է
ստացուին որպէս յաւելուած վաճառուած սննդե-
ղէններու կամ դեղահատերու միջոցաւ:
Ուրեմն, հաւասարակշռուած սնունդի համար
նկատի ունենալ՝
1 - Նշայ (starch) պարունակող ուտեստե-
ղէններ – գետնախնձոր, հացահատիկներ (cereal
– whole grain), ոչ-շաքարոտ խմորեղէն (pasta),
հաց:
2 - Պտուղներ եւ բանջարեղէն – օրական հինգ
տեսակ: Ոչ-շաքար աւելցուած հիւթեր, նախա-
ճաշի cereal-ին մէջ մանրուած թարմ պտուղներ
(պանան, խնձոր, եւլն.):
3 - Ձկնեղէն: Առատ protein-ի կողքին կը պա-
րունակէ բարձր քանակութեամբ կենսանիւթեր,
հանքային աղեր եւ omega-3 տիպի իւղեր որոնք
արգելք կը հանդիսանան սրտերակներու խցու-
մին: Օրինակ՝ salmon, mackerel, trout, herring,
թարմ tuna, sardine: Պահածոյ ձուկեր յաճախ
բարձր քանակութեամբ աղ կը պարունակեն:
4 – Զգուշանալ շատ քանակութեամբ «յագե-
ցած» իւղ պարունակող կարծր պանիրներէ,
կարկանդակէ, sausage-է: Մսեղէններէ զատել
իւղերը որքան կարելի է: Զգուշանալ նաեւ շա-
քարոտ ըմպելիներէ:
Նկատի առնել վաճառուած ուտեստեղէններու
փաթեթին վրայ նշուած բաղադրութիւններու
քանակը: Պէտք է խուսափիլ որեւէ ուտեստեղէնէ
որ կը պարունակէ աւելի քան 22g շաքար, կամ
1.5կ աղ եւ կամ 5կ իւղ 100կ-ի վրայ:
Մարմնին մէջ ամբարուած իւղը (մասնաւորա-
բար փորի իւղը) իջեցնելու համար՝ կէսով եթէ
նուազեցուի իւղի եւ շաքարի սպառումը, զուգա-
հեռ մարզանքով (օրական կէս ժամ քալել կամ
հեծիք) կարելի է յուսալ որ մարմնի ճարպերը
հետզհետէ հալին:
Պատանիներն ու երիտասարդները պէտք է
զգուշացնել որ «Քօլա»ներու մոլին չդառնան ու
այդ ըմպելիներու չափազանց բարձր քանակու-
թեամբ շաքարը իրենց մարմնին մէջ իւղերու
շտեմարաններու չվերածուին:
Ուրեմն խօսքէն գործի անցնելով, ակնկալենք
բազմաթիւ առողջ տարիներ:
Սովորաբար կը պատահի, որ մարդ կ’արթննայ լաւ տրամադրութեամբ,
սակայն օրուան
ընթացքին վրայ կը հասնի յոգնածութիւնը, քնկոտութիւնը եւ տրա-
մադրութեան անկումը: Ատիկա շատ արթննալու անհրաժեշտութեան
արդիւնքն է: Յաճախ մարդիկ, որոնք բաւարար չեն քնացած աշխատան-
քային օրերուն, կը փորձեն զայն համարել հանգստեան օրերուն քնանալու
միջոցով: Սակայն ատիկա, ըստ ուսումնասիրութիւններու, չի փրկեր:
Տուեալ խնդիրը դարձած է արդիական յատկապէս վերջին տասնամ-
եակներուն: Մարդիկ կը տառապին աշխատանքի վայրի ճնշումներէն, կը
պառկին ուշ ժամու, կ’արթննան՝ կանուխ: Միջին հաշուով՝ նախատեսուած
քունէն կը կորսուի 40 վայրկեան եւ անիկա կ’ունենայ երկարատեւ հետե-
ւանք: Օրինակ՝ հնարաւոր է կշիռքի յաւելում: Ի դէպ, զգալի քանակի՝ նուա-
զագոյնը 1-2 քիլոկրամ մէկ շաբթուան ընթացքին:
Կը խախտուի «ներքին ժամացոյց»ը, կը նկատուի տրամադրութեան
անկում եւ մարդը կը տանջուի մշտական քաղցէ: Այսպիսով՝ իւրաքանչիւր
ժամու խախտումը կը մեծցնէ ճարպակալման վտանգը 33%-ով:
Տրամադրութեան անկումը եւ ինքնագնահատականի իջեցումը «կը
քալեն» կողք կողքի: Ի դէպ կը դժուարանայ աշխատանքի վրայ կեդրո-
նացումը: Իսկ անիկա կ’իջեցնէ աշխատունակութիւնը՝ թէկուզ եւ այն
պատճառով, որ մարդը անընդմէջ քնանալ կ’ուզէ օրուան ընթացքին: Նաեւ
կը վատանայ անձնական կեանքը: Կը նուազի սեռական ցանկութիւնն ու
տրամադրութիւնը: Այդ բոլորին զուգահեռ կ’իջնէ դիմադրողականութիւնը,
կը մեծնայ շաքարախտի հաւանականութիւնը, սիրտ-անօթային հիւան-
դութիւններու, շնչառական խանգարումներու զարգացման հաւանա-
կանութիւնը: Փորձագէտները խորհուրդ կու տան քնանալու երեկոյեան
ժամը տասին:
Իսկ շաբաթը երկու օր պարտադիր պէտք է քնանալ ժամը տասերկուքէն
առաջ:
Ժամանակակից սխալ սովորութիւնները կը փճացնէ առողջ մարմինը
10 • ABAKA • LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016
Փունջի Խօսքը
Սիրելի պատանիներ, մանուկներ եւ ընթերցողներ
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու մօտալուտ գալուստը
մեծ խանդավառութիւն եւ եռուզեռ ստեղծած է արդէն ամէն
կողմ: Լուսաւոր ցուցափեղկերը եւ գունաւոր զարդարանքները
մեր աչքերը կը շլացնեն, ամէն կողմէ լսուած հաճելի երաժշտու-
թիւնը մեր ականջները կը շոյեն, եւ մենք անհամբերութեամբ կը
սպասենք այն օրը որ Տօնածառին շուրջը բոլորուած պիտի բա-
նանք այնքան սպասուած նուէրները:
Սիրելիներ, եկէք այսօր չմոռնանք թէ Յիսուս Մանուկի ծնունդն
էր որ առիթը ստեղծեց նուէր տալու սովորութեան, երբ երեք
Մոգերը Սուրբ Ծննդեան աղքատիկ մսուրը գտնելով, եկան,
երկրպագեցին մանուկ Յիսուսին եւ իրենց նուէրները՝ոսկի,
կնդրուկ եւ զմուռս, մատուցեցին անոր:
Մեծ ուրախութիւն է նուէր ստանալը, բայց աւելի մեծ է տալու
հրճուանքը: Երեք Մոգերուն համար անհուն ուրախութիւն էր
նուէր տալ մանուկ Յիսուսին, մենք ալ նոյն օրինակին հետեւելով,
մեզի շռայլօրէն տրուած նուէրներէն բաժին հանենք մեր հա-
սակակիցներուն որոնք նուազ բախտաւոր եղած են մեզմէ, եւ
կամ պարագաներու բերումով այսօր դժուար կացութեան մէջ կը
գտնուին:
Եկէ’ք այսօր որոշենք ընտրել միայն մէկ հատ մեր բազմաթիւ
նուէրներէն եւ կարօտեալի մը նուիրելով ուրախացնենք զինք,
կրնա՞նք ընել...: Վստահ եմ որ ոչ մէկ ուրախութիւն պիտի չփո-
խէք տալու ուրախութեան հետ:
Բարեբեր Ամանոր եւ Օրհնաբեր
Սուրբ Ծնունդ բոլորիդ
Յիսնակի Շրջանը եւ Հայ Ժողովուրդի
Յիսնակի Սովորութիւնները
Յիսնակը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծնունդին նա-
խորդող յիսուն օրերու պահքի շրջանն է: Այս շրջանը Արեւմտեան
եկեղեցիներու լեզուով կ’անուանուի Advent: 2015 թուականի
յիսնակի շրջանը կը սկսի 15 Նոյեմբեր Կիրակի օր: Յիսնակի
Պահքի շրջանն ալ Մեծ Պահքի շրջանին նման ինքնամաքրման
ու աղօթքի շրջան մըն է:
Ըստ սովորութեան, Յիսնակի շրջանին հայ տունը կը զար-
դարուի «Յիսնակի Ծաղկեպսակ»ով, որ ունի եօթը մանիշա-
կագոյն եւ մէջտեղը 1 ճերմակ մոմեր: Յիսնակի առաջին շա-
բաթէն սկսեալ 7 շաբթուայ շրջանին տեւողութեամբ, իւրա-
քանչիւր շաբաթի համար մոմ մը կը վառուի յաջորդաբար, որը 7
մահացու մեղքերէն մաքրուիլը կը խորհրդանշէ: Հայ ժողովուրդի
Յիսնակի սովորութիւններէն է նաեւ, ծոմապահութիւն ընող
նշանուած աղջիկներուն նուէրներ ղրկել հրուշակի (հելվա)
ընկերակցութեամբ, որ յաճախ Սուրբ Յակոբի հելվա ալ կը կո-
չեն:
7 շաբթուայ յիսնակի շրջանի ընթացքին, իւրաքանչիւր
շաբթուայ Շաբաթ օրը, կիրականմուտին, շարականներու երգե-
ցողութեամբ եւ աղօթքով, մանիշակագոյն նոր մոմ մը կը վառուի:
Ըստ աւանդութեան մանիշակագոյնը կը համարուի որպէս
պաշտամունքի, վեհ զգացումներու եւ յուզումներու գոյն, որը ան-
հատին զօրութիւն եւ վեհութիւն կը ներշնչէ, իսկ մոմավա-
ռութիւնը կը խորհրդանշէ յաւիտենականութիւն, կեանքի շարու-
նակութիւն:
Մոմավառութիւնը նախաքրիստոնէական շրջանին կը խոր-
հըրդանշէր պաշտամունք եւ աղօթք, իսկ Քրիստոնէութեան
շրջանին կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի անմահութիւնը եւ
մեր հաւատքի լոյսը:
Յիսնակի չորրորդ շաբթուն երբ եօթը մոմերէն չորրորդը վա-
ռենք, այս շրջանը կը կոչուի «Յիսնակի Միջինք» որուն յաջորդող
ե ր ե ք շ ա բ ա թ ն ե ր ո ւ վ ե ր ջաւորութեան կը հասնինք Սուրբ
Ծննդեան տօնին:
Այս պահոց շրջանը կը լրանայ, Սուրբ Ծննդեան նախորդող
Շաբաթ օր՝ կիրակնամուտին, աղօթքներով մանիշակագոյն վեր-
ջին մոմը եւ մէջտեղի ճերմակ մոմը վառելով:
Նշանաւոր Դէմքեր
Չարլի Չափլին
(Չարլզ Սբէնսըր Չափլին)
20-րդ դարու ամենանշանաւոր դերասա-
նը համարուող Չարլի Չափլին իր նշանա-
ւոր կերպարը ստեղծեց 1915 թուականին
որը կոչուեցաւ «ՇԱՐԼՕ»:
«Շարլօ»ի կերպարը ունէր կլոր գլխարկ,
եղէգէ գաւազան, նեղ բաճկոնակ, շալուա-
րանման տաբատ, հնամաշ ու շատ մեծ կօ-
շիկներ, քառանկիւն պեխ:
Չարլի «Շարլօ»ի կերպարին մէջ ոչ թէ
խօսքերով կ’արտայայտուէր այլ շարժու-
ձեւերով: Ան՝ զօրաւոր դիմախաղերով կը
պարզէր մարդկային զգացումները՝ Բա-
րեմիտ, մարդասէր, խորամանկ, դիւրազ-
գաց, ճակատագրին յանձնուած «Ազնիւ
Անգլիացի»ին բոլոր յատկանիշները:
Չարլի Չափլին Անգլիացի դերասանը
ծնած է 16 Ապրիլ1889-ին, համեստ ընտա-
նիքի մը մէջ: Պզտիկ տարիքին իր ծնողքը
բաժնուած են եւ ինք մնացած մօրը քով: Մայրը դերասանուհի
մըն էր, նաեւ երգչուհի, հետեւաբար իր օրերը կ’անցնէին թատ-
րոնը, մօրը սենեակին մէջ: Օր ըստ օրէ մայրը կը կորսնցնէր իր
առողջութիւնը: Հինգ տարեկան էր երբ մայրը ստիպուեցաւ հրա-
ժարիլ բեմէն: Չարլի փափաքեցաւ մօրը տեղ բեմ ելլել, թատ-
րոնին տէրը համոզուեցաւ եւ այդ գիշեր փոքրիկ Չարլի ելոյթ
ունեցաւ, հանդիսատեսները որոտընդոստ ծափահարեցին
զինքը: Այդ օրէն սկսեալ դարձաւ բեմի սիրահար:
Հետզհետէ կարեւոր դերեր կը ստանձնէր:
Չարլի մինչեւ քսանչորս տարեկան ապրեցաւ Անգլիոյ մէջ,
ապա ընկերը զինք տարաւ Նիւ Եորք յառաջանալու համար իր
ասպարէզին մէջ, ուրկէ անցաւ Հոլիվուտ եւ եղաւ նշանաւոր
դերասան մը, դերեր ստանձնելով շարժանկարի երեսուներկու
ժապաւէններու մէջ:
Շար. էջ 14
LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 • ABAKA • 11
ª"oun=ºe ke patrasth^ Søsi Iskhn;an-~arra
Չարլի Չափլին...
Շար. էջ 10-էն
Ամերիկայի մէջ ան արժանացաւ «Պետական Արուեստագէտ»
տիտղոսին: 1923 թուականին ան հիմնեց հոյակապ աշխատա-
նոց մը ու դարձաւ շարժանկարի բեմադրիչ:
1929 թուականի առաջին Օսքար մրցանակաբաշխութեան,
Չարլի Չափլին թեկնածու էր սոյն մրցանակին, սակայն անոր
անունը ջնջուեցաւ թեկնածուներու ցուցակէն եւ իրեն յանձ-
նըուեցաւ «Պատուոյ Օսքար» մրցանակը միայն: 1973 թուակա-
նին ան շահեցաւ լաւագոյն երաժշտութեան «Օսքար»ը իր
«Limelight» ժապաւէնին համար, որը Չարլի իրականացուցած էր
21 տարիներ առաջ սակայն չէր ցուցադրուած Ամերիկայի մէջ:
Չափլին մահացաւ Զուիցերիոյ մէջ ութսունութ տարեկանին :
Չարլի Չափլինի հոյակապ աշխատանոցը թանգարանի վե-
րածուեցաւ:
Ակռաներու
Առողջապահութիւնը
Մարմինը պէտք ունի սնունդի, կանոնաւոր աշխատելու
համար, իսկ մարմինը սնուցանելու համար պէտք ունինք ուտե-
լու: Ուտելու համար կը գործածենք մեր ակռաները պատառները
խածնելու , պատառելու եւ աղալու համար:
Մանուկները կ’ունենան միայն 20 ակռայ որոնք կը կոչուին
«կաթի ակռաներ», աւելի վերջ այս ակռաները կը թափին, տեղի
տալով նոր ակռաներու որոնք կ’ըլլան մեր մնայուն ակռաները:
Մնայուն ակռաներու հոգատարութիւնը կը սկսի կաթի ակռա-
ներու հոգատարութեամբ, հակառակ պարագային կարելի է
ամբողջովին վնասել հետագային բուսնելիք մնայուն ակռանե-
րը:
Չափահաս անձ մը կ’ունենայ 32 ակռայ:
Ակռաները կզակի եւ դունչի ոսկորներուն կապուած են ար-
մատներով, անոնք պատուած են կիտուածով:
Ակ ռա ն ե ր ո ւ Հո գ ա տ արու-
թեան համար պէտք է.-
Խոզանակել զանոնք առնը-
ւ ա զ ն ե ր կ ո ւ ա ն գ ա մ , ն ախա-
ճաշէն ետք եւ գիշերը՝ անկողին
մտնելէ առաջ:
Չմոռնալ յատուկ թելով եւս
մաքրել միջոցները ուր խոզա-
նակը չհասնիր:
Կանոնաւոր կերպով այցելել
ատամնաբուժին, տարին երկու
անգամ:
Գործածել փափուկ խոզանակ չվնասելու համար կիտուած-
ները եւ զանոնք փոխել իւրաքանչիւր ատամնաբուժի այցելու-
թեան:
Հեռու կենալ շաքար պարունակող վնասակար ուտելիքներէ եւ
ըմպելիքներէ:
Գիտէ՞ք թէ ...
Չինացիները ստեղծած են ակռայի խոզանակները Ք.ա. 1000
թ.ին
Թուաբանախաղ
Ներկէ թիւերը պահանջուած գոյներով.
կանաչ- 15, կարմիր- 12, սեւ-10, նարնջագոյն- 7, բաց
կապոյտ- 9, մութ կապոյտ- 14
Ժամանց
Օգնէ Կաղանդ Պապուկին հասնելու իր եղնիկներուն
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015
Abaka 28 12-2015

