ՔԱՀԼ - ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ՅՈՒԼԻՍ - ՕԳՈՍՏՈՍ 2017
Informative magazine July - August 2017
مجلة كاهل ٢٠١٧
խաչբառ #խաչբառ
Փառքը Աստուծոյ
Ծառայութիւնը Կարօտեալին
Պատիւը Ազգին
CAHL: Center for the Armenian Handicapped in Lebanon
Home for the Armenian Elderly
CAHL has come up with the following Aid Support programs:
Sponsoring the lunch of "One day out of 365 days" of the year, (300 US$)
Adopting an elderly (Annually 1200 US$).
Sponsoring a one day trip for the elderly $500
Donating Any Amount in Any Currency.
(For more details kindly contact CAHL at
961-1-260533; 961-1-260534 or email: cahl.lebanon@gmail.com
3. ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
3
ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց Յանձնախումբը
կազմակերպեց Մայրերու Օրուան նուիր-
ուած ձեռնարկ, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 4
Մայիս 2018-ին, կ.ա. ժամը 11:00-ին, «Լա
Մարինա Քլապ»-ի մէջ, Տպայյէ, նախագա-
հութեամբ Տիկ. Լենա Րագուպեանի:
Սրահը գրաւած էր ազնուափայլ
տիկիններով եւ համեստափայլ օրիորդ-
ներով, որոնք եկած էին ՔԱՀԼ-ի պատս-
պարեալ մամիկները պատուելու իրենց՝
աջակցութեամբ եւ նիւթական օժանդա-
կութեամբ:
Մայր Թերեզա ըսած էր « Հոն ուր մայր կայ՝
ընտանիք գոյութիւն կ′ունենայ»:
ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տունը
գոհունակութիւն ու գէթ ժպիտ մը կը սփռէ անոնց
դէմքին վրայ:
ՔԱՀԼ-ի տնօրէն Պատ. Սեպուհ Թէրզեան, իր
կարգին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց
ներկաներուն եւ Տիկնանց Օժանդակ Յանձնա-
խումբին եւ ՔԱՀԼ-ի պաշտօնէութեան:
Ապա խօսքը փակեց ըսելով մէկ բանի
ընտրութիւն չունիք եւ այդ՝ տարեցներուն նեցուկ
կանգնիլն է:
Բարի գալուստի խօսքը կատարեց ՔԱՀԼ-ի
Տիկնանց Յանձնախումբի ատենադըպ-
րուհին՝ Տիկ. Շաքէ Գարայեան, ան ՔԱՀԼ-ի 10
տարեց մամիկները հրաւիրեց, որ մուտք
գործեն Տիկնանց Յանձնախումբի անդամու-
հիներու ընկերակցութեամբ:
Ան անդրադարձաւ թէ այս
ընտրական շրջանին մէջ
ամէն կողմ ընտրութիւննր կը
կատարուին, մեր կեանքին
մէջ ալ ընտրանքներ կ′ընենք
ինչպէս այսօր դուք ձեր
որոշումով ընտրած էք այս
օրը հոս անցնել:
Ապա ատենապետուհին՝ Տիկ. Սօսի
Մէնտիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկա-
ներուն, մանաւանդ Տիկ. Լենա Րագուպեանի,
շեշտեց մօր կարեւորութեան մասին ըսելով՝ ոչ
ոք կրնայ զայն փոխարինել:
4. 4
Նաեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական
կոկիկ յայտագիր մը մասնակցութեամբ
ջութակահար Յովիկ Գարախանեանի:
Յայտագրի աւարտին, վիճակաձգու-
թեամբ՝ ներկաներէն բախտաւորներ
արժանացան զանազան վաճառատունե-
րու, անհատներու եւ հաստատութիւն-
ներու կողմէ տրամադրուած արժէքաւոր
նուէրներուն:
ՔԱՀԼ-ի տարեց մամիկներուն անունով
շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլորին:
11. 11
ՈՍԿՐԱՓՏՈՒՄԸ ԵՒ ԾԵՐԵՐԸ
Ոսկրափտումը ծերերու մօտ մտահոգութիւն եւ
մղձաւանջ դարձած է՝ ուղեղային տկարացումի,
քաղցկեղի, սրտանօթային հիւանդութիւններու
եւ կաթուածի կողքին...