More Related Content

Viewers also liked (9)

Abaka 09 11-2015
Abaka 09 11-2015Abaka 09 11-2015
Abaka 09 11-2015
 
Abaka 31 08-2015
Abaka 31 08-2015Abaka 31 08-2015
Abaka 31 08-2015
 
Abaka 10 12-2012
Abaka 10 12-2012Abaka 10 12-2012
Abaka 10 12-2012
 
Abaka 19-12-2011
Abaka 19-12-2011Abaka 19-12-2011
Abaka 19-12-2011
 
Abaka 11 02-2013
Abaka 11 02-2013Abaka 11 02-2013
Abaka 11 02-2013
 
Fin
FinFin
Fin
 
Abaka 19 10-2015
Abaka 19 10-2015Abaka 19 10-2015
Abaka 19 10-2015
 
Abaka 14 03-2016
Abaka 14 03-2016Abaka 14 03-2016
Abaka 14 03-2016
 
Abaka 29 02-2016
Abaka 29 02-2016Abaka 29 02-2016
Abaka 29 02-2016
 

Similar to Abaka 28 12-2015 (16)

Abaka 02 11-2015
Abaka 02 11-2015Abaka 02 11-2015
Abaka 02 11-2015
 
Abaka 18 05-2015
Abaka 18 05-2015Abaka 18 05-2015
Abaka 18 05-2015
 
Abaka 08 02-2016
Abaka 08 02-2016Abaka 08 02-2016
Abaka 08 02-2016
 
Abaka 18 01-2016
Abaka 18 01-2016Abaka 18 01-2016
Abaka 18 01-2016
 
Abaka 12 01-2015
Abaka 12 01-2015Abaka 12 01-2015
Abaka 12 01-2015
 
Abaka 06 04-2015
Abaka 06 04-2015Abaka 06 04-2015
Abaka 06 04-2015
 
Abaka 28 03-2106
Abaka 28 03-2106Abaka 28 03-2106
Abaka 28 03-2106
 
Abaka 21 03-2016
Abaka 21 03-2016Abaka 21 03-2016
Abaka 21 03-2016
 
Նոյեմբեր - Դեկտեմբեր 2016
Նոյեմբեր - Դեկտեմբեր 2016Նոյեմբեր - Դեկտեմբեր 2016
Նոյեմբեր - Դեկտեմբեր 2016
 
Abaka 30 11-2015
Abaka 30 11-2015Abaka 30 11-2015
Abaka 30 11-2015
 
Abaka 03 11-2014
Abaka 03 11-2014Abaka 03 11-2014
Abaka 03 11-2014
 
Abaka 12 10-2015
Abaka 12 10-2015Abaka 12 10-2015
Abaka 12 10-2015
 
Abaka 25 05-2015
Abaka 25 05-2015Abaka 25 05-2015
Abaka 25 05-2015
 
Abaka 27 10-2014
Abaka 27 10-2014Abaka 27 10-2014
Abaka 27 10-2014
 
Abaka 29 31-12-2014
Abaka 29 31-12-2014Abaka 29 31-12-2014
Abaka 29 31-12-2014
 
Abaka 06 07-2015
Abaka 06 07-2015Abaka 06 07-2015
Abaka 06 07-2015
 

More from Tekeyan Armenian Cultural Center, Montreal Canada (14)

Abaka 07 03-2016
Abaka 07 03-2016Abaka 07 03-2016
Abaka 07 03-2016
 
Abaka 22 02-2016
Abaka 22 02-2016Abaka 22 02-2016
Abaka 22 02-2016
 
Abaka 15 02 2016
Abaka 15 02 2016Abaka 15 02 2016
Abaka 15 02 2016
 
Abaka 01 02-2016
Abaka 01 02-2016Abaka 01 02-2016
Abaka 01 02-2016
 
Abaka 25 01-2016
Abaka 25 01-2016Abaka 25 01-2016
Abaka 25 01-2016
 
Abaka 21 12-2015
Abaka 21 12-2015Abaka 21 12-2015
Abaka 21 12-2015
 
Abaka 14 12-2015
Abaka 14 12-2015Abaka 14 12-2015
Abaka 14 12-2015
 
Abaka 07 12-2015
Abaka 07 12-2015Abaka 07 12-2015
Abaka 07 12-2015
 
Abaka 23 11-2015
Abaka 23 11-2015Abaka 23 11-2015
Abaka 23 11-2015
 
Abaka 26 10-2015
Abaka 26 10-2015Abaka 26 10-2015
Abaka 26 10-2015
 
Abaka 28 09-2015
Abaka 28 09-2015Abaka 28 09-2015
Abaka 28 09-2015
 
Abaka 14 09-2015
Abaka 14 09-2015Abaka 14 09-2015
Abaka 14 09-2015
 
Abaka 21 09-2015
Abaka 21 09-2015Abaka 21 09-2015
Abaka 21 09-2015
 
Abaka 07 09-2015
Abaka 07 09-2015Abaka 07 09-2015
Abaka 07 09-2015
 

Abaka 28 12-2015

  • 1. ԻՐ ԾՆՆԴԵԱՆ 80-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ Ի ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԿԻՍԱԴԱՐԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՈՒՈՒԻ ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱԼՈՎ ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՈՎ Դեկտեմբեր 19-ին, Գանատահայոց Առաջնորդարանի գլխաւո ր դ ահ լ իճի ն մէջ, Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծնունդի տօներու առիթով Առաջնորդի տարեկան հիւրասիրութիւնը որուն ներկայ էին Թեմական, Ծխական եւ գաղութի տարբեր կազմակերպութեանց ու գործօն ազգայիններու կարեւոր թիւ մը: Այդ առիթով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախաձեռ- նութեամբ յատուկ պատիւի արժանացան կարգ մը ազգա- յիններ: Յատուկ կերպով պատուի արժանացաւ Գանատա- հայ եւ Սփիւռքահայ ծանօթ ազգային Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, որ վերջերս նշեց իր ծննդեան 80-րդ տարե- դարձը: Դոկտ. Կէօնճեան քաջածանօթ է գանատահայութեան ինչպէս նաեւ Սփիւռքի եւ Հայրենիքի տարածքին աւելի քան կէս դարուայ վրայ տարածուած իր եզակի բազմերանգ ազ- գային եկեղեցական ծառայութեանց եւ իրագործումներուն կապակցութեամբ: Այս առիթով ՀՀ Սփիւռքի Նախարարու- թիւնը զինք պատուած էր իր ոսկէ մետալով, իսկ Հայոց Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ կաթողիկոսը յղած էր իր Օրհնութեան Գիրը: Տեղին է յիշել այստեղ թէ տարիներու ընթացքին Դոկտ. Կէօնճեան արժանացած է ազգային բազմաթիւ բարձր Շար. էջ 3 A X G A | I N % M < A K O U J A | I N : U F A S A R A K A K A N < A B A J A J : R J LX& TARI JIU 2015-2016 :RKOU<ABJI% 28 D:KT:MB:R 2015 :U 4 |OUNOUAR 2016 • VOL. XXXVI, NO 2015-16 • LUNDI, 28 DEC. 2014 & 4 JAN. 2015 • MONDAY, DEC. 28, 2014 & JAN. 4, 2015 Srbaxan Fare ke ˜o.anzh Dokt& Ar,auir Khøny;anin FF S˜iu®qafaouj;an Na.ararouj;an bar]ragon oskh m;tale NOR TAROUAN NA>A<:MIN^ +:RMAPHS KE <NORFAUOR:NQ M:R ENJ:RZO{N:RE% I SRTH MA{J:LOW^ OR 2016 JOUAKANE BAR:B:R% ØRFNAB:R :U >A{A{ TARI ME ELLA| FAMA|N FA|OUJ:AN I FA|ASTAN :U I SˆIUÂS A<>ARFI 1915-2015 FA|OZ Z:{ASPANOUJ:AN 100-RD TAR:DAR} KE |I<:M :U KE PAFAN+:M Շաբաթ` 19 Դեկտեմբերի գիշերը, ատրպէյճանական ներթափանցման գործողու- թիւններու պատճառով ղա- ր ա բ ա ղ ե ա ն - ա տ ր պ է յ ճ ա - նական սահմանագօտիին վրայ զոհուած է 19-ամեայ զինուոր Ֆիտար Ալոյեան: Լեռնային Ղարաբաղի Հան- րապետութեան պաշտպա- նութեան նախարարութիւնը կը փոխանցէ, որ գիշերային գործողութիւններու պատ- ճառով Ատրպէյճան առնը- ւազն երկու սպաննուած եւ քանի մը վիրաւոր ունի: Ներթափանցման փորձէն անմիջապէս ետք, աշխա- տանքային այցելութեամբ Ղարաբաղ մեկնեցաւ Հա- յաստանի պաշ տ պ ա ն ո ւ - թեան նախարա ր Սէյր ա ն Օհանեան: Լեռնային Ղա- րաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան փոխան- ցումով, Օհանեան Լեռնային Ղարաբաղի իր պաշտօնա- կից, հազարապետ-զօրա- վար Լեւոն Մնացականեանի ուղեկցութեամբ, «հայկա- կան զոյգ հանր ա պ ե տ ո ւ - թիւններու զինուորական համագործակցութեան եւ գործողութիւններու համա- դըրման ծրագիրի շրջագի- ծին մէջ ծանօթացած է սահ- մ ա ն ա յի ն ի ր ա դ ր ո ւ թ ե ա ն , հակառակորդի ոտնձգու- թ ի ւ ն ն ե ր ո ւ ն , ա յս ո ւ հ ե տ ե ւ նպատակային կերպով հա- կազդելու ուղղութեամբ տա- րուող աշխատանքներուն, հանդիպումներ ունեցած է հրամանատարական կազ- մ ի ն ե ւ պ ա յմ ա ն ա գր ա յի ն զինուորական ծառայողնե- րու հետ»: Թշնամին կը շարունակէ խախտել զինադադարը Հայկական կողմը ունի մէկ նահատակ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը վերջ կը գտնէ առանց որեւէ արդիւնքի Շաբաթ՝ 19 Դեկտեմբեր 2015-ին, Զուիցերիոյ մայրա- քաղաք Պեռնի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանա- խագահներու միջնորդու- թեամբ Հայաստանի եւ Ատըր- պէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցաւ հան- դիպում մը` Լեռնային Ղարա- բաղի տագնապի խաղաղ լուծման ջանքերուն ծիրին մէջ: Երկու նախագահներուն հանդիպումէն ետք, Հայաս- տանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալ- բանդեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Հա- յաստանը կը վերահաստատէ իր պատ- րաստակամութիւնը` շարունակելու բանակ- ցութիւնները` բացառապէս խաղաղ միջոց- ներով հասնելու տագնապի լուծման: Նալբանդեան տեղեկացուցած է նաեւ, թէ բանակցութիւններուն ընթացքին քննար- կըուած է սահմանային դէպքերու հետա- քըննութեան մեքանիզմի ստեղծման հարցը, որուն հետ կապուած` հայկական կողմը վերահաստատած է իր պատրաստակա- մութիւնը: Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին, «համանախագահները պատասխանի կը սպասեն», ըսած է Նալբանդեան: Հանդիպումէն ետք՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ վեհաժողովը նախագահներուն կարելիու- թիւն ընծայած է առանձնազրոյցի ձեւա- չափով հանդիպումի ընթացքին յստակաց- նելու իրենց դիրքորոշումը: Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հ ր ա պ ա ր ա կ ա ծ յա յտ ա ր ա ր ո ւ թ ե ա ն մ էջ կ՛ըսուի. «Նախագահները քննարկած են վերջին շրջանին բռնարարքներու դէպքերը եւ յատուկ մտահոգութիւն յայտնած են զոհերուն առնչութեամբ, ներառեալ քա- ղաքային անձերու շրջանակին մէջ` ծանր զէնքերու օգտագործման պատճառով: Նա- խագահները իրենց աջակցութիւնը յայտ- նած են համանախագահներուն կողմէ տար- ւող աշխատանքին այն առաջարկներուն շուրջ, որոնք ուղղուած են շփման գիծին եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ բռնարարքներու վտանգներու նուազեց- ման, ներառեալ` հետաքննութիւններու մե- քանիզմ կիրարկելուն:
  • 2. <abajaj;rj Hebdomadaire Arménien Armenian Weekly ISSN 0382-9251 Publié par /Published by Le Centre de Publication Tékéyan 825 rue Manoogian, Saint-Laurent, Québec H4N 1Z5 Tél: (514) 747-6680 • FAX: (514) 747-6162 e-mail: abaka@bellnet.ca www.tekeyanmontreal.ca PM40015549R10945 TPS/GST – R119209294 • TVQ/PST #1006268699 2 • ABAKA • LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 Canada 2nd Class $80 (QC & ON) 1ère classe/first class $90 U.S.A. 1st class (US)$90 Autres pays/Other countries: 1st class (US)$120 Per issue $1.75 Dépôt légal: Bibliothèque du Québec ABAKA Patas.anatou .mbagir^ AU:TIS PAGGAL:AN ’anouzoumn;rou% nouiratououjiunn;rou ;u gras;n;aki patas.anatou^ SALBI MARKOS:AN Joronjoi patas.anatou^ MATAJ B& MAMOUR:AN “We acknowledge the financial support of the Government of Canada through the Canada Periodical Fund (CPF) for our publishing activities.” Անիի մօտ յայտնաբերուած են նախապատմական ժայռապատկերներ Հայկական Անի մայրաքաղաքէն 11 քմ. հեռաւորութեան վրայ` Հա- յաստան-Թուրքիա սահմանին մօտ Ալէմ գիւղին մէջ յայտնաբերուած են շրջանին համար կարեւոր նշանա- կութիւն ունեցող տասնհինգ ժայռա- պատկերներ: Կարսի նահանգի Մշակոյթի եւ արուեստի ընկերակցութեան ղեկա- վար Վետաթ Աքչաեիւզ յայտնած է, որ Ալէմ գիւղին մէջ յայտնաբերուած 15 ժայռապատկերները ղրկուած են թանգարանային տնօրէնութեան: Ան յոյս յայտնած է, որ այս ժայռապատ- կերները կ՚օգնեն՝ Անիի ամբողջ տարածքին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշ- խարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկումին: «Իբրեւ տեսին զաստղն, Խնդացին յոյժ յուրախութիւն մեծ»: (Մատթ. Բ. 10) Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ. Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի. Մեզ եւ Ձեզ Մեծ Աւետիս. Սիրելի բարեպաշտ հաւատաց- եալ ժողովուրդ Գա նա տ ա հայո ց Տ ի րախնամ Թեմի Վերստին Ամանորը եւ յաջոր- դող Ս. Ծննդեան տօնը կը բերեն մեզ դարաւոր բայց երբեք չհինցող ու անսպառ յաւերժական ճշմար- տութեան առջեւ, թէ պատմու- թեան մէջ երջանիկ օր մը, լուռ ու խաղաղ գիշեր մը Աստուածու- թ իւնը «ը նդ մ եզ» ե կաւ նաեւ մարմնապէս: 2015 թուականն ալ անցաւ յաւերժական անհունի գիրկը եւ մարդկութիւնը մէկ անգամ եւս սրտատրոփ յոյսով ու հաւատքով լի կանգնած է Նոր Տարուայ շեմին: Արդարեւ միասիրտ ու միախորհուրդ դիմաւորենք անգամ մը եւս մեծ եւ սքանչելի աւետիսը մեր Փրկչի՝ Յիսուսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան, այն հաստատուն հաւատքով թէ ամէն տարի մեզ բաշխուող այս աւետիսը կարող է օգնել մեզ հանելու մեր հին զգեստները եւ դառնալու նոր մարդեր, ինչպէս կը պատուիրէ առաքեալը «զգալ զնոր մարդն որ ըստ Աստուծոյն հաստատեալ է...» (Եփես. Դ 24): Ոչ թէ ժամանակի փոփոխութիւն այլ մարդու փոփո- խութիւն ժամանակի մէջ, ահա այս է նոր տարուան հիմնական հարցը: Փոխանցենք իրարու սիրելիներ հրեշտակէն տրուած Մեծ Աւետիսը՝ «Որ եղեւ վասն ամենա յն ժողովրդեանն» «Զի ծնաւ մեզ այսօր Փրկիչ»: Օրհնենք զԱյն սիրով եւ սրտով «Զի վասն մեր մարմնացաւ»: Սուրբ ու երջանիկ այս առիթով կը մաղթենք, որ խաղաղութեան ու արդարութեան արեգակի շո- ղերը իջնան առատօրէն աշխար- հի եւ մարդոց վրայ, որպէսզի աճի հոգիներու մէջ բարի կամեցո- ղութիւնը եւ մարդիկ ու ազգեր սորվին զիրար հասկնալ, զիրար յարգել ու գնահատել եղբայրա- բար: Ս. Ծնունդով առաւել իմաստա- ւորուած Նոր Տարին դիմաւորենք աղօթքով եւ բարի գործերու կա- տարումով: Այս առիթով մեր սրտագին ու կենարար աւետիսը կը բերենք Գանատահայոց Եկեղեցակ ա ն Դասուն, Թեմական ու Ծխական Խորհուրդներու պատուարժան անդամներուն, Տիկնանց Յանձնախումբերու ն ո ւ Դպրաց Դասերուն, Աստուածասէր ու ազգանուէր բարերարներուն, ազգային, բարեգործական, կրթական ու մշակութային միութիւններու, հաստատութիւններու անդամներուն մաղթելով Տիրոջ առատ օրհնութիւններն ու շնորհները անձնական ու հասարակական կեանքի մէջ: Օրհնեալ ըլլաք դուք եւ թող Ձեր ընտանեկան հար- կերը յաւէտ լեցուին մանուկ Յիսուսի ծննդեան երա- նաւետ աւետիսով: Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ Աղօթքով եւ օրհնութեամբ՝ ԱբգԱր Եպս. ՅովԱկիմԵԱն Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի ԱՌԱՋնորԴ սրբԱԶԱն ՀՕր ս. ԾննԴԵԱն պԱՏգԱմԸ Եւրոմիութիւնը հաստատած է Հայաստանի մէջ բարեփոխումներուն ուղղուած 30 միլիոն Եւրոյի աջակցութեան ծրագիրը Եւրոպական յանձնաժողովը ըն- դ ունա ծ է Հայ աս տանին աջակ- ցութեան 30 միլիոն եւրոյի նոր ծրա- գիրը: Աջակցութեան այս ծրագիրը պէտք է օգնէ Հայաստանին