Գլխաւոր արկածը ոսկրափտումին՝ ոսկորի
կտրուիլն է, ուր վիճակագրութիւնները կու գան
հաստատելու, թէ 90 տարեկանի հասած ծերերուն
մօտ, տղամարդոց 17, իսկ կիներուն 30 % ոսկորի
կոտրուածք ունեցած է:
Ոսկորներու կառոյցին տկարացումը,
ոսկրափտումը եւ անակնկալ սահիլ – իյնալու
յաճախակիութիւնը գլխաւոր պատճառներն են:
Տէ. կենսանիւթին պակասը, մանաւանդ գոց
շրջապատի մէջ արգելափակուած կեանքը՝
զրկուած արեւու ճառագայթներէ, պատճառ կը
դառնան, որ մարմինը չկարենայ Տէ. կենսանիւթ
պատրաստել եւ օգտագործել:
Շաբաթական երկու կամ երեք անգամ արեւու
լոգանքը քսանական վայրկեան տեւողութեամբ
բաւարար է Տէ. կենսանիւթին զարգացման՝
սպիտակամորթ անձերու համար: Իսկ թուխ
մորթ ունեցողները պէտք է քիչ մը աւելի երկար
մնան արեւուն տակ:
Ոսկրափտումը, մասնաւորաբար ծերերու մօտ,
ընդհանրապէս արդիւնք է Տէ. կենսանիւթի
պակասին: Ուստի, երբ բժիշկը ստուգէ
ոսկորներուն տկարացումը, անհրաժեշտ է
ձեռնարկել քննութիւններու՝ ախտաճանաչումը
կատարելու համար: Ոսկորներու տկարացման
պատճառներէն կրնան ըլլալ ներծոր գեղձերը, Տէ.
կենսանիւթի եւ ֆոսֆորի պակասը, քորթիզոնի
կամ այլ դեղերու գործածութիւնը (լուրջ
հիւանդութիւններու դարմանումի ընթացքին),
ծխամոլութիւնը, ալքոլի չափազանցուած
գործածութիւնը, կիրի անբաւարար հայթաթումը
եւ այլն...:
Չափազանց զգոյշ պէտք է ըլլան գլխապտոյտ
ունեցող անձերը: Անոնք պէտք է ճիգ թափեն, որ
չգիրնան եւ ճարպային կուտակումի ենթակայ
չդառնան, որովհետեւ մորթին տակը կուտակուած
աւելորդ ճարպը արեւու ճառագայթներուն արգելք
կ′ըլլայ թափանցելու մորթին մէջ:
Խիստ զգոյշ պէտք է ըլլան ծերերը, որոնք կը
տառապին որոշ հիւանդութիւններէ, ինչպէս՝
ջղամկանային խանգարումներէ, յօդացաւէ, սրտի
անկանոն բաբախումներէ, արեան գերճնշումէ կամ
ոտքի կենալու ատեն արեան ճնշումի նուազումէ,
տեսողութեան խանգարումէ, հոգեկան հիւանդու-
թիւններէ, ինչպէս նաեւ՝ հանդարտեցուցիչ կամ
քնաբեր դեղեր գործածողներ:
Կենսական է, որ ծերեր պարբերաբար հանդիպին
իրենց բժիշկին, ենթարկուին բժշկական
քննութիւններու՝ սովորական տարրալուծարանային
քննութիւներէն մինչեւ մասնագէտ բժիշկներու
կարծիքը, եթէ անհրաժեշտ զգացուի՝ կանխելու
համար աղէտաբեր արկածները:
Ոսկրափտումը կը սկսի քառասուն տարեկանէն, եւ
ստուգուած է, որ անիկա կը զարգանայ տարեկան 1%
համեմատութեամբ:
Դաշտանադադարին, ոսկրափտումի ընթացքը
երեք առ հարիւր է, որ կը շարունակուի եօթը
տարի եւ կը նուազի հետագային: Տէ. կենսանիւթն
ու կիրը կը նուազեցնեն ոսկրափտումի ընթացքը,
եւ բնականաբար՝ ոսկորի կոտրուածքներէն
յառաջ եկող արկածները:
Տէ. կենսանիւթը կը բարելաւէ կիրի ներծծումը
աղիքներու կողմէ, որուն արդիւնքը կ′ըլլայ
ոսկրափտումի նուազումը:
Իբրեւ եզրակացութիւն, տարեց անձերու կը
թելադրուի ըլլալ ժուժկալ, չգիրնալ, զգուշանալ
մոլութիւններէ, հետեւիլ իրենց ընտանեկան