կատա- ր ելու բա ր եփ ոխո ւմներ, որոնք ուղղուած են իր քաղաքացիներուն աւելի լաւ աշխատանքային հնա- րաւորութիւններ տրամադրելուն, երկրի ֆինանսական կառավարման ամրապնդման եւ ժողովրդավարա- կան որոշումներու կայացման գոր- ծընթացին, Հայաստանի քաղաքա- ցիական հասարակութեան մաս- նակցութեան բարելաւման, կը գրէ Panorama.am-ը: Ինչպէս կը տեղեկանանք Եւրո- պական յա ն ձնաժո ղովի կայքէն, յայտարարելով աջակցութեան այս փաթեթի մասին, Եւրոպական հա- րեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնա- կ ատար Եո հան նէս Հանը ըսած է․«Այս նորացուած աջակցութիւնը մեր արեւելեան հարեւանին առիթ կու տայ վճռորոշ բարեփոխումներ իրականացնելու: Սա լաւ նորութիւն է Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, քանի որ այս բարեփոխում- ները, ըլլայ անիկա աւելի լաւ հան- րային ծառայութիւններու կամ աշ- խատանքի աւելի մեծ հնարաւորու- թիւններու առումով, ուղղակիօրէն օգտակար պիտի ըլլայ անոնց հա- մար»: «Աւելի լաւ որակաւորում` աւելի լաւ աշխատանքի համար» գործո- ղութիւնը, որուն կը տրամադրուի 15 միլիոն եւրօ, պիտի ձգտի բա- րելաւելու Հայաստանի աշխատա- շուկայի  եւ աշխատաուժի արդիւ- նաւէտութիւն` յատուկ ուշադրու- թիւն դարձնելով գիւղատնտեսու- թեան ոլորտին մէջ զբաղուածու- թեան: «Հանրային ֆինանսական քա- ղաքականութեան բարեփոխում- ներու ծրագիրը», որուն կը տրա- մադրուի 10 միլիոն եւրօ, պիտի ուղղուի Հայաստանի մէջ հանրային ծախսերու հաշտուողականութեան, թափանցիկութեան ու արդիւնաւէ- տութեան բարձրացման` միջազգա- յին չափորոշիչներուն եւ փորձին համահունչ: Այս ծրագիրը պէտք է նաեւ օգնէ կանխելու կաշառակե- րութիւնը: «Քաղաքացիական հասարակու- թեան հնարաւորութիւններ» ծրա- գիրը, որուն կը տրամադրուի  5 մի- լիոն եւրօ, պիտի ամրապնդէ քա- ղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու կարողու- թեան` արդիւնաւէտօրէն մասնակ- ցելու ժողովրդավարական որոշում- ներու ընդունման գործընթացին: Ծրագիրը պիտի բարելաւէ կազմա- կերպութիւններու կարողութիւննե- րը` ներգրաւուելու քաղաքականու- թեան մշակման ու ուսումնասիրու- թեան:
  • 3. LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 • ABAKA • 3 Դոկտ. Արշաւիր կէօնճեան... շար. էջ 1-էն գնահատականներու եւ պարգեւատրութեանց, իբրեւ արդիւնք իր բազմաթիւ եւ տարածուն ծա- ռայութեանց եւ իրագործումներուն ի նպաստ Հայ. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Հ.Բ.Ը.Մ.-եան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Թէ- քէեան Մշակութային Միութեան եւ Հայրենիք- Սփիւռք յարաբերութեանց: Դոկտ. Կէօնճեանին, անցեալին կատարուած գնահատական պարգեւատրութեանց կարգին կ’արժէ յիշել՝ -1978-ին Մոնթրէալի նորակառոյց Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան Վարժարանի հանդիսասրահ- մարզասրահի անուանումը, «Արշաւիր եւ Նա- տիա Կէօնճեան սրահ», նոյն ինքն հանգուցեալ Հ.Բ.Ը.Մ-ի ցկեանս նախագահ՝ Ալեք Մանուկեանի կողմէ որպէս բարձր գնահատանք վարժարանի յղացման, հիմնադրութեան եւ իրականացման բացառիկ գործին: -1981-ին Ս. Ներսէս Շնորհալի շքանշանը շնորհուած հոգելոյս Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետին կողմէ. -1985-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանը նոյնպէս շնորհուած հոգելոյս Վազգէն Ա. Հայ- րապետին կողմէ. -1993-ին ան կը կոչուի «Գանատահայոց Թե- մական Խորհուրդի Պատուոյ Ատենապետ» օրուայ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէր- տէրեանին եւ Թեմական Խորհուրդին որոշումով, որպէս Գանատայի նորաստեղծ Առաջնորդու- թեան գլխաւոր հիմնադիրներէն եւ Անդրանիկ Թեմական Խորհուրդի երկարամեայ Ատենապետ: -2009-ին, Հայաստանի ԹՄՄ-եան ադաման- դակուռ «Արարատ» շքանշան, որպէս Հայաս- տանի «Ազգ» թերթի յղացող, հիմնադիր անդամ- ներէն մէկը եւ որպէս Ռ.Ա.Կ.եան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ, Սփիւռքի եւ Հայաս- տանի մէջ իր կատարած կազմակերպական առաջնորդող գործունէութեան համար: -2011-ին, կը կոչուի «Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդ- րոնական Վարչութեան վաստակաւոր անդամ» (Emeritus) աւելի քան երեք տասնամեակներ ծառայելէ ետք որպէս Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ վերջին շրջանի Միութեան իբրեւ Փոխ- Նախագահ: -2012-ին, Հայաստան Համահայկական Հիմ- նադրամին (Հ.Հ.Հ.) կողմէ կը ստանայ «Ազգին Նուիրեալ» (True Patriot) ոսկէ մետալը: Դոկտ. Կէօնճեան 1992-ին, ՀՀ Նախագահ Լեւոն Տէր Պետ ր ո ս ե ա ն ի հ ր ա ւ էր ո վ ա ն դ ա մ ն ե ր էն մ էկ ը նշանակուած էր Հ.Հ.Հ.-ի հիմնադիր Խորհուրդին: Կը շնորհաւորենք Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճ- եանը, իր կողակիցը Նատիան եւ զաւակներ՝ Անոյշը եւ Լորին, այս նոր պարգեւատրման առիթով: Դոկտորին կը մաղթենք առողջութիւն եւ երկար կեանք: «ԱպԱգԱյ» հԱՅրԱՊետԱկԱն շքԱնշԱն, կոնԴԱկ եւ սՓիւՌքի նԱԽԱրԱրութեԱն շքԱնշԱններու տուՉութիւն մոնթրէԱԼԱհԱՅ ԱԶԳԱՅիններու Շաբաթ 19 Դեկտեմբերին Գանատահայոց Առաջնորդութեան կողմէ հիւրընկալուած Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ընդունելութեան ընթացքին, աննախընթաց բարձր թիւով Թեմական, Ծխական, յարակից մարմիններու, բարերարներու եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ու Լավալի Ս. Խաչ Եկեղե ցւո յ բար եկամ ներու ներկայութեան Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան յառաջիկայ տօնական օրերու առիթով շնորհաւորեց եւ օրհնեց բոլոր ծառայողներուն ու բարձրօ- րէն գնահատեց անոնց նուիրումը մեր եկեղեցիներու պայծառացման համար: Ապա Սրբազան Հայրը փոխանցեց, իր նախաձեռնութեամբ կատարուած, բարձր գնահատանքները եւ պարգեւները հետեւեալ ազգա- յիններուն իրենց բարձրարժէք ծառայութիւններուն առ ի գնահատու- թիւն. Դոկտ. ԱրշԱւիր կէօնճեԱն-ի իր 80 ամեակի առիթով- Ամենայն Հա- յոց Կաթողիկոսի Օրհնութեան Գիրը ու ՀՀ Սփիւռքահայութեան Նախարա- րութեան բարձրագոյն ոսկէ մետալը. տօքթ. Արթօ տէմիրճեԱնի – ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ոսկէ մետալով. տէր եւ տիկին Վրէժ եւ իմԱստուհի նիկողոսեԱնի – Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձրագոյն պարգեւը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առա- ջին Կարգի Շքանշանը ու Հայրապետական Կոնդակը: Բարերար ամոլը իրենց անցեալի զանազան բարերարութիւններուն վրայ կու գան աւելցնել 250,000 Ամ. Տոլարի գումար մը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադ- րամի միջոցաւ հիմնականօրէն վերանորոգելու Արցախի հիւանդանոցնե- րէն մին: Ներկայ ազգայիններու գնահատական բուռն ծափահարութիւններով ու Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւն- ներով վերջ գտաւ այս պատմական հիւրընկալութիւնը որուն ներկայ էին նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան եւ Լավալի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կո- միտաս Քհնյ. Միրզախանեան: Ուորլիք. «Պէտք է լսել Լ. Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութեան ձայնը» «Միացեալ Նահանգներու` Լեռ- նային Ղարաբաղի տէ ֆաքթօ կա- ռավարութեան հետ կապուած քա- ղաքականութիւնը կը մնայ անփո- փոխ: Մենք կը յարգենք Ատրպէյճա- նի տարածքային ամբողջականու- թիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը»: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»-ի, ըսած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերի- կացի համանախագահ Ճէյմս Ուոր- լիք: Համանախագահը նշած է, որ տարածքի հարցը մաս կը կազմէ տագնապին բազմակողմանի լուծ- ման. «Անոր մէջ կը մտնէ նաեւ Լեռ- նային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշումը: Կ՛արժէ նշել, որ արդարա- ցի լուծումը պիտի հիմնուի միջազ- գային իրաւունքին վրայ: Անոր մէջ կը մտնէ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը եւ ուժ ու սպառնալիք չկի- րարկելու սկզբունքը, ներառեալ նաեւ տարածքային ամբողջակա- նութեան եւ ինքնորոշման սկըզ- բունքները: Ո՛չ մենք, ո՛չ Հայաս- տանը, ո՛չ ուրիշ երկիր կ՛ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի վարչակար- գը: Միաժամանակ անհրաժեշտ է լսել Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութեան ձայնը, ինչ որ նաեւ կ՛ընեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները», աւելցուցած է ամերիկացի համանախագահը:
  • 4. 4 • ABAKA • LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 ՅիՇատակի ԵրԵկոՅ Վահան ԹէքէԵանի Մահուան 70-աՄԵակի առԹիւ «Վահան Թէքէեանով Կը Զգաստանանք...» «- Եւ թուրքերուն յատկացո’ւր ար- քայութիւնդ անբաւ...»: Այս ցնցիչ բողոքը գրուած էր յայ- տագրին 2րդ էջին վրայ: Կիրակի 20 Նոյեմբեր 2015: Մոնթրէալահայ գեղարուեստասէր հ աս ա ր ա կո ւթ իւնը, խուռներամ, եկած էր յարգելու Վ. Թէքէեանի մահ- ւան 70 ամեակի յիշատակի երեկոն: Ինչպէս գիրքի մը, կամ յօդուածի մը վերնագիրը, նոյնպէս եւ բացման խօսք մը , կը պար փ ակէ ամբողջ հանդիսութիւն մը: Հետեւաբար բաց- ման խօսքը, լոկ մի քանի խօսք չէ, այլ հանդիսավարը իր ընտրանի բա- ռերով պէտք է ջերմացնէ երեկոյթը ու առաջնորդէ ներկաները դէպի որոշ ուղղութիւն մը: Սիլվա Ամատունի-Թոքաթլեան այդպէ’ս ալ ըրաւ: Յստակ առոգա- նութեամբ եւ դիւրահաղորդ ձեւով, ան ճարպիկօրէն, իր բացման խօս- քով, կրցաւ ստեղծել ակնկալուած դասական մթնոլորտը: Եւ ահա, ամպիոն բարձրացաւ Տիկ. Վարդի Դանիէլեան: Շատ ան- գամ ներկայացուած Թէքէեան մը, դժուար պիտի ըլլար մօտ 30-40 վայրկ- եանի ընթացքին, նորութիւններով ու հետաքրքրական ձեւով ներկա- յացնել: Սակայն Տիկ. Դանիէլեան, առոյգ ոճով ու խիստ ուսումնասիրուած տուեալներով, մեզ մագնիսացուց մինչեւ վերջ: Ան գունաւոր շարժանկարի մը գեղեցկութեամբ մեր երեւակայութենէն անցուց Վ. Թէքէեան քերթողին դաւանանքը, յետոյ անցնելով կենսագրական գիծերէն, Օշականի ուսում- նասիրութիւններով համեմած, կամ փրօֆ. Աւետիս Սանճեանի «Նամա- կանի»էն ազդուելով, ան ճամբորդեց «Խնջոյք»էն մինչեւ «Հանըմ»ը մինչեւ հասաւ բուն նիւթին «Վահան Թէքէեան» իրաւ բանաստեղծը: Իսկ իբրեւ եզրակացութիւն Տիկ. Վարդի Դանիէլեան փակեց իր զգայացունց բանա- խօսութիւնը հետեւեալով՝ «Վարուժանով կը հպարտանանք: Դուրեանով կը տառապինք: Մեծարենցով կ’անուշնանք: Վահան Թէքէեանով կը զգաս- տանանք»: ... Որոտնդոստ ծափահարութիւններ: Հանդիսութենէն թէեւ անցած են օրեր, սակայն Վրոյր Մուղալեանի ձայնը մեր ականջներուն, իսկ շունչը մեր սրտերուն մէջ է տակաւին: Սիւրմէլեանի կողմէ ուղղուած նամակը՝ Թէքէեանի, իսկ աւելի վերջը՝ «Բարձրացում»ը իր իւրայատուկ ոճով, Վրոյր, անջատեց մեզ, մեր առօրեայ հասարակական վայրկեաններէն ու վերացուց մեզ դէպի մարդկային ազնուութեան ու կեանքի իրականութեան նուրբ սկզբունքները: Ասմունքներու շարքը գրեթէ պիտի սկսէր ու անշուշտ պիտի վերջանար Վիգէն Ֆռունճեանի ուժեղ շունչով: Նախ, «Պիտի ըսենք Աստուծոյ»ն տար- բեր ու նոր մեկնաբանութեամբ, ան կը խօսէր մեզի հետ, կը համոզէր մեզի դէպի այն դաժան ըմբոստութիւնը՝ Աստուծոյ հանդէպ, ուր հայը՝ կրած դառնութենէն ետք կը նախընտրէ դժոխքը, հեգնօրէն թողելով դրախտը՝ թուրքին: Վիգէն, պահ մը, հարա- զատօրէն, մեզ համոզեց այդ ըմբոս- տութիւնը: Արմէն Քէպէքի Ալեք Մանուկեան Վրժ.ի աշակերտութիւնը՝ մօտ 15, իրենց դպրոցական համազգեստով, ե կ ա ծ էի ն կ ա տ ա ր ե լո ւ , խ մ բ ա յի ն արտասանութիւնը՝ «Աղօթք վաղ- ւան սեմին առջեւ» համաչափ, զգա- ցումով եւ մանաւանդ գիտակցու- թ ե ա մ բ : Ահ ա ւ ա ս ի կ վ ա ր ժա ր ա ն ի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչութիւնը, ա ռա ջ ն ո ր դ ո ւ թ ե ա մ բ ե ւ մ ի ա ցե ա լ ուժերով տիկք. Վարդուհի Ֆստքճ- եանի եւ Վարդի Դանիէլեանի, որ կը պատրաստեն հայ ոգիով սնած նոր սերունդ մը: Ար փ ի Սո ղ ո մ ո ն ե ա ն բ ե մ ա կ ա ն արտայայտութեամբ՝ խօսքերը ուղ- ղած զինք ներշնչող Թէքէեանի դի- մանկարին, կարծես մենախօսութիւն մըն է որ կը կատարէր «Ես սիրե- ցի»ով: Արփի, իր ձայնի ելեւէջներով ու դէմքի արտայայտութիւններով մեզի դրաւ մաքուր՝ սիրային ու վի- պական մթնոլորտի մէջ: Յաջորդեց գեղեցիկ ու զօրաւոր գեղարուեստական հակադրութիւն մը: «Ահաւոր բան մը այնտեղ»ը Ալեքսիա Կէօնճեան-Խաչիկեանի կատա- րումով: Ալեքսիա ցնցեց մեզ, իր ամէն մի շունչը, ձայնի յուզումով ու պոռթ- կումներով: Մէկ խօսքով իր հետը՝ մենք ալ զգացինք այդ ահաւորը, որ գոր- ծուած էր 100 տարիներ առաջ... եւ այդ ջարդուողը մե’ր ազգն էր: You boys & girls ով յայտնութիւն մըն էր Անգինէ Աբարտեանը, իր նուրբ, շնորհալի եւ սահուն ոճով: «Դուք աղջիկներ եւ տղաք»ը թարգմանութիւնն էր համաշխարհային տիտղոս ունեցող, բեմադրիչ եւ դերասան՝ Ժիրայր Բաբազեանի: Իսկ վերջին տողը հայերէնով կրկնուած ու վերջացած՝ գողտրիկ երեւոյթ մըն էր: Յայտագրին այլազանութիւնը պատճառ դարձած էր յաջորդական սահունութեան ու հետաքրքրական ընթացքին: Թամար Փանոսեան դաշնակի ընկերակցութեամբ Սամուէլ Քէօշկէր- եանի, փայլ մը եւս կ’աւելցնէր երգարուեստի երկնակամարին վրայ: «Կ’անձրեւէ տղաս»ը (երաժշտ. Համբարձում Պէրպէրեանի) այդ դժուարին երգը՝ մարտահրաւէր մըն էր Թամարի համար: Սակայն ան առաջ- նորդութեամբ Սամուէլի այդ մարտահրաւէրը շրջեց յաղթանակի: Հուսկ, ուրեմն ներկայացուեցաւ «Եկեղեցին Հայկական»ը: Կ’ըսենք ներկայացուեցաւ, որովհետեւ խառնուած էր բեմական երեւոյթներու: Մէկ անկիւնը կարծես կը հանգչէր խորանը. վրան մոմեր ու ծաղիկներ շրջապատած Թէքէեանի նկարը: Երկիւղածութեամբ մուտք կը գործէին Քրիստինա Տէր Ստեփանեանն ու Արփի Սողոմոնեանը, եկեղեցական շապիկներ հագած ու գլուխները ծածկած ճերմակ քօղերով: Մոմերուն բոցերը, սրբատառ արտասանութեանց միաձուլուած շու- քերը, եկեղեցիներու զանգերն ու «Սուրբ-Սուրբ»ի շշուկը, տուին իսկա- կան վայելքը Մեծն Բանաստեղծին գլուխ-գործոցին: Իսկ Վիգէն Ֆռունճ- եանի վերջին մուտքը արդարացուց «Երգն է միշտ յաղթութիւն»ը Հայաս- տանեա’յց եկեղեցւոյ: Շար. էջ 5 Wardi Danihl;an Silwa Amatouni Joqajl;an Armhn Qhphq Al;q Manouk;an warvarani a,ak;rtn;r
  • 5. LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 • ABAKA • 5 ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՀԵՏ ... 75 ՏԱՐԻ ԵՏՔ Հազիւ վեց տարեկան տղեկ մը, հօրս ձեռքէն բռնած, Գահիրէի Հէլ- ւան երկաթուղագծի կայանին մէջ շոգեկառքին կը սպասէինք, երբ հայրս ըսաւ՝ «Նայէ’, լա’ւ նայէ. այդ մարդը Վահան Թէքէեանն է»: Ծանր վերարկու մը հագուած, եւրոպական գլխարկով, հանդարտ քալուածքով, տխրադէմ անցաւ ան ...: 75 տարի ետք, աշնան պայծառ առաւօտ մը, երբ կ’այցելէի Հայաս- տանի պատմական Կարբի աւանի Վահան Թէքէեանի անուան դպրո- ցը, մուտքին, իր ամբողջ հասակով կ ը յայտ նո ւէ ր Վահ ան Թէքէեա- ն ի արձ ա ն ը: Կ արճ պահ մը ակ- նարկս սեւեռեցի Հէլուանի կայարա- ն ի «մ ա ր դ ո ւ ն» ար ձան ին: Նոյն ծանր վերարկուն, գլուխը թեթեւ մը հակած դէպի գետին, մտածկոտ, տխուր մարդն էր՝ Վահան Թէքէ- եանը ...: Շրջեցանք դպրոցը առաջնորդու- թ եա մբ վա ր ժարան ի տնօրէնին: Ամենուրէք աշակերտական ստեղ- ծագործումներ՝ Վահան Թէքէեանի նկարներ, իր խօսքերէն քաղուածք- ներ, արտասանութիւններ ...: Յի- շեցի՝ «Լեզուն անոյշ, զոր խօսեր էին անոյշ տղաքներ, գուցէ խօսող չու- նենայ ... հարիւր տարի ետք»: Վարժարանէն հրաժեշտ առնելու պահը պիտի զուգադիպէր մանկա- պարտէզի բաժնին զբօսանքին հետ: Ստուար խումբ մը մանուկներու կը ճռուողէին հայերէնով, նոյնինքն Վահան Թէքէեանի արձանի ոտքե- րուն շուրջ, անոր տխուր նայուած- քին տակ: Այս անգամ իր դէմքին սե- ւեռուած նայուածքս գամուած մնաց աւելի երկար: Արդեօ՞ք տխրամած դէմքին վրայ կը յամենար գոհունա- կութեան թեթեւ շուք մը, ի տես իր ոտքերուն տակ հայերէնով ճռուո- ղող հայ մանուկներուն: Արդեօ՞ք կը սփոփուէր մեծ բանաստեղծին սիր- տը ու տառապած հոգին: Տեսի՞լք էր թէ՝ լոկ ցանկութիւն: Բայց ուզեցի ըսել Անոր. «Մեծա- յարգ Ընկեր Թէքէեան, գիտէ՞ք որ անկախացաւ Հայաստանն ու Ար- ցախը, որոնք հաշուի առնուելիք իրականութիւններ դարձած են մի- ջազգային քաղաքական կեանքին մէջ: Այսօր, աշխարհի գրեթէ բոլոր ասպարէզներու մէջ առաջատար դիրքերու վրայ հայեր կը գտնուին: Պետական եւ մասնագիտական մի- ջոցներով աշխատանք կը տարուի կասեցնելու հայ լեզուի նահանջը: «Ահաւոր բան»ը որ կատարուեցաւ «մութին մէջ» հարիւր տարի առաջ, այլեւս դժուար է ժխտել նոյնիսկ զայն իրագործողներու շառաւիղնե- րուն կողմէ: Մեր արդար դա տ ը ամէն օր քիչ մը աւելի կը մօտենայ իր արդար լուծումին: Արժանավայել կերպով յիշատակեցինք Հա ր ի ւ - րամեակը մեր սրբացեալ նահա- տակներուն: Ոգեկոչեցինք Ձեր նա- հատակ գրչեղբայրներուն անմեռ յիշատակը, որոնց ցաւը դուք կրե- ցի ք Ձե ր ա մ բ ո ղ ջ տ ա ռա պ ա կ ո ծ կեանքի մինչեւ վերջին օրը: Բայց թող սփոփուի Ձեր հոգին, որով- հետեւ հակառակ բոլոր ընկրկում- ներուն, «Կանք, ու պիտի լինենք»...: Յ. Ա. Վահան Թէքէեանով կը... Շար. էջ 4-էն Ձայնի եւ լոյսի արհեստագիտութիւնը՝ Սաքօ-Վաչէ Պոյաճեանի եւ երաժշ. համադրումը Տարօն Նազիրկանեանի ամբողջացուցին յաջո- ղութեան օղակը: Ահա առիթը անգամ մը եւս ստեղծուած էր, որ Թէքէեան Մշակութային մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Արթօ Մանուկեանի շնորհակալական խօսքը՝ ուղղէր Ալեք Մանուկեան Վարժարանի աշակերտութեան, անոնց ետին կ ան գն ող ու հ այ մ շակ ոյթը պահպանող ծնողքներուն մանաւանդ վարժարանի տնօրէնութեան ու բոլոր մասնակցողներուն: Յարգելի Ատենապետը մասնաւորաբար յիշեց Տիկ. Վարդի Դանիէլեանի աշխոյժ ներդրումը, գլուխ հանելու համար սոյն բարձրորակ դասական մշակութային երեկոն: Հաւաքոյթը վերջ չէր գտած: Ճոխ պատուասեղաններու շուրջ եւ տիկ. Բանա խ օսո ւ հ իին առաջարկով, զինք շրջապատած, խօսեցանք ու ընկերային մթնոլորտի մէջ անգամ մը աւելի լեցուեցանք հայկական ոգիով, Օշականի վերլուծումներով ու այլ զանազան հոգեպարար նիւթերով... եւ ժամանակը կը սահէր անզգալաբար... *** Եթէ ոմանք համարձակին հարցնել թէ,- «Ո՞ւր են մեր երիտասարդները», մենք հպարտութեամբ կրնանք պատասխանել թէ, հեռուն պէտք չէ փնտռել զանոնք. անոնք հո’ս են, Թէքէեան Մշակ. Միութեան մէջ – կամ որեւէ հայկական օճախ-զբաղուած, գեղարուեստական ծրագիրները մշակելու: Անոնք՝ բոլորն ալ երիտասարդներ, ոչ մէկ ջանք խնայեցին արժանավայել կերպով ներկայացնելու Վահան Թէքէեան մը – խորունկ նիւթ մը ու դժուարին մարտահրաւէր մը: Ամէն մէկ ջիղի պրկում ու ամէն մէկ երակի զարկ տրամադրուած էր միա՛յն ու միայն մէկ իրողութեան մը՝ պատրաստել գրեթէ կատարեալ, հայկական արուեստի օրինակելի երեկոյ մը: ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ Qristina Thr St;˜an;an% Wighn ~®ouny;an ;u Ar˜i So[omon;an Samouhl Qhø,khr;an Wror Mou[al;an% Al;qsia Khøny;an->acik;an% Anginh Abart;an
  • 6. 6 • ABAKA • LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 Մատաթ Բ. ՄաՄուրեան Կիրակի Դեկտեմբեր 6, 2015-ին կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, եկեղեց- ւոյս «Մակարոս Արթինեան» շքեղօ- րէն զարդարուած սրահին մէջ Պաշ- տօնական Ճաշկերոյթ-հանդիսու- թեամբ մը նշուեցաւ Ս. Երրորդու- թիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ծուխի կազմաւորման 87-րդ տարեդարձը ի ներկայութեան հոծ բազմութեան: Սոյն ձեռնարկը կը հովանաւո- րէր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմ- եան: Պ ա տ ո ւոյ սեղան ը Ա ռաջնորդ Սրբազան հօր կողքին տեղ գրաւած էին, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ. Քհնյ. Զարգարեան եւ երէցկին Նայիրա Զարգարեան, Թե- մ ակ ա ն Խո րհ ուրդի Ա տենապե- տուհի՝ Տիկին Աբէթ Ալբայ եւ Պրն. Արա Ալբայ, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Օհան եւ Տիկ. Անիթա Օհաննէսեան, Հ.Հ. Պատ- ւակալ Հիւպատոս (Թորոնթօ-Օնթա- րիօ) Պրն. Ռիչըրտ Պերճ Սվազլեան, «Պապայեան» Հիմնարկի Ատենա- պետ՝ Պրն. Հայկ եւ Տիկ. Ալիս Սել- եան եւ եկեղեցւոյս Տիկնանց Միու- թեան Ատենապետուհի՝ Տիկ. Ժագ- լին Իսաղուլեան եւ Պրն. Մասիս Իսաղուլեան: Ի պատուի էին նաեւ գաղութ իս մէջ գործո ղ կազմա- կերպութիւններու ներկայացուցիչ- ներ, նախկին Ծխական Խորհուրդի անդամներ, կնքահայրեր եւ բարե- րարներ: Ներկաները յոտնկայս ունկնդրե- ց ին Գա նա տայի ե ւ Հայ աստանի քայլերգները, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց սեղան- ները, եկեղեցւոյս երիտասարդացի ե ւ «Սա սո ւն» Պարախումբի ան- դամ/անդամուհիները, կատարեցին ճաշի անթերի սպասարկութիւնը: Բացմա ն խ օս քո վ հան դէս եկաւ եկեղեցւոյ երիտասարդացի անդա- մուհիներէն Օրդ. Թամար Աթիք: Մէջ ընդ մէջ կենացի բաժակներ բարձրացուեցան Ազգիս Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի, Մայր Հայրենիքի, Առաջնորդ՝ Աբգար Սրբազանի եւ եկեղեցւոյս հովիւ Տէր Զարեհ Աւագ Քահանայի, մաղթելով իրենց արեւշատութիւն: Աննա Աւետիսեանի կողմէ պատ- րաստուած, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ վերջին շրջանի յիշատակելի դրուակներ ներկայաց- նող տեսերիզը, հետաքրքրութեամբ դիտուեցաւ: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցւոյս Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ Վարժարանի աշակերտները փունջ մը խմբերգ- ներով, ղեկավարութեամբ Նատա Նաւասարդեանի, եկեղեցւոյս «Սա- սուն» Պարախումբի պարման-պար- մանուհիները, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Սեւակ Աւագեանի, ելոյթ ունեցան փունջ մը հայկական խան- դավառ պարերով: Բարի մաղթանք- ներու մթնոլորտի մէջ ներս բերուե- ցաւ տարեդարձի կարկանդակը, ապա տեղի ունեցաւ մոմավառու- թիւն մասնակցութեամբ Առաջնորդ Սրբազանի, պատուոյ սեղանի, հիւ- րերու, Ծխական Խորհուրդի ան- դամներու եւ բարերարներու: Եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդի անունով Ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր հովիւին, յարա- կից մարմիններուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցիէն ներս տարուած աշխատանքներուն: «Պապայեան» Հիմնարկի ատե- նապետ Պրն. Հայկ Սելեան, շնորհա- ւորեց եկեղեցւոյս տարեդարձը եւ ինչպէս անցեալին, այս տարի եւս եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին նուիրեց 41.000 տոլար եւ Առաջ- նորդարանին 28 298 տոլար: Եկե- ղեցւոյս Տիկնանց Միութեան ժրա- ջան Ատենապետուհի՝ Տիկ. Ժագլին Իսաղուլեան, յանուն վարչութեան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ տարեդար- ձը եւ Ծխական Խորհուրդին նուի- րեց 43.000 տոլարի գումար մը, նոյնպէս եկեղեցւոյ յարակից մար- մինները փոխանցեցին իրենց նուի- րատուութիւնները: Թեմական Խորհուրդի Ատենա- պետուհի՝ Տիկ. Աբէթ Ալբայ շնորհա- ւորեց եկեղեցւոյ տարեդարձը, ինչ- պէս նաեւ հովիւն ու Ծխական Խոր- հուրդի անդամները եկեղեցւոյս ծի- րէն ներս տարուած աշխատանքնե- րուն համար: Նորանշանակ Հ.