բժիշկին խորհուրդներուն եւ չբաւարարուիլ
միայն քանի մը շաբաթ Տէ. կենսանիւթ առնելով,
այլ՝ շարունակել:
Այս հատուածը առնուած է
Տոքթ. Զաքար Մկրեանի գիրքէն՝
«Վկայութիւն եւ պատգամ»
12. 12
Ա Բ Գ Դ Ե Զ Է Ը Թ Ժ
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
ԽԱՉԲԱՌ ԹԻՒ 248
ՀՈՐԻԶՈՆԱԿԱՆ
ՈՒՂՂԱՀԱՅԵԱՑ
1. Հայ կուրանոցը հո՛ն հիﬓուեցաւ - Հաշմանդամ:
2. Հայ նահապետ - Արցախի քաղաքներէն:
3. Պատերազմական գործողութիւններու դադար:
4. Հաﬔմաբոյս մը - Ածականակերտ մասնիկ:
5. Ձեւուած օրինակ:
6. Աւազան - Նուագարանի թել - Եղանակաւորիչ մակբայ:
7. Միջերկրականեան կղզի - Լծորդութիւն
8. Անծայր՝ կողոպուտ - Հովի ձայն (Հակ.):
9. Արական անուն - Թռչուն որսալու մածոյց:
10. Լիբանանահայ օրաթերթ - Թաղիք:
11. Կիսուած՝ գրաստի կօշիկ - Կամայական:
12. Խոկուﬕ եւ ինքնամփոփուﬕ ձեւ - Ձայնակից տառեր
- Կրկնուած ձայնաւորներ:
13. Խօսքի ձեւ - Դէպք կամ բացուածք:
14. ՔԱՀԼ- ի պատսպարեալներէն:
15. Բրդեղէն - Խոնարհ, հնազանդ:
Ա. Հայ Մանկագիր (1840-1911):
Բ. Հայաստանի Հնավայրերէն - Անիի անկումէն ետք՝ դէպի Կիլիկիա
ուղղուած հայ զօրավարը:
Գ. Զգեստի զարդ - Պաղեստինեան քաղաք - Աղջիկ:
Դ. Հասկնալի - Թագաւոր:
Ե. Սարսրալ - Բազմութիւն - Մազեղ, ձարի:
Զ. Շփոթիլ, այլայլիլ - Գիր - Այբուբենէն:
Է. Մէգ, մշուշ - Հաստատական - կապոց:
Ը. Այծեձագ - Կրկնուած ձայնաւորներ - Թանկարժէք ﬔտաղ -
Որոշուած գին:
Թ. Իրերայաջորդ տառեր - Գործատեղի:
Ժ. Թռչունի աղբ - Բոսոր - Կէս՝ Թշուառ - Ուղտափուշ:
ԹԻՒ 247 ԽԱՉԲԱՌԻ
ԼՈՒԾՈՒՄ
Մ Ի Ք Ր Ո Ն Ե Զ Ի Ա
Ր Ե Ն Ա Կ Ա Ն
Ա Ր Ս Ս
Յ Ի
Կ Ի Շ ԱՀ Ո Ր
Ն Ի Ս
Է Ր Ի Կ Բ Ա Լ Ի Շ
Ա Ր Մ Ա Տ Ա
Ր Է
Ւ Ե
Ք Գ
Ա Զ Ն
Ա Ւ Ա Գ
Մ Ա Թ
Ո Մ Ն
Տ Ա Ծ
Ա Ր Ա
Դ Պ Ի Ր Ս Ա Ր Ա Կ
Ա Ն Կ Ա Ն Է
Թ Ա Փ Ա Ռ Ի Կ
Կ Ր Թ Ա Ր Ա Ն
Ժ Ա Մ Ա Հ Ա Ր
Ա Ր Ա Ծ Ա Ն Ի
Թ Ա Ռ Ա Ն Չ
Ա Բ Գ Դ Ե Զ Է Ը Թ Ժ
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
՛
Օ
Տ
ՓԱ
13. 13
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայ Առաքելական Եղբայրասիրաց
Տիկնանց Միութեան այցը
Institut Gretta- էն մաքրեցին ու գեղեցկացուցին մամիկներուն եղունգներն ու դէմքերը:
Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ
Տիկնանց Միութեան այցը
Հ. Հ. Սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու
բաժինի պետ Էլիզ Գէորգեան եւ տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան բաժինի
աշխատակից Սոնա Մկրտչեան այցելեցին «ՔԱՀԼ» եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան հետ:
14. 14
Հ.Բ.Ը.Մ. ՊՕՂՈՍ Գ. ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ
ՀԱՅ ԱՒԵՏ. Փ. ԵՒ Է. ԹՈՐՈՍԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
7-ՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՆ ԱՅՑԸ
Հինգշաբթի, 10 Մայիսին ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ.