Հ. Պատուակալ հիւպատոս (Թորոնթօ- Օնթարիօ) Պրն. Ռիչըրտ Պերճ Սվա- զլեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց եկեղեցւոյ տարեդարձը, անդրա- դարձաւ իր ստանձնած պարտա- ւորութիւններու մասին, ապա շնոր- հակալութիւն յայտնեց իր անձին հանդէպ եղած բարեմաղթութիւննե- րուն համար: Եկեղեցւոյս ժրաջան հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան փոխանցեց իր պատգամը եւ ըսաւ, «Գանատայի հիւրընկալ հողի վրայ ցեղասպանութենէ վերապրած հոյլ մը հայեր, մտայղացումը ունեցան եկեղեցաշինութեան եւ 1953-ին կառուցեցին Թորոնթոյի առաջին եկեղեցին, օրըստօրէ օրէ աճող հա- մայնքի կարիքները մղեցին Թորոն- թոհայութիւնը 1987-ին կառուցելու ներկայ եկեղեցին», խօսքերը վեր- ջացուց ըսելով «յարգանք ա յն նուիրեալներուն որոնք զոհաբերե- ցին իրենց կեանքը, կերտելու եւ մեզ ժառանգ ձգելու հաւատքի ա յս տունը, անոնք այսօր անդա ր ձ բաժնուած են մեզմէ, բայց հոգիով միշտ մեր հետն են: Շնորհակալու- թիւնները յայտնեց Ծխական Խոր- հուրդի անդամներուն գլխաւորու- թեամբ ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեանի իրենց համերաշխ գործակցութեան համար, յարակից մարմիններուն, եկեղեցւոյ զո յգ քարտուղարուհիներուն, գրասեն- եակի կամաւոր աշխատողներուն եւ եկեղեցւոյս հոգատարին: Հովիւի եւ Ծխական Խորհուրդի որոշումով, իրենց մատուցած ծա- ռայութեան առ ի գնահատանք յու- շատախտակներով պարգեւա տ - րուեցան Տիկ. Ռիթա Պետիրեան «Տարուայ Կին»ը, Պրն. Գէորգ Պա- րունեան «Տարուայ Մարդ»ը, Օրդ. Անն Օհաննէսեան «Տարուայ Երի- տասարդուհին», Պրն. Տարօն Մար- տիրոսեան «Տարուայ Երիտասար- դը» եւ Տէր եւ Տիկին Արամ եւ Թիլի Իշնար եւ դուստրերը՝ «Տարուայ օրինակելի ընտանիք»ը: Պատուոյ գի ր ե ր ս տ ա ցա ն Ծխ ա կ ա ն Խ ո ր - հուրդի շրջանաւարտ անդամներ Տ ի կ ի ն Ռ օզի ն Իմ ա ս տ ո ւ ն ե ա ն ե ւ Պրն. Գէորգ Պարունեան: Պրն. Հայկ Սելեան պարգեւատրուեցաւ Ս. Եր- րորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Ս. Խաչ» շքանշանով, առ ի գնա- հատանք իր երկարամեայ ծառա- յութեան: Ձեռամբ Առաջնորդ Սրբա- զա ն Հ օր , Առա ջ ն ո ր դ ա ր ա ն ի « Ս. Խաչ» շքանշանով պարգեւատրուե- ցա ն , Պ ր ն . Մ ա ս ի ս Աֆ ա ր ե ա ն ե ւ Պրն. Հայկ Սէլեան, Ծխական խոր- հուրդը ծաղկեփունջեր նուիրեց երէցկին Նայիրային եւ մեծարեալ- ներու ազնուափայլ տիկիններուն: Գաղութիս ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Կարօ Զաքարեաններ Սրբա- զա ն Հ օր ն ո ւ ի ր ե ցի ն ձե ռա գո ր ծ գեղեցիկ Առաջնորդական «Ասա» մը: Կիրակնօրեայի աշակերտներուն կ ո ղ մ է պ ա տ ր ա ս տ ո ւ ա ծ տ ո ւ ր մ ի փ ո քր խ ա չե ր , Ս. Աւ ե տ ա ր ա ն էն ա ռն ո ւ ա ծ ո ս կ ե ա յ հ ա մ ա ր ն ե ր ո վ , բաժնուեցան ներկաներուն կիրակ- նօրեայի երեխաներու կողմէ: Անոնց կցուած թիւերէն մէկը որպէս օր- ւ ա ն բ ա խ տ ա ւ ո ր ը , ա ր ժա ն ա ցա ւ փայտեայ խաչքարի մը, Ս. Էջմիա- ծինի մէջ պատրաստուած: Օրուայ բախտաւորը եղաւ Պրն. Վազգէն Քէ- րամէթլեան: Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Առա ջ ն ո ր դ Սր բ ա զա ն Հ ա յր ը , ո ւ գնահատեց Ծխական Խորհուրդին, յարակից մարմիններուն, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին, օր ո ւ ա յ պ ա ր գե ւ ա տ ր ե ա լն ե ր ո ւ ն , շնորհակալութիւն յայտնեց «Պա- պայեան» Հիմնարկի Ատենապետ՝ Տ ի ա ր Հ ա յկ Սէլե ա ն ի ն , Տ էր Հ օր տարած բազմաթիւ աշխատանքնե- րուն, որոնց շնորհիւ ան կը վայելէ սէրն ու յարգանքը հաւատացեալնե- րուն, Տէր Զարեհ Աւագ Քահանային նուիրեց Կոմիտաս Վարդապետի արձանի մանրակերտը: Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ պաշտօնական ճաշկե- րոյթ-հանդիսութիւնը: Շնորհակալութիւն կազմակերպիչ յանձնախումբին, Ծխական Խոր- հուրդին, որոնց անխոնջ աշխա- տանքներով յաջողութեամբ պսակ- ւեցաւ սոյն հանդիսութիւնը: Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծուխի Կազմաւորման 87-րդ Տարեդարձ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ JORONJØ
  • 7. 25 Սեպտեմբեր 2015 Հինգշաբթի երեկոյ Երեւանի Արամ Խաչատուր- եան համերգասրահը ապրեցաւ իր ցնծութեան երեկոներէն մին: Արդարեւ այս խիստ յատկանշական համերգը, որ ամբողջութեամբ կը բաղկանար մոնթրէալահայերու պարծանք Մաժակ Թօշիկեանի յօրինումներէն կազմա- կերպուած էր ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ, արժանացաւ մեծ ժողովրդականութեան ու գնահատանքի: Օրուան արժանաւոր խօսնակն էր շնորհալի Գարոլին Մամիկոնեանը, որ կատարեալ ձեռնհասութեամբ վարեց յայտագիրը, մերթ ընդ մերթ ունեցաւ տեղին մատնանշումներ ու հետաքրքրական մէջբերումներ, համեմելով օրուան յայտագիրը: Առաջին մասին մէջ, ղեկավարութեամբ Մաժակ Թօշիկեանի ու ընկե- րակցութեամբ Երեւանի «Էքսպրոմտ» նուագախումբին, լսուեցաւ մեներ- գողներու բաժինը: Մրցանակաւոր երգչուհի Սիպիլ, ընկերակցութեամբ Երեւանի «Արեւներ» մանկանց երգչախումբի (խմբավար Արփինէ Յովհան- նիսեան), կատարեց Աւետեաց Երկիր (Արթիւր Սաֆարեան) եւ Մեր Լեզուն (Համօ Սահեան) եւ ապա Նամակ (Յովհաննէս Շիրազ) երգերը: Սիրուած երգիչ Պարթեւ հրամցուց Պանդուխտ Հայեր, Արարատ եւ Ես Կը Մոռնամ (երեքն ալ Յ. Շիրազ) երգերը: Պոլսահայութեան պարծանք մեր զոյգ փորձա ռ ու արուեստագէտները հանդէս եկան իսկապէս սքանչելի մեկնաբանութեամբ եւ արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու: Անոնք նաեւ դիպուկ նախադասութիւններով ներկայացուցին իրենց զգացումները հանդէպ հայրենիքին: Իսկ կատարեալ յայտնութիւն մը եղաւ Լիտա’ն, որ իր բիւրեղային ձայնով սիրտեր գրաւեց երգելով Երեւան (Արմէն Երկաթ) եւ Զղջում (Մաքրուհի Պ. Յակոբեան) կտորները: Կարգը եկած էր Պոլսոյ Լուսաւորիչ Երգչախումբին եւ իր երիտասարդ բազմարժէք ղեկավարին, հմուտ երաժիշտ Յակոբ Մամիկոնեանի: Քառասունէ աւելի երիտասարդ- ներէ բաղկացած երգչախումբը, բացառիկ ներդաշնակութեամբ ու նուագախումբի հարազատ ընկերակցութեամբ, կատարեց Կոմիտաս (Սուքիաս Գումրուեան) եւ Շիրազի Քո Հայրենիք ու Տեսնեմ Անին երգերը: Ներկայ գիտակից երաժշտասէր հասարակութիւնը ջերմ ծափահարութիւն- ներով ու գնահատական բացագանչութիւններով ողջունեց կատարողները: Բեմ հրաւիրուեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ ուղերձով մը սրտի խօսքը փոխանցեց: Երկրորդ մասը յատկացուած էր յայտնի գրող Պերճուհի Պէրպէրեանի շատ զգայուն ու տպաւորիչ բանաստեղծութեան վրայ վարպետօրէն ու մեծ բծախնդրութեամբ յօրինուած «Հրանդ Տինք» օրաթօրիոյի առաջին ունկնդրութեան: Պետական օփերայի մեներգչուհի սոփրանօ Այլին Աթէշի, պարիթոն Սէրճան Կազէրօղլուի եւ նախկին պոլսահայ այժմ երեւանաբնակ թէնոր Պօղոս Եղիազարի մենակատարութեամբ (որ կը մարմնաւորէր Հրանդ Տինքի կերպարը) ներկայացուող այս հիանալի ստեղծագոր- ծութիւնը, սրահի տրամադրութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց, թէ նուագախումբին ու երգչախումբին անթերի կատարողութեամբ եւ թէ մենակատարներուն խիստ զգայուն ու արհեստավարժ մեկնաբանութեամբ: Թէ ինչ կը վերաբերի խմբավարին, Յակոբ Մամիկոնեան իսկապէս բառին բուն իմաստով ապրեցաւ ու ապրեցուց այս շատ գեղեցիկ եւ բարձրարժէք արդի օրաթօրիօն, որ կը պարունակէր թէ դասական, թէ ազգային եւ թէ փոփ երաժշտութեան հետաքրքրական բաժիններ: Հաճելի անակնկալ մը եղաւ, երբ այս բաժնին մէջ ունկնդրեցինք նաեւ մոնթրէալահայ ծանօթ տուտուկահար Համբիկ Ճապուրեանի սրտառուչ նուագը: Յոտնկայս ջերմեռանդ երկարատեւ ծափահարութիւններէ վերջ բեմ հրաւիրուեցան Մաժակ Թօշիկեան ընկերակցութեամբ Ռաքէլ Տինք’ի, Պերճուհի Պէրպէրեան, Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, խմբավարն ու բոլոր մեներգիչները եւ նաեւ պոլսահայ յայտնի բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որ ամբողջութեամբ հոգացած էր խումբին ճամբորդութեան եւ կեցութեան ծախսերը: Հուսկ բանքը Սփիւռքի Նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանինն էր: Յարգելի Նախարարուհին շա տ հ ե զա ս ա հ ո ւ մ տ ե ր մ ի կ ո ճո վ մ ը ո ւ սրտաբուխ խօսքերով նախ գնահատեց պոլսահայութիւնը իր բոլոր երեսակներով, եւ ապա մի առ մի գնահատական նախադասութիւններով պարգեւատրեց բոլոր մասնակիցները: Այսպէսով աւարտին հասաւ այս բացառիկ ու պատմական բարձրամակարդակ երեկոյթը, որ անմոռանալի տեղ պիտի գրաւէ ներկայ հազարէ աւելի հանդիսատեսներու մտքերուն մէջ: Կը շնորհաւորենք օրուայ զոյգ հերոսները՝ Մաժակ Թօշիկեանն ու Յակոբ Մամիկոնեանը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք: Յ.Գ. Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք թէ սոյն համերգը մօտալուտ ապագային պիտի կրկնուի Պոլսոյ եւ Լոս Անճէլըսի մէջ: Կը յուսանք օր մը Մոնթրէալահայութիւնն ալ բախտը պիտի ունենայ ներկայ ըլլալու այսպիսի պատմական ելոյթի մը: LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 • ABAKA • 7 Na.arar Frano, |akob;an ke parg;uatrh Mavak Jø,ik;anin Մոնթրէալահայ Յօրինող Մաժակ Թօշիկեանի Ստեղծագործութիւններուն նուիրուած Համերգ Երեւանի Մէջ «Հրանդ Տինք» Արդի Օրաթօրիոյի Առաջին Ունկնդրութիւն Գանատայի Վարչապետը Օդակայանին Մէջ Անձամբ Ողջունեց Սուրիահայ Փախստականները Գ ա նա տ ա յի Վարչապետ Ճասթին Թրուտօ 10 Դեկտեմբերին Թորոնթոյի օդակայանին մէջ անձամբ դիմաւորեց Սուրիայէն ժամանած փախստական- ները, որոնց միջեւ կային նաեւ սուրիա- հայեր: Գանատայի առաջին կառավա- րական օդանաւը Թորոնթօ բերաւ 163 փախստականներ: Վարչապետը ողջու- նեց սուրիահայ Գէորգ Ժամկոչեանը, անոր կինն ու 16 ամսու դուստրը, ըսելով. «Բարի գալուստ ձեր նոր տունը»: Գէորգ Ժամկոչեանն ալ փոխադարձելով, ըսաւ. «Մենք իսկապէս շնորհակալ ենք Գանա- տայի կառավարութեան այս որոշման համար: Մենք շատ տառապած ենք: Կարծես դժոխքէն դրախտ եկած ըլ- լանք»: «Ուաշինկթըն Փոսթ» կը հաղորդէ որ Սուրիայէն ժամանած ընտանիքներուն բաժնուած են ձմեռնային հագուստներ ու խաղալիք արջուկներ: Փախստականնե- րով յաջորդ օդանաւը Գանատա եկաւ 12 Դեկտեմբերին: Գանատայի կառավարութեան որոշու- մով, մինչեւ 2016ի Փետրուարի վեր- ջաւորութեան, նախատեսուած է 25 հա- զար սուրիացի փախստականներ ընդու- նիլ երկրի մէջ:
  • 8. |AKOB WARDIWAÂ:AN Հելեն ծնած է Պոստոն Յունիս 26, 1933ին, խարբերդցի Խաչատուր եւ եղսա Փիլիպոսեան- ներու աւանդապահ յարկին տակ։ ծնողքը Մեծ եղեռնէն վ եր ապրողներ մնացած են իրենց արմա տ նե րուն կառչած։ Հելեն կը յաճախէ ուոթըրթաունի երկրորդական եւ Քեթրին Կիպպս վարժարանները։ աւարտելէ ետք, ան կը յաճախէ հանրայայտ Հարվըրտ Համալսարանը եւ շրջա- նաւարտ կ’ըլլայ Humanities ճիւղէն 1960ին։ ան կ ’ամուս նա ն այ Յակոբ Սարգիսեանին հետ, Պէյրութ ծնած, որուն հայրը ծանօթ ռամկավար ազատական եւ «զարթօնք» օրաթերթի երկա- րամեայ աշխատակից Յ. Յ. Սարգիսեանն էր եղած։ Յակոբ կ’աշխատէր «Պայքար» Հաստա- տութեան մօտ։ Հելենի բարեհամբոյր հայրը` Խաչատուր (1903-1989) հիմնադիր անդամներէն էր եղած ԹՄՄ ամերիկայի շրջանակին եւ հան- գըստեան կոչուելէն ետք սիրայօժար կը ծառայէր «Պայքար Հաստատութեան» մէջ, օգտակար ըլլալով վարչական գործերուն։ 1964-ին Հելեն կը նշանակուի Պոստոնի ՌաԿ «Տհը արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» պաշտօ- ն աթեր թի ն որ պէս խմ բագիր, առաջին կին խմբագիրը դառնալով Ռամկավար ազատական մամուլին, իրեն օգնական ունենալով` Պէյրութէն նուպար ակիշեան, որ օգնական խմբագիրն էր հայատառ «Պայքար» օրաթերթին։ նուպար կը պատրաստուէր ստանալ իր տոքթորականը բնա- գիտութեան ճիւղին մէջ։ Հելենի ամուսինը` Յա- կոբ, որ իր կարգին Ռամկավար ազատական շար- քային էր, կ’աշխատէր նաեւ ամերիկեան հրա- տարակչատան մը մօտ եւ ծանօթ ըլլալով լրագ- րական խոհանոցային աշխատանքներուն, կը դառնայ օգտակար Հելենի խմբագրական աշխա- տանքներուն։ այդ օրերուն, Հելենի վարձատրու- թիւնը շաբաթական 40 տոլար էր. ինքնին արդէն այդ ցոյց կու տար Հելենին զոհաբերութեան ոգիին։ ան կը յաջորդէր գաղութին քաջածանօթ թերթի նախկին զոյգ խմբագիրներուն`Պապ Վահանին եւ Վարուժան Սամուէլեանին (ծանօթ` Ճիւսի անունով)։ Հելեն Փիլիպոսեան կ’անդամակցի Պէյ Սթէյթի ՌաԿ ծովիկեան երիտասարդաց ակումբին. իր կուսակցական կնքահայրը կ’ըլլայ «Պայքար» պաշտօնաթերթի խմբագիրը Դոկտ. նուպար Պէրպէրեան. այսպիսով Փիլիպոսեան-Սարգիս- եան ընտանիքները կը շարունակէին իրենց ծնո- ղաց բարի աւանդութիւնը ՌաԿէն ներս։ ան ամէն շաբաթ հասցուց ամերիկահայ թեր- թին ընթերցողներուն լուրեր Միացեալ նահանգ- ներու զանազան համայնքներէն, արտասահ- մանի գաղութներէն եւ հայրենիքէն։ Լրատուա- միջոցները, այդ օրերուն, տարբեր ընթացք մը ունէին, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք թէ Ցուրտ Պատերազմի ամենէն տաք օրերուն ալ կը խմբագրուէր Ռամկավար այս թերթը։ Պահելու էր ան կուսակցութեան աւանդական քաղաքական ուղեգիծը, առանց որ խանգարած ըլլար ամե- րիկայի արտաքին քաղաքականութեան սեղմում- ները հանդէպ Խորհրդային Միութեան։ բայց աւելի խորանալով գրական ու լրագրա- կան ասպարէզներուն մէջ, անոր հետաքրքրու- թիւնը առաւելաբար կը տարածուէր դէպի փի- լիսոփայական եւ հոգեբանական գրականու- թիւնը եւ այս ուղղութեամբ ալ ան գրեց առաջ- նորդող յօդուածներ` վեր առնելով հայերէն լեզուի պահպանութիւնը ամերիկայի նոր սերունդին մօտ, Հայկական Հարցին նորօրեայ տարողու- թիւնը եւ պահանջատիրութիւնը։ Գրեց թուրքե- րու կողմէ կանխամտածուած Հայկական Ցեղաս- պանութեան խնդրին մասին, մանաւանդ որ խմբագրած թերթը անգրագիր խօսափողն էր եղած, տասնամեակներ շարունակ, ՌաԿի ամե- րիկայի լայն շրջանակին։ Հելեն գրած է ամերիկեան հասարակարգին անարդարութիւններուն, ինչպէս` Վիեթնամի պա- տերազմին Միացեալ նահանգներու մասնակ- ցութեան դէմ։ Գրած է Միացեալ նահանգներու տարածքին երկու իրարու հակառակ կուսակցու- թիւններուն` ՌաԿի եւ ՀՅԴի յարաբերութիւն- ներուն` ծնունդ առած Դուրեանի սպանութեամբ ու շարունակուած Ցուրտ Պատերազմի հետե- ւանքով Խորհրդային Հայաստանի ի պաշտպա- նութիւն տարուած ռամկավարներու ուղեգիծին մասին։ ու դեռ` հայկական նորաբաց վարժա- րաններուն եւ անոնցմէ սպասուած պահանջք- ներուն եւ հայկական ինքնութեան վերարժեւո- րումին մասին (Հոկտեմբեր 17, 1964ի «Միրըր»ի թիւով) այսպէս` “Armenian voices are also heard from many of the countries including America as some have attained fame in the countries of adoption by bringing what is distinctly Armenian into their work and being referred to as Armenians. For example, Arshile Gorky is recognized as one of the original and most important of American artists, for he brought his Armenian identity into his work.” 1965-ի Մեծ եղեռնի յիսնամեակը նոր սե- րունդին առջեւ կը բանար պահանջատիրական նոր հորիզոններ. վերապրող խլեակներու լացէն ու ողբէն աւելի անդին` ազգը կ’անցնէր բազուկի եւ նոր սերունդը կը վերադարձնէր մեր հա- ւաքական առնականութիւնը։ Կը ծնէին նոր «նեմեսիս»ներ Գուրգէն եանըքեանի ոգիով ու աՍաԼա-ի տղոց մարտական գործողութիւններով։ «Միրըր-Սփեքթէյթըր»ի սիւնակները նեղ կու գային տեղացող Ցեղասպանութեան նուիրուած բազմահարիւր յուշագրական էջերուն համար։ նեղ կու գային նաեւ ազատագրական պայքարի, լէգէոնական շարժումի, Կիլիկեան երազի, եւ դեռ` ազգապահպանման մարտահրաւէրներուն, հայ մշակոյթի պահպանման, հայերէն լեզուի կա- րեւորութեան, Միջին արեւելքի մայր գաղու- թներու դերին կարեւորութեան առջեւ։ զանա- զան ազգային հարցերուն մասին` նոր ձայն մը սկսած էր այլեւս աղաղակել ու հնչել ամէնուրեք եւ թերթը դարձաւ արձագանգողը այս բոլորին։ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները նոր որակ ստացած էին եւ այլեւս Խորհրդային Հա- յաստանը «թապու» չէր սփիւռքահայութեան համար։ Հելեն այդ օրերու խմբագիրն էր արդէն։ Խմբագրականներով ան կը գրէր այս բոլոր հարցերուն մասին, տալով իր ու մանաւանդ` իր պատկանած կուսակցութեան մեկնաբանու- թիւնը։ Ճիշդ Յիսնամեակի ապրիլ 24ի յիշատակու- թեան օրը, ան ամբողջական թիւ մը հրատարա- կեց Ցեղասպանութեան նուիրուած եւ զայն առաքեց ամերիկայի Գոնկրէսի բոլոր անդամնե- րուն, նախագահ Լինտըն Ճոնսընին, եւ փոխ նախագահ Հիւպըրթ Հըմֆրիին։ Կար նաեւ յօդ- ւած մը` «Լալը բաւարար չէ» գրուած Լեւոն Սամ- ւէլեանի կողմէ, որ հեղինակն էր այդ օրերու best- selling վէպին` “I Ask You Ladies and Gentlemen”: իսկ Փիլիպոսեանին խմբագրականը` “Out of Smol de r in g A sh e s” լո յս տ ե ս ա ւ մ ա յր ա քա - ղաք ուաշինկթընի “Congressional Record”-ին մէջ։ 1966ին կը թողու խմբագրի պաշտօնը։ Թեր- թը աւելի կուսակցականացած ըլլալով, 1970ին կը փոխէ իր առաջուան դիմագիծը, որովհետեւ արդէն Պոստոն սկսած էին ժամանել Միջին արեւելքի հայաշատ կեդրոններէն կուսակցական նոր դէմքեր, որոնք «Տհը արմինիըն Միրըր- Սփեքթէթըր» շաբաթաթերթին առաքելութիւնը տարբեր ձեւով կ’ընկալէին` նախկինէն տարբեր։ երբ Պարպըրա Մերկերեան կու գար խմբագրի պաշտօնին, Հելեն ժամանակաւորապէս` 1975էն 1981 կը ստանձնէր օգնական խմբագրի պաշ- տօնը։ ան կը գրէ Լորտ Պայրընի հայերէն լեզուի ուսու մ ն ա կ ա ն տ ա ր ի ն ե ր ո ւ ն ե ր բ մ ե ծա ն ո ւ ն անգլիացին գացած էր Վենետիկի Մխիթարեան հայրերուն մօտ սորվելու մեր լեզուն։ Հելեն գրած է ուոթըրթաունի հայաբնակ աւանին ու անոր գրադարանին մէջ գտնուող հայատառ մամուլին, աւանին հանրային վարժարանին մէջ երկլեզու- եան յա յտ ա գի ր ն ե ր ո ւ մ ա ս ի ն ։ Գր ա խ օս ա ծ է ամերիկահայ գրողներու գիրքերը, ինչպէս նաեւ` ՀբըՄի «արարատ» գրական հանդէսի մէջ լոյս տեսած գրական սիւնակները։ 1975ին Լիբանանի մէջ ծայր տուած քաղա- քացիական պատերազմի բովանդակ տարի- ներուն, քաջալերած է ամերիկահայութիւնը իր եղբայրական ձեռքը երկարելու մեր Մայր գա- ղութի զաւակներուն բիւր ընկերային, տնտե- սական ու կրթական կարիքներուն։ Հելեն մի´շտ ալ հաւատացած էր որ ամերիկահայ գաղութը պիտի վերանորոգուէր, լիցքաւորուէր արտա- սահմանէն եկած ու պատրաստուած նոր սե- րունդով։ Մինչ այդ ան այցելած է եւրոպայի հայկական գաղութներն ու երկիցս ալ` Լիբա- նան։ Հիմնած է իր «Օհան» հրատարակչութիւնը` 1983ի ն , ե ր բ հ ր ա տ ա ր ա կ ա ծ է ի ր ա ռա ջ ի ն բանաստեղծական հաւաքածոն` “Carvings from an Heirloom; Oral History Poems.” այնուհետեւ հրատարակած է “At Quarter Past Reality: New and Selected Poems”, որ կը շահի առաջին մրցանակը Writer’s Digest and History’s Twists: The Armenian-էն։ անոր բանաստեղծութիւննե- րէն շատեր կը գրաւեն կայքէջը` Greenwood Encyclopedia Multiethnic American Literature-ի վրայ եւ շահած են յաճախ առաջին մրցանակ- ներ։ “They Called Me Mustafa: Memoir of an Im- migrant” գրած ու հրատարակած է իր հօր` Խա- չատուրին հետ, որ արժանացած է յիշատա- կումին Մեսեչուսէց նահանգի Խորհրդարանին կողմէ եւ Alexander Street Press-ին կողմէ ալ տեղադրուած է իր կայքէջին վրայ։ 2012ին հրա- տարակեց իր “My Literary Profile: A Memoir” գիրքը, որ շահեցաւ New England Book Festival-ի տարեկան գնահատագրին։ «Օհան» Հրատարակչութիւնը մինչեւ այսօր լոյս ընծայած է 10 անուն գիրք, որոնցմէ շատերը Հելենին գիրքերն են։ Վերջին երկուքը անոնցմէ` “A New Orchid Myth from Create Space”ը եւ “My Literary Profile”ը ։ Կը մահանայ Դեկտեմբեր 5, 2015ին, ուոթըր- թաունի մէջ, յետ անողոք հիւանդութեան: Յու- ղարկաւորութիւնը տեղի կ’ունենայ Դեկտեմբեր 14ին ուոթըրթաունի նահատակաց աւետարա- նական եկեղեցւոյ մէջ եւ մարմինը կը յանձնուի ուոթըրթաունի րիճլոն գերեզմանատան ընտա- նեկան դամբարանին: 8 • ABAKA • LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 Մեծ երազի ՃաՄբուն ուղեւորները ՀԵԼԵՆ ՓԻԼԻՊՈՍԵԱՆ (Պոստոն, Յունիս 26, 1933 – Ուոթըրթաուն, Դեկտեմբեր 5, 2015)
  • 9. LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 • ABAKA • 9 AÂO{+APAFAKAN Ի՞ՆՉ Է «ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԻՒՆ»Ը (BALANCED DIET) TØQJ& |AROUJIUN ARXOUMAN:AN Նոր Տարուայ սեմին, չբաւականանք առողջու- թեան մաղթանքներով, այլ որպէս գործնական որոշում, որդեգրենք ճիշդ սննդառութեամբ պահպանել մեր թանկագին առողջութիւնը: Կեանքը՝ բուսական, կենդանական կամ մարդ- կային, անհաւատալի բարդութեամբ չափազանց նուրբ հաւասարակշռութիւն մըն է, որուն գիտ- ցըուածը չգիտցուածին քով չնչին համեմատու- թիւն մը կը ներկայացնէ: Այդ գիտցուած չնչին մասին ներդաշնակ կիրարկումը բնութեան հրաշ- քին հետ պիտի ապահովէ աւելի երկար եւ աւելի առողջ կեանք մը: Այդ պատճառաւ է որ մինչեւ մօտ 200 տարի առաջ մարդուն կեանքը միջին հաշուով 40-45 տարի էր, մինչ այսօր Գանատայի, ինչպէս նաեւ միւս G-7 երկիրներու մէջ, այր մարդը միջին հաշուով կ’ապրի 80 տարի իսկ կինը՝ 84 տարի, մինչ յետամնաց երկիրներու մէջ այդ թիւը կը մնայ 45-50-ի միջեւ: Թէեւ այս յառաջընթացը կա- րեւոր մասով արդիւնքն է վարակիչ հիւանդու- թիւններու, սրտանօթային եւ այլ հիւանդութիւն- ներու դարմանումի յառաջդիմութեան, անկաս- կած կարեւոր դեր կը խաղայ նաեւ որակաւոր սննդամթերքի տրամադրելիութիւնը եւ հանրու- թեան զարգացումը՝ ճիշդ ձեւով օգտագործելու համար զանոնք: Սակայն տակաւին շատ տեղ կայ բարելա- ւումի. ակնյայտ է գիրութեան, շաքարախտի, արեան գերճնշումի, ծխելու եւ այլ պարագանե- րու բազմացումը ու սննդառութեան հետ անոնց ունեցած առնչութիւնը: Մեր մարմնին մէջ տեւա- պէս բանող քիմիական հազարաւոր ներգործու- թիւնները կը կարօտին դուրսէն ներմուծուած համապատասխան նիւթերու, որպէսզի պատ- րաստուին եւ արտադրուին մարմնին կանոնաւոր աշխատանքը ապահովող նիւթերը (մարսողա- կան հիւթեր, ներծոր գեղձերու հորմոններ, արիւն եւ այլազան բազմաթիւ բաղադրութիւններ): Ուրեմն մեր սննդանիւթերը պէտք է ընդգրկեն այն բոլոր նախանիւթերը որոնք անհրաժեշտ են ն երք ին գործո ղութիւններու, որոնք տեղի կունենան առանց նոյնիսկ մեր գիտակցութեան: Այդ է պատճառը որ կը կարօտինք «հաւասա- րակշռուած սննդառութեան»: Այդ սննդառութիւնը կը բաղկանայ զանազան խմբաւորումներէ. – Proteins.- Բարդ բաղադրութիւններ են բո- րակածինի (Nitrogen) կապերով միացած, որոնք կը կատարեն աղիւսի դերը ապրող բջիջներուն մէջ: Առատօրէն կը գտնուի մսեղէններու, ձուկի, հաւկիթի, պանիրի, ոսպի, լուբիայի, ընկուզենի- ներու, ցորենի, պիստակի, արմատներու, մութ կանաչ տերեւներու մէջ: Մարսողութեան ընթաց- քին այս նիւթերը կը տարբաղադրուին ու ապա միաւորները կը վերակազմեն մարմնին այլազան բջիջները: Carbohydrates.