Կարմիրեան Վարժարանի Զ., Է. եւ Ը. կարգերու
աշակերտները Մայրերու տօնին առիթով այցելեցին
ՔԱՀԼ, ուրախացնելու տարեցները:
Հայ Աւետ. Փ. Եւ Է. Թորոսեան Վարժարանի 7-րդ
դասարանի աշակերտները չմոռցան շնորհաւորել
հայ մամիկներուն Մայրերու տօնը նուիրելով՝
ծաղիկներ եւ փունջ մը երգեր ու բանաստեղծու-
թիւններ:
Պատանիները շրջելով սենեակները մտերմիկ ու
հաճելի զրոյց ունեցան տարեցներուն հետ, եւ
ծանօթացման զուգահեռ՝ անոնք կարկանդակ ալ
հիւրասիրեցին, աւելի քաղցրացնելով մթնոլորտը:
Անոնք ծերունիներուն հրամցուցին անուշեղէնի
համեստ հիւրասիրութիւն մը: ժպտադէմ արտայայ-
տութիւններով երգեցին եւ աղօթեցին հոգեկան մեծ
գոհունակութիւն պարգեւելով բոլորին:
15. 15
Գերմանիայէն Christina Kuhn –ի եւ Frank Al
Banany-ի այցը Joyce Khoury Eid-ի
ընկերակցութեամբ, ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան
ՌԱԿ-ի Շուշան Վարդենի Ակումբի
Տիկնանց Միութեան այցը
Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան այցը
ընկերակցութեամբ՝ Հայր Խաչիկ Վրդ.
Active Advocacy of Communities for Tomorrow եւ Boston Scientific Corporation,
այցելեցին ՔԱՀԼ եւ նուիրեցին մեծ քանակութեամբ ուտեստեղէնի տեսականի
եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, մտերմիկ զրոյցներ ունեցան տարեցներուն հետ, եւ հոգատարութեամբ
կերակրեցին անկողինի ծառայողները, ապա կարկանդակով քաղցրացուցին անոնց քիմքերը:
16. ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Յիշեցէ՛ք հայ ծերունիները տարուան
365 օրերէն օր մը, ստանձնելով
օրուան մը ճաշի ծախսը՝ 300 աﬔրիկեան տոլար
Ուրախացու՛ր տարեցները,
անոնց օրուան մը ճաշի եւ պտոյտի ծախսերը
ստանձնելով ՝ 500 աﬔրիկեան տոլար
ՈՒՐԱԽԱՑՈՒ՛Ր ՏԱՐԵՑՆԵՐԸ
ՈՐԴԵԳՐԵՑԷ՛Ք ՀԱՅ ԾԵՐՈՒՆԻ ՄԸ
Որդեգրեցէ՛ք հայ ծերունի մը, մասնակցելով
անոր կեցութեան ու խնամքի ծախսին՝
տարեկան 1200 աﬔրիկեան տոլար
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ՝