- Բնածուխի (Carbon) եւ թթուածինի բաղադրութիւն մըն է որ «այրում»ի միջոցաւ ջերմութիւն եւ ուժ կ’արտադրէ. առա- տօրէն կը գտնուի շաքարեղէններու մէջ, ներառ- եալ արուեստականօրէն պատրաստուած ըմպե- լիներու, հիւթերու եւ խմորեղէններու մէջ: Արեան մէջ անոր մակարդակի բարձրացումը յատկա- նիշն է շաքարախտին (diabetes): Իսկ մարմնի պահանջքէն աւելի քանակութեամբ անոր ներ- մուծումը կ’ամբարուի ու կը կուտակուի մարմնին մէջ որպէս ճարպ, յատկապէս փորին եւ երակ- ներու պատերուն մէջ: Իւղեր, ձէթեր (fats, oils): Ընդհանրապէս հե- ղուկ բուսական իւղեր՝ ձիթաիւղ, canola, sun- flower եւլն. կը պարունակեն բարձր քանակու- թեամբ «չյագեցած» իւղ, որ կը բարձրացնէ ար- եան «օգտակար քոլէսթէրոլ»ը (HDL) եւ կ’իջեցնէ «վնասակար քոլէսթէրոլի» (LDL) մակարդակը արեան մէջ: Մինչդեռ, «պինդ» իւղերը կը պա- րունակեն բարձր քանակութեամբ «յագեցած» իւղ, որ կը բարձրացնէ վտանգաւոր քոլէսթէրոլի մակարդակը: Կարագը կը բաղկանայ մօտաւո- րապէս կիսով «օգտակար» եւ կիսով «վնասա- կար» իւղ է, մինչդեռ պինդ իւղի մօտաւորապէս 80%-ը վնասակար քոլէսթէրոլէ կը բաղկանայ: Հանքային նիւթեր (Minerals) – քալսիում, եր- կաթ, մակնէզիում, փոթասիում, զինգ, որոնք անհրա ժե շ տ ե ն ո ս կ ո ր ն ե ր ո ւ , ա կ ռա ն ե ր ո ւ , եղունգներու եւ այլ հիւսկէններու կերտումին հա- մար, առատօրէն կը գտնուին կաթի, բանջարե- ղէններու, պտուղներու մէջ: Կենսանիւթեր (vitamins): Շատ փոքր քանա- կութեամբ մարմնին կողմէ պահանջուած նիւթեր են, որոնք բաւարար չափով կը ստացուին հա- ւասարակշռուած սնունդէ մը, այլապէս պէտք է ստացուին որպէս յաւելուած վաճառուած սննդե- ղէններու կամ դեղահատերու միջոցաւ: Ուրեմն, հաւասարակշռուած սնունդի համար նկատի ունենալ՝ 1 - Նշայ (starch) պարունակող ուտեստե- ղէններ – գետնախնձոր, հացահատիկներ (cereal – whole grain), ոչ-շաքարոտ խմորեղէն (pasta), հաց: 2 - Պտուղներ եւ բանջարեղէն – օրական հինգ տեսակ: Ոչ-շաքար աւելցուած հիւթեր, նախա- ճաշի cereal-ին մէջ մանրուած թարմ պտուղներ (պանան, խնձոր, եւլն.): 3 - Ձկնեղէն: Առատ protein-ի կողքին կը պա- րունակէ բարձր քանակութեամբ կենսանիւթեր, հանքային աղեր եւ omega-3 տիպի իւղեր որոնք արգելք կը հանդիսանան սրտերակներու խցու- մին: Օրինակ՝ salmon, mackerel, trout, herring, թարմ tuna, sardine: Պահածոյ ձուկեր յաճախ բարձր քանակութեամբ աղ կը պարունակեն: 4 – Զգուշանալ շատ քանակութեամբ «յագե- ցած» իւղ պարունակող կարծր պանիրներէ, կարկանդակէ, sausage-է: Մսեղէններէ զատել իւղերը որքան կարելի է: Զգուշանալ նաեւ շա- քարոտ ըմպելիներէ: Նկատի առնել վաճառուած ուտեստեղէններու փաթեթին վրայ նշուած բաղադրութիւններու քանակը: Պէտք է խուսափիլ որեւէ ուտեստեղէնէ որ կը պարունակէ աւելի քան 22g շաքար, կամ 1.5կ աղ եւ կամ 5կ իւղ 100կ-ի վրայ: Մարմնին մէջ ամբարուած իւղը (մասնաւորա- բար փորի իւղը) իջեցնելու համար՝ կէսով եթէ նուազեցուի իւղի եւ շաքարի սպառումը, զուգա- հեռ մարզանքով (օրական կէս ժամ քալել կամ հեծիք) կարելի է յուսալ որ մարմնի ճարպերը հետզհետէ հալին: Պատանիներն ու երիտասարդները պէտք է զգուշացնել որ «Քօլա»ներու մոլին չդառնան ու այդ ըմպելիներու չափազանց բարձր քանակու- թեամբ շաքարը իրենց մարմնին մէջ իւղերու շտեմարաններու չվերածուին: Ուրեմն խօսքէն գործի անցնելով, ակնկալենք բազմաթիւ առողջ տարիներ: Սովորաբար կը պատահի, որ մարդ կ’արթննայ լաւ տրամադրութեամբ, սակայն օրուան ընթացքին վրայ կը հասնի յոգնածութիւնը, քնկոտութիւնը եւ տրա- մադրութեան անկումը: Ատիկա շատ արթննալու անհրաժեշտութեան արդիւնքն է: Յաճախ մարդիկ, որոնք բաւարար չեն քնացած աշխատան- քային օրերուն, կը փորձեն զայն համարել հանգստեան օրերուն քնանալու միջոցով: Սակայն ատիկա, ըստ ուսումնասիրութիւններու, չի փրկեր: Տուեալ խնդիրը դարձած է արդիական յատկապէս վերջին տասնամ- եակներուն: Մարդիկ կը տառապին աշխատանքի վայրի ճնշումներէն, կը պառկին ուշ ժամու, կ’արթննան՝ կանուխ: Միջին հաշուով՝ նախատեսուած քունէն կը կորսուի 40 վայրկեան եւ անիկա կ’ունենայ երկարատեւ հետե- ւանք: Օրինակ՝ հնարաւոր է կշիռքի յաւելում: Ի դէպ, զգալի քանակի՝ նուա- զագոյնը 1-2 քիլոկրամ մէկ շաբթուան ընթացքին: Կը խախտուի «ներքին ժամացոյց»ը, կը նկատուի տրամադրութեան անկում եւ մարդը կը տանջուի մշտական քաղցէ: Այսպիսով՝ իւրաքանչիւր ժամու խախտումը կը մեծցնէ ճարպակալման վտանգը 33%-ով: Տրամադրութեան անկումը եւ ինքնագնահատականի իջեցումը «կը քալեն» կողք կողքի: Ի դէպ կը դժուարանայ աշխատանքի վրայ կեդրո- նացումը: Իսկ անիկա կ’իջեցնէ աշխատունակութիւնը՝ թէկուզ եւ այն պատճառով, որ մարդը անընդմէջ քնանալ կ’ուզէ օրուան ընթացքին: Նաեւ կը վատանայ անձնական կեանքը: Կը նուազի սեռական ցանկութիւնն ու տրամադրութիւնը: Այդ բոլորին զուգահեռ կ’իջնէ դիմադրողականութիւնը, կը մեծնայ շաքարախտի հաւանականութիւնը, սիրտ-անօթային հիւան- դութիւններու, շնչառական խանգարումներու զարգացման հաւանա- կանութիւնը: Փորձագէտները խորհուրդ կու տան քնանալու երեկոյեան ժամը տասին: Իսկ շաբաթը երկու օր պարտադիր պէտք է քնանալ ժամը տասերկուքէն առաջ: Ժամանակակից սխալ սովորութիւնները կը փճացնէ առողջ մարմինը
  • 10. 10 • ABAKA • LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 Փունջի Խօսքը Սիրելի պատանիներ, մանուկներ եւ ընթերցողներ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու մօտալուտ գալուստը մեծ խանդավառութիւն եւ եռուզեռ ստեղծած է արդէն ամէն կողմ: Լուսաւոր ցուցափեղկերը եւ գունաւոր զարդարանքները մեր աչքերը կը շլացնեն, ամէն կողմէ լսուած հաճելի երաժշտու- թիւնը մեր ականջները կը շոյեն, եւ մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք այն օրը որ Տօնածառին շուրջը բոլորուած պիտի բա- նանք այնքան սպասուած նուէրները: Սիրելիներ, եկէք այսօր չմոռնանք թէ Յիսուս Մանուկի ծնունդն էր որ առիթը ստեղծեց նուէր տալու սովորութեան, երբ երեք Մոգերը Սուրբ Ծննդեան աղքատիկ մսուրը գտնելով, եկան, երկրպագեցին մանուկ Յիսուսին եւ իրենց նուէրները՝ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս, մատուցեցին անոր: Մեծ ուրախութիւն է նուէր ստանալը, բայց աւելի մեծ է տալու հրճուանքը: Երեք Մոգերուն համար անհուն ուրախութիւն էր նուէր տալ մանուկ Յիսուսին, մենք ալ նոյն օրինակին հետեւելով, մեզի շռայլօրէն տրուած նուէրներէն բաժին հանենք մեր հա- սակակիցներուն որոնք նուազ բախտաւոր եղած են մեզմէ, եւ կամ պարագաներու բերումով այսօր դժուար կացութեան մէջ կը գտնուին: Եկէ’ք այսօր որոշենք ընտրել միայն մէկ հատ մեր բազմաթիւ նուէրներէն եւ կարօտեալի մը նուիրելով ուրախացնենք զինք, կրնա՞նք ընել...: Վստահ եմ որ ոչ մէկ ուրախութիւն պիտի չփո- խէք տալու ուրախութեան հետ: Բարեբեր Ամանոր եւ Օրհնաբեր Սուրբ Ծնունդ բոլորիդ Յիսնակի Շրջանը եւ Հայ Ժողովուրդի Յիսնակի Սովորութիւնները Յիսնակը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծնունդին նա- խորդող յիսուն օրերու պահքի շրջանն է: Այս շրջանը Արեւմտեան եկեղեցիներու լեզուով կ’անուանուի Advent: 2015 թուականի յիսնակի շրջանը կը սկսի 15 Նոյեմբեր Կիրակի օր: Յիսնակի Պահքի շրջանն ալ Մեծ Պահքի շրջանին նման ինքնամաքրման ու աղօթքի շրջան մըն է: Ըստ սովորութեան, Յիսնակի շրջանին հայ տունը կը զար- դարուի «Յիսնակի Ծաղկեպսակ»ով, որ ունի եօթը մանիշա- կագոյն եւ մէջտեղը 1 ճերմակ մոմեր: Յիսնակի առաջին շա- բաթէն սկսեալ 7 շաբթուայ շրջանին տեւողութեամբ, իւրա- քանչիւր շաբաթի համար մոմ մը կը վառուի յաջորդաբար, որը 7 մահացու մեղքերէն մաքրուիլը կը խորհրդանշէ: Հայ ժողովուրդի Յիսնակի սովորութիւններէն է նաեւ, ծոմապահութիւն ընող նշանուած աղջիկներուն նուէրներ ղրկել հրուշակի (հելվա) ընկերակցութեամբ, որ յաճախ Սուրբ Յակոբի հելվա ալ կը կո- չեն: 7 շաբթուայ յիսնակի շրջանի ընթացքին, իւրաքանչիւր շաբթուայ Շաբաթ օրը, կիրականմուտին, շարականներու երգե- ցողութեամբ եւ աղօթքով, մանիշակագոյն նոր մոմ մը կը վառուի: Ըստ աւանդութեան մանիշակագոյնը կը համարուի որպէս պաշտամունքի, վեհ զգացումներու եւ յուզումներու գոյն, որը ան- հատին զօրութիւն եւ վեհութիւն կը ներշնչէ, իսկ մոմավա- ռութիւնը կը խորհրդանշէ յաւիտենականութիւն, կեանքի շարու- նակութիւն: Մոմավառութիւնը նախաքրիստոնէական շրջանին կը խոր- հըրդանշէր պաշտամունք եւ աղօթք, իսկ Քրիստոնէութեան շրջանին կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի անմահութիւնը եւ մեր հաւատքի լոյսը: Յիսնակի չորրորդ շաբթուն երբ եօթը մոմերէն չորրորդը վա- ռենք, այս շրջանը կը կոչուի «Յիսնակի Միջինք» որուն յաջորդող ե ր ե ք շ ա բ ա թ ն ե ր ո ւ վ ե ր ջաւորութեան կը հասնինք Սուրբ Ծննդեան տօնին: Այս պահոց շրջանը կը լրանայ, Սուրբ Ծննդեան նախորդող Շաբաթ օր՝ կիրակնամուտին, աղօթքներով մանիշակագոյն վեր- ջին մոմը եւ մէջտեղի ճերմակ մոմը վառելով: Նշանաւոր Դէմքեր Չարլի Չափլին (Չարլզ Սբէնսըր Չափլին) 20-րդ դարու ամենանշանաւոր դերասա- նը համարուող Չարլի Չափլին իր նշանա- ւոր կերպարը ստեղծեց 1915 թուականին որը կոչուեցաւ «ՇԱՐԼՕ»: «Շարլօ»ի կերպարը ունէր կլոր գլխարկ, եղէգէ գաւազան, նեղ բաճկոնակ, շալուա- րանման տաբատ, հնամաշ ու շատ մեծ կօ- շիկներ, քառանկիւն պեխ: Չարլի «Շարլօ»ի կերպարին մէջ ոչ թէ խօսքերով կ’արտայայտուէր այլ շարժու- ձեւերով: Ան՝ զօրաւոր դիմախաղերով կը պարզէր մարդկային զգացումները՝ Բա- րեմիտ, մարդասէր, խորամանկ, դիւրազ- գաց, ճակատագրին յանձնուած «Ազնիւ Անգլիացի»ին բոլոր յատկանիշները: Չարլի Չափլին Անգլիացի դերասանը ծնած է 16 Ապրիլ1889-ին, համեստ ընտա- նիքի մը մէջ: Պզտիկ տարիքին իր ծնողքը բաժնուած են եւ ինք մնացած մօրը քով: Մայրը դերասանուհի մըն էր, նաեւ երգչուհի, հետեւաբար իր օրերը կ’անցնէին թատ- րոնը, մօրը սենեակին մէջ: Օր ըստ օրէ մայրը կը կորսնցնէր իր առողջութիւնը: Հինգ տարեկան էր երբ մայրը ստիպուեցաւ հրա- ժարիլ բեմէն: Չարլի փափաքեցաւ մօրը տեղ բեմ ելլել, թատ- րոնին տէրը համոզուեցաւ եւ այդ գիշեր փոքրիկ Չարլի ելոյթ ունեցաւ, հանդիսատեսները որոտընդոստ ծափահարեցին զինքը: Այդ օրէն սկսեալ դարձաւ բեմի սիրահար: Հետզհետէ կարեւոր դերեր կը ստանձնէր: Չարլի մինչեւ քսանչորս տարեկան ապրեցաւ Անգլիոյ մէջ, ապա ընկերը զինք տարաւ Նիւ Եորք յառաջանալու համար իր ասպարէզին մէջ, ուրկէ անցաւ Հոլիվուտ եւ եղաւ նշանաւոր դերասան մը, դերեր ստանձնելով շարժանկարի երեսուներկու ժապաւէններու մէջ: Շար. էջ 14
  • 11. LUNDI 28 DECEMBRE 2015 & 4 JANVIER 2016 - MONDAY DECEMBER 28, 2015 & JANUARY 4, 2016 • ABAKA • 11 ª"oun=ºe ke patrasth^ Søsi Iskhn;an-~arra Չարլի Չափլին... Շար. էջ 10-էն Ամերիկայի մէջ ան արժանացաւ «Պետական Արուեստագէտ» տիտղոսին: 1923 թուականին ան հիմնեց հոյակապ աշխատա- նոց մը ու դարձաւ շարժանկարի բեմադրիչ: 1929 թուականի առաջին Օսքար մրցանակաբաշխութեան, Չարլի Չափլին թեկնածու էր սոյն մրցանակին, սակայն անոր անունը ջնջուեցաւ թեկնածուներու ցուցակէն եւ իրեն յանձ- նըուեցաւ «Պատուոյ Օսքար» մրցանակը միայն: 1973 թուակա- նին ան շահեցաւ լաւագոյն երաժշտութեան «Օսքար»ը իր «Limelight» ժապաւէնին համար, որը Չարլի իրականացուցած էր 21 տարիներ առաջ սակայն չէր ցուցադրուած Ամերիկայի մէջ: Չափլին մահացաւ Զուիցերիոյ մէջ ութսունութ տարեկանին : Չարլի Չափլինի հոյակապ աշխատանոցը թանգարանի վե- րածուեցաւ: Ակռաներու Առողջապահութիւնը Մարմինը պէտք ունի սնունդի, կանոնաւոր աշխատելու համար, իսկ մարմինը սնուցանելու համար պէտք ունինք ուտե- լու: Ուտելու համար կը գործածենք մեր ակռաները պատառները խածնելու , պատառելու եւ աղալու համար: Մանուկները կ’ունենան միայն 20 ակռայ որոնք կը կոչուին «կաթի ակռաներ», աւելի վերջ այս ակռաները կը թափին, տեղի տալով նոր ակռաներու որոնք կ’ըլլան մեր մնայուն ակռաները: Մնայուն ակռաներու հոգատարութիւնը կը սկսի կաթի ակռա- ներու հոգատարութեամբ, հակառակ պարագային կարելի է ամբողջովին վնասել հետագային բուսնելիք մնայուն ակռանե- րը: Չափահաս անձ մը կ’ունենայ 32 ակռայ: Ակռաները կզակի եւ դունչի ոսկորներուն կապուած են ար- մատներով, անոնք պատուած են կիտուածով: Ակ ռա ն ե ր ո ւ Հո գ ա տ արու- թեան համար պէտք է.- Խոզանակել զանոնք առնը- ւ ա զ ն ե ր կ ո ւ ա ն գ ա մ , ն ախա- ճաշէն ետք եւ գիշերը՝ անկողին մտնելէ առաջ: Չմոռնալ յատուկ թելով եւս մաքրել միջոցները ուր խոզա- նակը չհասնիր: Կանոնաւոր կերպով այցելել ատամնաբուժին, տարին երկու անգամ: Գործածել փափուկ խոզանակ չվնասելու համար կիտուած- ները եւ զանոնք փոխել իւրաքանչիւր ատամնաբուժի այցելու- թեան: Հեռու կենալ շաքար պարունակող վնասակար ուտելիքներէ եւ ըմպելիքներէ: Գիտէ՞ք թէ ... Չինացիները ստեղծած են ակռայի խոզանակները Ք.ա. 1000 թ.ին Թուաբանախաղ Ներկէ թիւերը պահանջուած գոյներով. կանաչ- 15, կարմիր- 12, սեւ-10, նարնջագոյն- 7, բաց կապոյտ- 9, մութ կապոյտ- 14 Ժամանց Օգնէ Կաղանդ Պապուկին հասնելու իր եղնիկներուն